ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ա­մէն ան­գամ, որ կը խո­կամ ­Մա­յիս 28-ի ան­կա­խու­թեան մա­սին եւ մտա­ծումս կը կեդ­րո­նացնեմ ա­նոր վրայ, չեմ կրնար ինձ­մէ վա­նել փոր­ձու­թիւ­նը՝ բաղ­դա­տա­կան մը ը­նե­լու այդ ա­տե­նո­ւան մեր ռազ­մա­կան թէ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րուն եւ այ­սօ­րո­ւան­նե­րուն, այ­սինքն անց­նող ե­րե­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պե­տա­կան բարձր դիր­քեր զբա­ղեց­նող պաշ­տօ­նա­տար այ­րե­րու մի­ջեւ:
­Կը դժո­ւա­րա­նամ նմա­նու­թեան եզ­րեր գտնե­լու՝ թէ’ քա­ղա­քա­կան եւ թէ’ յատ­կա­պէս բա­րո­յա­կան վար­քագ­ծի ա­ռում­նե­րով, ո­րոնց յատ­կա­նի­շե­րուն վրայ է գե­րա­զան­ցա­պէս, որ ղե­կա­վար­ներ տեղ կ­՚ա­պա­հո­վեն ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան մէջ եւ ի­րենց­մով ալ կը դրոշ­մեն ի­րենց ժա­մա­նա­կաշրջա­նը:
­Պայ­ման­նե՞­րը: ­Թէեւ պայ­ման­նե­րը տար­բեր էին, բայց հիմ­նա­կա­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դրո­ւած­քը ան­փո­փոխ է, այ­սինքն այն, որ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րը ոչ միայն մեր բա­րի­քը ցան­կա­ցող չեն, այլ նոյ­նիսկ ­Հա­յաս­տան կո­չո­ւած երկ­րի գո­յու­թեան սպառ­նա­լիք են:
Այ­սօ­րո­ւան­նե­րուն ժա­մա­նա­կա­կից ենք եւ քիչ-շատ ծա­նօթ կամ լսո­վի՝ ա­նոնց վար­քին, ը­րած­նե­րուն եւ չը­րած­նե­րուն: Ո­րով, պա­հիկ մը միա­սին կեդ­րո­նա­նանք ­Մա­յիս 28-ի ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դին վրայ՝ շատ հպան­ցիկ վե­րա­քա­ղը ը­նե­լով այն մեծ ու պատ­մակ­շիռ գոր­ծին եւ ա­նոնց քա­ղա­քա­կան ու բա­րո­յա­կան վար­քագ­ծին:
­Հայ­րե­նիք ու թա­գա­ւո­րու­թիւն կորսն­ցու­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դը շատ եր­կա՜ր դա­րեր ստրկա­նա­լէ, նուաս­տա­ցած կեանք մը քաշկռ­տե­լէ եւ ի լրումն՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւե­լէ ետք պի­տի կար­ծո­ւէր, թէ վերջ գտած է հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը:
­Բայց ա­հա շնոր­հիւ այդ սե­րուն­դին, հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան օ­րե­րէն ար­դէն հայ մար­դը դա­րե­րով թմրած իր ջի­ղե­րուն վրայ պրկում­ներ ու­նե­ցաւ եւ մոռ­ցո­ւած ար­ժէք­ներ՝ «ա­զա­տու­թիւն», «ան­կա­խու­թիւն», «հայ­րե­նիք», «պե­տու­թիւն» բա­ռե­րը պայ­քա­րի դրօշ դառ­նա­լէ ետք, 1918 թո­ւա­կա­նի ­Մա­յիս 28-ին յան­գե­ցան ի­րա­կան դրօ­շի, ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քի եւ պե­տա­կա­նու­թեան: Եւ այս բո­լո­րը՝ ո­չին­չէն: ­Գաղ­թա­կա­նու­թեան, սո­վի ու հա­մա­ճա­րակ հի­ւան­դու­թեանց պայ­ման­նե­րու մէջ: ­Մինչ այ­սօ­րո­ւան­նե­րը պատ­մու­թեան մէջ մուտք գոր­ծե­ցին պե­տա­կա­նու­թիւն, կա­ռա­վա­րա­կան, տնտե­սա­կան ու կրթա­կան են­թա­կա­ռոյց­ներ ու­նե­նա­լով ի­րենց տրա­մադ­րու­թեան տակ: Ա­րիւ­նով հայ­րե­նիք կեր­տե­լէ ետք ­Մա­յի­սի սե­րուն­դը կրցած էր նաեւ վրի­ժա­ռու գնդակ­նե­րով զգետ­նել ցե­ղաս­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը:
Բ­նա­կան էր, որ սո­վա­հար ու ա­րիւ­նա­քամ ե­ղած հայ­րե­նիք մը պի­տի չկա­րե­նար ստեղ­ծել այն­պի­սի հզօր բա­նակ, որ ի­րա­կա­նաց­նէր միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նը, բայց ա­րիւ­նա­քամ այդ հայ­րե­նի­քը կրցաւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յաղ­թա­նա­կով մը ձեռք ձգել ­Սեւ­րով քար­տի­սագ­ծո­ւած միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նը, որ որ­քան ալ նկա­տո­ւի թուղ­թի վրայ, վեր­ջին հա­շո­ւով ան չի դադ­րիր կազ­մե­լէ ու­րո­ւագծա­յին հիմ­քը այ­սօ­րո­ւան ու վա­ղո­ւան ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն:
