ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Կ.

­Վարձքդ կա­տար Ա­նի, վստահ ե­ղիր, որ ման­կա­կան հե­քեա­թագ­րու­թիւն-գրա­կա­նու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի դժո­ւա­րին եւ պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տանք մըն է, քա­նի մին­չեւ այ­սօր ան հաս­տա­տո­ւած ի­րո­ղու­թիւն որ­պէս, կը շա­րու­նա­կէ ի զօ­րու մնալ, բո­լոր գրա­գի­տու­թեամբ զբա­ղող­նե­րուն կող­մէ: Դժ­բախ­տա­բար մենք չա­փա­զանց ետ ենք մնա­ցած, այդ գրա­կա­նու­թիւ­նը մշա­կե­լու տե­սա­կէ­տէն:
­Ման­կա­կան գրա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը զգան ա­ռա­ւե­լա­բար ծնող­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ, քա­նի ան փոք­րի­կը կեդ­րո­նա­ցած կը պա­հէ ո­րոշ զբա­ղում­նե­րու վրայ ու թոյլ չի տար, որ ե­րե­խա­նե­րը ի­րենց ա­զատ ժա­մե­րը պա­րապ անց­նեն:
­Մեր գրա­կա­նու­թիւ­նը շատ աղ­քատ է մնա­ցած այս ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած ինք­նա­գիր գոր­ծե­րէ…
Ա­հա «­Գոյնզ­գոյն մո­լո­րա­կը» երկն­քէն ու­ղար­կուած որ­պէս «մա­նա­նա» կու­գայ կրթա­կան գոր­ծին զգա­ցո­ւած մէկ շատ կա­րե­ւոր պա­հանջք­նե­րէն մին, գէթ լոյ­սի ա­ռան­ձին փայ­լուն շո­ղով մը, լու­սա­ւո­րե­լու ու նոր յոյ­սով մը պա­րու­րե­լու փոք­րիկ­նե­րուն հո­գի­նե­րը…
Ե­րե­խա­նե­րը ի­րենց մատ­ղաշ տա­րի­քէն հարկ է որ վար­ժո­ւին ի­րենց մայ­րե­նի լե­զո­ւով ան­հա­տա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րուն:
­Ման­կա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը աշ­խարհ մըն է, որ իր ա­ռան­ձին գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով ու յատ­կա­պէս բազ­մա­գոյն ներ­կա­յու­թիւն-պա­հանջք­նե­րով լե­ցուն, մա­նուկ­նե­րու ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը ա­մէն օր ճախ­րանք-սլացք­նե­րու է որ կ­՚ուղ­ղէ զա­նոնք ու ա­ռաջ­նոր­դե­լով դէ­պի «գե­ղե­ցի­կը», որ ինք­նին հա­մադ­րու­թիւնն է ար­տա­յայ­տու­թեանց ինք­նու­րոյ­նու­թեան՝ ըլ­լայ ան սի­րոյ, յափշ­տա­կու­թեան, ազ­նո­ւու­թեան, բա­րու­թեան, ան­մե­ղու­թեան խորհր­դա­ւոր ներ­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք մե­ծա­պէս կ­՚ազ­դեն հո­գիին:
­Պարզ խօս­քով մագ­նի­սաց­նե­լով ան­հա­տը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դեն դէ­պի բնու­թիւն, բնա­ւո­րու­թեան զար­գաց­ման ու հո­գե­կան հարս­տաց­ման:
Ըստ Ա­րիս­տո­տե­լի հաս­կա­ցու­թեան՝ բնու­թիւն ը­սե­լով կը հասկ­նանք իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի «ներ­քին իս­կու­թիւն-բնա­ւո­րու­թիւ­նը» եւ որ ան ինք­նին կ­՚ամ­փո­փէ ե­րե­ւոյթ­նե­րու շուրջ ար­թուն մնա­ցած գա­ղա­փա­րա­կա­նը:
­Մէկ խօս­քով, ման­կա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը ան­բա­ժան հարց մըն է «ման­կա­վար­ժու­թե­նէն» եւ որ ան հայ գրո­ղին հա­մար նոյ­նիսկ «դափ­նի­ներ» կրնայ ու­նե­նալ, ե­թէ սպա­սո­ւած բծախնդրու­թեամբ, մօ­տե­նայ են­թա­կան ա­նոր:
­Հայ մա­նու­կը ազ­գի մը հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­նե­րով, ա­պա­գան նո­ւա­ճե­լու կո­չո­ւած վա­ղո­ւան քա­ղա­քա­ցին է, ո­րուն սրտին ազ­դե­լու հա­մար հարկ է տի­պար գրա­կա­նու­թեան մը ստո­րո­գե­լի­նե­րով մօ­տե­նալ ա­նոր:
Այս տո­ւեալ­նե­րը ի մտի ու­նե­նա­լով ու այդ ուղ­ղու­թեամբ յա­ջող փոր­ձե­րուն ձեռ­նար­կե­լով, ինք­նին մեծ նպաստ մըն է մեր ա­պա­գայ դի­մադ­րա­կա­նու­թեան ճի­գե­րուն հա­մար:
­Քա­նի ը­սինք, որ ման­կա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի դժո­ւա­րին եւ պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տանք մըն է եւ որ դժբախ­տա­բար մենք չա­փա­զանց ետ ենք մնա­ցած, այդ գրա­կա­նու­թիւ­նը մշա­կե­լու տե­սա­կէ­տէն:
­Հարկ է ու­րեմն ան­յա­պաղ ու լրջօ­րէն մտա­ծենք ու զայն, ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեանց, մեր կրթա­կան կեան­քին ան­բա­ժան մէկ մաս­նի­կին վե­րա­ծել, որ­պէս հիմ­նա­կան կե­ցու­ցի­չի (կե­նա­րար-փրկա­րա­րի), ո­րով­հե­տեւ թարմ ու ա­մէ­նէն հե­տաքր­քիր զան­գո­ւա­ծին է ուղ­ղո­ւած ան…
Այդ ուղ­ղու­թեամբ շատ կա­րե­ւոր է իջ­նել մա­նուկ­նե­րու հոգ­ւոյն խո­րը ու մօ­տէն դի­տել ա­նոնց խա­ղե­րը, խան­դա­վա­ռու­թիւն­նե­րը, վէ­ճե­րը, կռիւ­նե­րը ու ապ­րիլ ա­նոնց միտ­քը յու­զող խռովք­ներն ու փոր­ձել գտնել ի­րա­կան կշիռ­քի լե­զուն, զի­րենք խան­դա­վա­ռող լծակ­նե­րը:
Վս­տահ, որ այդ բազ­մու­թիւ­նը, հա­սուն մե­ծե­րէն ալ ա­ւե­լի կը հե­տաքրք­րո­ւի նոր բան մը կար­դա­լու, նոր բան մը ի­մա­նա­լու «գոյնզ­գոյն-նախ­շուն» թա­գա­ւո­րու­թեան գո­յու­թե­նէն:
­Ման­կա­կան եւ ին­չու չէ պա­տա­նե­կան գրա­կա­նու­թեան պա­հանջ­քը, ա­ւե­լի զգա­լի է ըն­տա­նիք­նե­րու եւ դպրոց­նե­րու մէջ եւ որ մեզ կը ստի­պէ ան­յա­պաղ ձեռ­նար­կե­լու ու զար­գաց­նե­լու զայն, ո­րով­հե­տեւ հե­քեա­թը միշտ ալ իր ա­ռան­ձին ու կա­րե­ւոր թե­լադ­րա­կա­նու­թիւնն է որ կը դրսե­ւո­րէ ու կը յայտ­նա­բե­րէ, քա­նի ան իր մէջ միշտ ալ իր պա­րու­նա­կու­թեամբ ինք­նին դրդում-մղում մըն է ու միա­ժա­մա­նակ յոր­դոր մը ըլ­լա­լէ չի դադ­րիր, ան­պայ­ման…

«Ո՜վ գոյնզ­գոյն-նաշ­խուն մո­լո­րակ՝
­Հոգ­ւոյս մէջ միշտ կեն­դա­նի,
­Քեզ կը պա­հեմ որ­պէս՝,
Ամ­պոտ օ­րե­րուս, ե­րիզ-ժա­պա­ւի­նակ
Ու հա­սուն թէ թե­րուս…
­Կու­տամ ե­րա­նի՜ տա­կա­ւին՝ հոգ­ւով-մտքով
­Բո­լոր պար­զա­միտ-ան­նենգ ե­րե­խա­նե­րուն»: