Յունիս 21ին, Մ.Ա.Կ.ի հրապարակած զեկոյցին համաձայն՝ 2050 թուականին, Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի կազմէ շուրջ 2 միլիոն 700 հազար մարդ: Նոյն զեկոյցին համաձայն՝ 2100 թուականին Հայաստանի բնակչութեան թիւը աւելի պիտի նուազի՝ դառնալով 1 միլիոն 849 հազար:
Լրագրող Տաթեւ Դանիէլեան կը յայտնէ, որ Մ.Ա.Կ.ի կանխատեսումները, փաստօրէն, չեն համընկնիր նախագահ Սերժ Սարգսեանի տեսլականին հետ: Մայիս 18ին, Ազգային ժողովին մէջ նախագահը յայտարարեց, որ 2040ին բնակչութեան թիւը պէտք է հասնի 4 միլիոնի:
Դանիէլեան կը նշէ, որ պաշտօնական կանխատեսումները եւս կը փաստեն, որ նախագահի սպասումները անիրականանալի են:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Վանիկ Բաբաջանեան ներկայացուցած է թէ՛ յոռետեսական եւ թէ լաւատեսական կարելիութիւնները: Ըստ Բաբաջանեանի՝ երբ աղքատութեան ու արտագաղթի աճին զուգահեռ նուազին նաեւ տնտեսական զարգացման ցուցանիշները, 2050 թուականին Հայաստանի մէջ ապրողներուն թիւը կրնայ 2 միլիոն 300 հազար մարդ ըլլալ: Իսկ լաւագոյն պարագային, երկրի բնակչութիւնը կամ կ՛աճի ոչ-էական չափով, «ասենք՝ 3 մլն. 22 հազար», կամ՝ ընդամէնը կը պահպանուի այսօրուան ցուցանիշը:
Հնարաւո՞ր է 2040ին Հայաստան ունենայ 4 միլիոն բնակչութիւն. այս հարցումին Վանիկ Բաբաջանեան այսպէս պատասխանած է.- «Նման սցենար (բեմագրութիւն) հնարաւոր է միգրացիոն (ներգաղթի) որոշակի հոսքեր ապահովելու դէպքում»:
Մ.Ա.Կ. կը նախատեսէ Հայաստանի բնակչութեան թիւի նուազում
Մ.Ա.Կ. կը նախատեսէ Հայաստանի բնակչութեան թիւի նուազում