­Մինչ նոր ղե­կա­վար­նե­րը անց­նող տա­րի­նե­րուն կրնա­յին, բայց չկազ­մե­ցին բա­ւա­կա­նա­չափ հզօր բա­նակ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան սե­ղան­նե­րու շուրջ յաղ­թա­նակ չու­նե­նա­լէ ետք, պար­տո­ւե­ցան նաեւ պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ եւ հայ­րե­նա­կան հո­ղե­րու կո­րուս­տէն ետք պար­տու­թեան փաս­տա­թուղթ ստո­րագ­րե­ցին: Իսկ հի­մա փո­խա­նակ մէկ բռունցք դառ­նա­լով կա­ցու­թիւ­նը յե­ղաշր­ջե­լու, ա­ղո­ւոր կար­գա­խօս­նե­րով փա­թե­թա­ւո­րած՝ կ­’եր­թանք այդ տխրահռ­չակ փաս­տա­թուղ­թը նո­ւի­րա­կա­նաց­նե­լու:
­Մեր բո­վան­դակ պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով էր, որ ­Մա­յիս 28-ով կեր­տո­ւե­ցաւ քա­ղա­քա­ցի հայ մար­դը ա­ռանց սե­ռի ու բնա­կա­վայ­րի խտրու­թեան: ­Մինչ վե­րան­կախ­ցու­մով ազ­գի 2/3 համ­րան­քը կազ­մող սփիւռ­քի հա­յե­րը ո­րա­կո­ւե­ցան ու հա­մա­րու­ցան օ­տա­րերկ­րա­ցի­ներ: ­Մին­չայժմս՝ 30 տա­րի վերջն ալ, «հայ քա­ղա­քա­ցի» հաս­կա­ցու­թեան քաշկռ­տու­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի իր տար­բե­րակ­նե­րով:
­Մա­յիս 28-ի ան­կա­խու­թիւ­նը, ինչ­պէս եւ ­Սեպ­տեմ­բե­րի վե­րան­կա­խա­ցու­մը ծնունդ ա­ռին յաղ­թա­կան պա­տե­րազմ­նե­րու բո­վին մէջ: Ա­ռա­ջի­նը՝ ­Սար­դա­րա­պատ, ­Բաշ Ա­բա­րան, ­Ղա­րա­քի­լի­սէ, երկ­րոր­դը՝ Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մարտ: Եր­կու­քին ալ տե­ւո­ղու­թեան՝ մին՝ եր­կու, միւ­սը ե­րե­սուն տա­րի, եր­կի­րը գտնո­ւե­ցաւ մնա­յուն պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի մէջ:
Ա­ռա­ջի­նի պա­րա­գա­յին ղե­կա­վար տար­րը ապ­րե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դին հետ եւ ժո­ղո­վուր­դին պէս թշո­ւառ պայ­ման­նե­րու մէջ, զրկո­ւած՝ կեն­սա­կան կա­րի­քէ: Երկ­րոր­դին հա­մար չենք կրնար նոյ­նը ը­սել:
Ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տէն վերջ մա­յի­սեան սե­րուն­դի ղե­կա­վար­նե­րը երբ սփիւռք ան­ցան, նոյ­նիսկ ա­նոնց ա­մէ­նէն կար­կա­ռուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յատ­կան­շո­ւե­ցան ի­րենց հա­մեստ կեն­սա­ձե­ւով: Օ­րա­պա­հի­կի մը հա­մար նա­խա­րար-վար­չա­պետ դար­ձան վար­ժա­պետ, նախ­կին քա­ղա­քա­պե­տը ե­ղաւ աղ­քատ թեր­թի խմբա­գիր, բայց ա­նոնք միշտ մնա­ցին մեծ տես­լա­կան­նե­րու ու­ղե­ւոր եւ ի­րենց տես­լա­կան­նե­րուն ու­ղե­կից դար­ձու­ցին զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ ցրո­ւած հայ բազ­մու­թիւն­ներ եւ ա­նոնց­մով կազ­մո­ւած հա­յա­գա­ղութ­նե­րը վե­րա­ծե­ցին կազ­մա­կերպ ու հայ­րե­նա­կա­րօտ փե­թակ­նե­րու…:
Եւ այդ ղե­կա­վար սե­րուն­դին վար­ձատ­րու­թիւ­նը ե­ղաւ ժո­ղովր­դա­յին խա­ւե­րու սէրն ու յար­գան­քը եւ ան­վե­րա­պահ վստա­հու­թիւ­նը՝ ի­րենց կեն­դա­նու­թեան, ­Նաեւ յետ մա­հու եւ յա­ւերժ: ­Յար­գանք ու վստա­հու­թիւն ­Նոյ­նիսկ ա­նոնց կող­մէ, ո­րոնք քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին հա­յեացք­նե­րով հա­կա­դիր ճա­կատ­նե­րու վրայ էին: Իսկ հի­մա՞, կրնա՞նք նոյ­նը ը­սել:
Այս տար­բե­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ եւ հա­կա­ռակ այս բաղ­դա­տա­կան­նե­րուն, մար­դու լե­զուն քիմ­քին կը փա­կի, ե­թէ փոր­ձէ ը­սել, որ անց­նող 30 տա­րի­նե­րու ընթաց­քին ա­րու­թեան գոր­ծեր չկա­տա­րո­ւե­ցան, ար­ժա­նի՝ գրի ու յի­շա­տա­կու­թեան: