Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նա­խա­գահ Թ­րամփ ո­գի ի բռին լծո­ւած է իր նա­խոր­դին՝ դե­մոկ­րատ Օ­պա­մա­յի կող­մէ ա­րա­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ու ո­րո­շում­ներ ջնջե­լու եւ «­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հա­մար ա­ւե­լի լաւ պայ­ման­նե­րով հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ու կա­ցու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու» մո­լուց­քի մը։
­Թո­ւենք մէկ քա­նին.
— Ծ­րա­գիր՝ ջնջե­լու «Օ­պա­մա ­Քէր»ը, զայն փո­խա­րի­նե­լու հա­մար «Թ­րամփ ­Քէր»ով։
— Հ­րա­ժա­րում՝ կեն­սո­լոր­տի հա­մաշ­խար­հա­յին տագ­նա­պին լու­ծում-դար­ման խոս­տա­ցող ­Փա­րի­զեան ­Հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն։
— Ետ­դարձ ­Քու­պա­յի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բա­րե­լա­ւե­լու ճամ­բայ բա­ցող հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն։
— Ետ­դարձ՝ Ի­րա­նի հետ բա­րեշր­ջա­կան ու­ղիէն։
— Ջն­ջում՝ ­Տա­քո­թա­յի քա­րիւ­ղա­տար խո­ղո­վա­կա­շա­րի ծրա­գի­րը առ­կա­խող Օ­պա­մա­յի ո­րո­շու­մին։ ­Խո­ղո­վա­կը ար­դէն կը բա­նի։
Այս բո­լո­րին դի­մաց, եւ հա­կա­ռակ ­Քա­թա­րի ու ա­րա­բա­կան շարք մը եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ փո­թո­րիկ եւ խրա­մատ գո­յաց­նող վեր­ջին շա­բաթ­նե­րու ծա­նօթ ի­րա­դար­ձու­թեանց՝ լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու տե­ղի ու­նե­ցան կարգ մը զար­գա­ցում­ներ, ո­րոնք ըստ էու­թեան ճամ­բայ ե­լած էին Օ­պա­մա­յի իշ­խա­նու­թեան օ­րե­րուն եւ չազ­դո­ւե­ցան յի­շեալ փո­թո­րի­կէն։
Ա­մե­րի­կեան լրա­տու աղ­բիւր­ներ միայն հպան­ցիկ կեր­պով ար­ձա­գան­գե­ցին այն հա­մա­ձայ­նա­գի­րին, որ քա­թա­րեան փո­թո­րի­կէն քա­նի մը օր ետք ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ ­Քա­թա­րի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ, ըստ ո­րուն՝ Ո­ւա­շինկ­թըն ա­ւե­լի քան 20 մի­լիառ տո­լա­րի զի­նա­կան ար­տադ­րու­թիւն­ներ պի­տի ծա­խէ ­Քա­թա­րի, ա՛յն երկ­րին, զոր Թ­րամփ եւ ա­նոր ձեռ­քը ճպոտ մը տո­ւող­նե­րուն են­թա­կայ «նո­ւա­գա­ծու­նե­րը» ամ­բաս­տա­նե­ցին ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց թի­կունք կանգ­նե­լու եւ Ի­րա­նին հետ բա­րի դրաց­նու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու յան­ցանք­նե­րով, պահ մը աշ­խար­հը մո­լո­րեց­նե­լով այն են­թադ­րու­թեամբ, որ այս բո­լո­րին նպա­տա­կը միայն Ի­րա­նը ճնշել է։
­Տա­կա­ւի՛ն. սա նոյն ­Քա­թարն է, որ կը հիւ­րըն­կա­լէ ա­մե­րի­կեան նա­ւա­տոր­մի մէկ բա­ժի­նը եւ 10.000 ա­մե­րի­կա­ցի զի­նո­ւոր։
­Հի­մա ոչ ոք կ­’ու­զէ յի­շել կամ յի­շեց­նել, թէ ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա իր այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն, նոյ­նինքն Թ­րամփ յայ­տա­րա­րած էր, որ «գե­ղե­ցիկ զէն­քեր պի­տի ծա­խենք ­Քա­թա­րին», եւ՝ այն­պի­սի ո­ճով, որ հայր մը կը գոր­ծա­ծէ իր զա­ւակ­նե­րուն ա­ղո­ւոր խա­ղա­լիք­ներ կամ ա­նու­շե­ղէն խոս­տա­նա­լու ա­տեն։
­Ծա­նօթ է, որ ­Քա­թա­րի եւ ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հետ Թ­րամփ հա­մա­ձայ­նու­թեան ե­կաւ շուրջ 110 մի­լիառ տո­լա­րի զի­նա­կան ար­տադ­րու­թիւն­ներ ծա­խե­լու նպա­տա­կով։
­Նոյն օ­րե­րուն, ­Մա­րո­քի հետ ալ 23 ­Մի­լիառ տո­լա­րի պայ­մա­նագ­րու­թիւն մը գո­յա­ցած է, բնա­կա­նա­բար զէն­քի, եւ ոչ թէ խնձո­րի կամ պա­նա­նի ա­ռու­ծա­խի մա­սին։
­Թո­ւենք քա­նի մը «ման­րուք». Ֆ­րան­սա, Բ­րի­տա­նիա եւ այլ ար­տադ­րող­ներ «պոչ բռնած են» նոյն գան­ձա­նակ­նե­րէն ի­րենց զի­նա­նոց­նե­րուն շահ ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով։ Ու­րիշ «ման­րուք» մըն ալ այն է, որ Թ­րամ­փի կա­ռա­վա­րու­թեան պիւտ­ճէին մէջ 54 մի­լիառ տո­լա­րի յա­ւե­լում ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­մար, կրճա­տում­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցան հան­րօ­գուտ բա­ժին­ներ. զէն­քի վա­ճառ­քէն գո­յա­նա­լիք ե­կա­մուտ­նե­րուն մե­ծա­գոյն բա­ժի­նը պի­տի հո­սի այդ ըն­կե­րու­թեանց, եւ ո՛չ թէ պե­տու­թեան գան­ձա­նա­կին մէջ, աշ­խա­տա­ւոր­նե­րուն պի­տի հաս­նին փշրանք­ներ (իսկ նա­խա­գա­հին ծրա­գիր­նե­րը կը նպա­տա­կադ­րեն կրճա­տել մեծ շա­հեր ա­պա­հո­վող­նե­րուն շա­հա­տուր­քե­րը…)
Չ­մոռ­նանք նաեւ, որ սէուտ­ցի­նե­րուն տրա­մադ­րո­ւած զէն­քե­րը, մի՛շտ ո­ւա­շինկ­թը­նեան մե­քե­նա­յու­թեանց ազ­դե­ցու­թեան տակ, կը գոր­ծա­ծո­ւին Ե­մէ­նը քան­դե­լու եւ ա­նոր բնա­կիչ­նե­րը ­Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ ­Լի­պիոյ բնա­կիչ­նե­րուն ճա­կա­տա­գի­րին մատ­նե­լու հա­մար, նման սպանդ­նե­րու եւ ա­ւե­րում­նե­րու վե­րա­բե­րող պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րու հե­ղեղ­ներ կը տա­րա­ծո­ւին լրա­տու մի­ջոց­նե­րու կող­մէ, իսկ ան­դին, ո­ճիր­նե­րու իս­կա­կան բոյն հան­դի­սա­ցող ­Թուր­քիոյ կը վի­ճա­կո­ւի… ­Քա­թա­րի ի նպաստ բա­րե­րար դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն խա­ղալ, նոյ­նինքն յե­տին բե­մադ­րիչ­նե­րուն կող­մէ։
­Վե­րո­յի­շեալ զար­գա­ցում­նե­րը ի­րենց դի­մաց ու­նե­ցան «գլխապ­տոյտ ու շո­ւա­րում պատ­ճա­ռող» ար­ձա­գանգ­ներ։
Օ­րի­նա­կի հա­մար, Թ­րամ­փի ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ­Քա­թար-ա­րա­բա­կան եր­կիր­ներ հա­կադ­րու­թիւ­նը հրահ­րող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն դի­մաց, լսե­ցինք ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հաշ­տա­րար յոր­դոր­նե­րը (եւ­րո­պա­ցիք այլ հա­շիւ­նե­րով նման յոր­դոր­ներ ուղ­ղե­ցին ա­րաբ­նե­րուն)՝ հարց ստեղ­ծե­լով, թէ ի վեր­ջոյ ար­դեօք Ս­պի­տակ ­Տան պե­տի՞ն պէտք է հա­ւա­տալ, թէ՞ իր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին։

***
­Հարց չծա­գե­ցաւ, թէ Թ­րամփ ին­չո՞ւ ետ­դարձ կ­’ը­նէ Օ­պա­մա­յի օ­րով կնքո­ւած կարգ մը հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րէ, մինչ­դեռ ան­շե­ղօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ այլ հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու ու­ղին։
­Փաս­տօ­րէն, մամ­լոյ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հաս­տա­տեն, որ ­Քա­թա­րի հետ ա­ւե­լի քան 20 մի­լիառ տո­լա­րի զէն­քի վա­ճառ­քի յի­շեալ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը գո­յա­ցած է Օ­պա­մա­յի իշ­խա­նու­թեան օ­րով, ­Նո­յեմ­բեր 2016ին, իսկ այդ նպա­տա­կով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ու­նին բա­ւա­կան եր­կար ան­ցեալ, բա­ցո­ւած են 2012ին։ ­Քա­թա­րը Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մար վստա­հե­լի այն եր­կիրն էր, որ 9 ­Սեպ­տեմ­բեր 2001ի «աշ­խար­հա­ցունց ա­րարք­ներ»էն ետք, ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րը ըն­դու­նեց իր հո­ղե­րուն վրայ, երբ դրա­ցի­նե­րուն մօտ վա­նո­ղա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ զար­գա­ցած էին…
Այս բո­լո­րէն կա­րե­լի է դիւ­րու­թեամբ հե­տե­ւու­թիւն­ներ հա­նել. եւ աս­կէ-ան­կէ սպրդող տե­ղե­կու­թիւն­ներն ալ կը հաս­տա­տեն այս բա­ցա­յայտ «գաղտ­նի­քը»։ Ս­պի­տակ ­Տան պե­տը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ո­րո­շում տա­լու ան­կա­րող է, այլ գոր­ծադ­րողն է ո­րոշ շա­հե­րու տէ­րե­րու թե­լադ­րանք­նե­րուն, իսկ կարգ մը ո­րո­շում­ներ ալ կու տայ ի նպաստ իր հա­կակ­շի­ռին են­թա­կայ ըն­կե­րու­թեանց, ինչ­պէս որ է պա­րա­գան ­Քու­պա­յի հետ գոր­ծակ­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու քայ­լին։
­Կը տե­ղե­կագ­րո­ւի, օ­րի­նակ, թէ ­Քա­թա­րի հետ կնքո­ւած պայ­մա­նագ­րու­թիւ­նը կ­’իյ­նայ զի­նո­ւո­րա­կան օ­դա­նա­ւեր ար­տադ­րող­նե­րուն նպաս­տե­լու սիւ­նա­կին մէջ եւ կը մա­տու­ցո­ւի աշ­խա­տան­քի 60.000 տեղ ստեղ­ծե­լու «բա­րիք»ով։
­Քա­թա­րը, ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան ու դրա­ցի­նե­րը ար­դիա­կան զէն­քե­րով եւ օ­դա­նա­ւե­րով օժ­տե­լու պայ­մա­նագ­րու­թիւն­ներն ալ կը պատ­ճա­ռա­բա­նո­ւին «շրջա­նի կա­յու­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու» նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ. լու­սար­ձա­կա­ներ չեն գրա­ւեր այն ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, թէ ­Ծո­ցի եր­կիր­ներ հո­սող զէն­քե­րը կա՛մ կը գոր­ծա­ծո­ւին, եւ միշտ ծա­խո­ղի՛ն ներշն­չու­մով, Ե­մէ­նի պէս թշո­ւառ եր­կիր­ներ քան­դե­լու եւ ա­պա­կա­յու­նաց­նե­լու նպա­տա­կով (իբ­րեւ թէ «Եր­ջա­նիկ Ա­րա­բիա»ն գտ­նո­ւէր մո­լո­րա­կին մէկ այլ շրջա­նին մէջ, կապ չու­նի «­Ծո­ցի շրջա­նի կա­յու­նու­թեան» հետ), կամ ալ, ըն­դու­նին կամ ոչ՝ ­Թուր­քիոյ ճամ­բով կը հաս­նին Ի­րա­քը, ­Սու­րիան եւ մին­չեւ Ե­գիպ­տո­սը ա­հա­բե­կող «ոճ­րա­գործ խմբա­ւո­րում­նե­րուն», ո­րոնց դէմ ընդ­հա­նուր պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած են մէկ կող­մէ՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հագ­ներ ու դաշ­նա­կից­նե­րը, եւ միւս կող­մէ՝ ­Ռու­սիա եւ հա­մա­խոհ­նե­րը, այ­սինքն՝ ա­ւան­դա­կան ա­խո­յեան­նե­րը։
­Յե­տին բե­մին վրայ տե­ղի ու­նե­ցող այս ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար կոր­սո­ւած են «փո­շիին» տակ այն փո­թո­րիկ­նե­րուն, ո­րոնք օր ա­ւուր կը ստեղ­ծո­ւին բե­մին յա­ռա­ջա­մա­սին։ ­Ռու­սե­րուն հետ Թ­րամ­փի են­թադ­րեալ գոր­ծակ­ցու­թեան, ­Քո­միի պաշ­տօ­նան­կու­թեան, պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հար­ցապն­դում­նե­րուն եւ դեռ, նա­խա­գա­հին «ճըւ­ճը­ւա­ցող» հա­ղոր­դում­նե­րուն – Tweets – ­մա­սին լու­րե­րը շատ ա­ւե­լի տեղ կը գրա­ւեն ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, պար­տադ­րա­բա՛ր այդ­պէս կ­’ըլ­լայ, քան զան­գո­ւած­նե­րու ապ­րուս­տի պայ­ման­նե­րուն հետ կապ ու­նե­ցող իս­կա­կան հար­ցե­րու յանձ­նան­ձու­մին ու լու­ծում­նե­րու ո­րոն­ման փոր­ձե­րը։
­Հոն ալ խառ­նաշ­փոթ վի­ճակ ստեղ­ծող տեղ­կու­թիւն­ներ հար­ցա­կան­ներ կը գծեն նա­խա­գա­հին եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րուն ա­տա­կու­թեան, մտա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ու իս­կա­կան դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։
Օ­րի­նա­կի հա­մար, ­Յու­նիս 16ին, Թ­րամփ հաս­տա­տեց, թէ «ռու­սե­րուն հետ գոր­ծակ­ցու­թեան» ծա­նօթ հար­ցին պատ­ճա­ռով, ինք կը հե­տա­խու­զո­ւի, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ «ամ­բաս­տա­նեալ» ­Քո­մին հա­ւաս­տած էր, որ նա­խա­գա­հը ուղ­ղա­կի թի­րախ չէր, իսկ ա­նոր յա­ջոր­դը կը մնայ քիչ մը լուռ ու վե­րա­պահ։ ­Յա­ջորդ օ­րե­րուն, նա­խա­գա­հին ի­րա­ւա­բան­նե­րը գրա­ւե­ցին պատ­կե­րաս­փիւ­ռի պաս­տառ­նե­րը, հա­ւաս­տե­լու հա­մար, որ նա­խա­գա­հը հե­տապնդ­ման են­թա­կայ չէ, ո­րո­վե­հետւ «ե­թէ ըլ­լար, մեզ տե­ղեակ պա­հած կ­՛ըլ­լա­յին»։
Ո­րոշ աղ­մուկ բարձ­րա­ցու­ցած է եւ ու­շագ­րաւ դար­ձած է այլ զար­գա­ցում մը. շուրջ 200 խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ կ­’ու­զեն դա­տա­րան տա­նիլ նա­խա­գա­հը՝ զայն ամ­բաս­տա­նե­լով օ­տար­նե­րէ կա­շառք ստա­ցած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով (մե­ղադ­րան­քը կա­շառք բա­ռը չի գոր­ծա­ծեր, այլ քա­ղա­քա­վար տար­բե­րակ մը. նա­խա­գա­հը գու­մար­ներ ստա­ցած է օ­տար­նե­րէ, ի նպաստ իր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն, ա­ռանց խորհր­դա­րա­նը տե­ղեակ պա­հե­լու…)։
Իսկ թէ ի՞նչ ճա­կա­տա­գիր կը սպա­սէ ա­նոնց, ո­րոնք ակն­դէտ կը սպա­սեն ա­ռող­ջա­կան ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն ու­նե­նա­լու կամ ապ­րուս­տի այլ հար­ցե­րու, կրթա­կան, կեն­սո­լոր­տի եւ այլ հրա­տապ տագ­նապ­նե­րու դար­մա­նու­մին, այդ բո­լո­րը քշո­ւած են լու­սանց­քի վրայ, կամ՝ կոր­սո­ւած են «բա­զում աղ­մուկ վասն ո­չին­չի» տրա­մա­բա­նու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան ե­տին։

***
Եզ­րա­կա­ցու­թի՞ւն։
Թշ­նա­մանք­նե­րու մա­սին փո­թո­րիկ­նե­րը սնա­մէջ են. այ­սօ­րո­ւան տագ­նապ­նե­րուն ե­տին պէտք է փնտռել մաս­նա­կի, եւ ոչ ան­պայ­ման ո­րոշ պե­տու­թեան մը շա­հե­րը, ո­րով­հե­տեւ բե­մի յա­ռա­ջա­մա­սին իբ­րեւ ա­խո­յեան ներ­կա­յա­ցող­ներ վա­րա­գոյ­րի ե­տին սերտ գոր­ծա­կից­ներ են, հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը ար­տա­ցո­լա­ցումն են ի­րա­րու մրցա­կից մեծ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած չեն այս կամ այն երկ­րի-պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րով։
Ե­թէ ոճ­րա­յին ծրա­գիր­նե­րու մէջ այս կամ այն պե­տու­թիւ­նը ու­նի ո­րոշ դեր-բա­ժին, փո­շի­նե­րէն ան­դին տես­նել նման ծրա­գիր­նե­րու բուն հե­ղի­նակ­ներն ու քա­ջա­լե­րող­նե­րը, ո­րոնք, ի դէպ, ուշ կամ կա­նուխ կը ստա­նան հա­կա­հա­րո­ւած­ներ, սա­կայն ա­նոնց հա­մար ի­րենց կեան­քով կը վճա­րեն ան­մեղ զան­գո­ւած­ներ։