ՆԱՆՕՐ ԷՐՋԷՆԵԱՆ
Մայիս 2020-էն արդէն Մայիս 2021-ը շատ արագ անցաւ եւ սարսափելի հետքեր ձգեց իր ետին։ Այս տարի, մայիսեան յաղթանակներու ոգեկոչումը հակասական զգացումներով լեցուն է։ Կորսնցուցած ենք Արցախի 75 տոկոսը՝ Շուշին, Հադրութը եւ Արցախ աշխարհի պատմական ժառանգութիւնները. եւ ո՛չ միայն, հապա՞ Սիւնիքն ու Տաւո՞ւշը, ուր արդէն ներխուժած են ազերի-թուրքերու բանակային ստորաբաժանումները:
1991-1992 թուականներուն մեր խիզախ հերոսներու թափած արեամբ ազատագրուած հայրենական հողերը յանձնուեցան թշնամիին։ Ցասումն ու ընդվզումը անսահման են։ Ահա՛ մեր Հայրենիքի ներկայ իրավիճակը եւ ի՞նչ մարտահրաւէրի դէմ հանդիման կը գտնուի մեր սերունդը։
Այսօ՛ր, աւելի քան երբեք, մեր ճտին պարտքն է մեր հայրենիքը դուրս բերել այս արհաւիրքէն։ Անսակարկելի իրողութիւն է, որ մեր հայրենիքը պէտք ունի արհեստավարժ, հայրենասէր եւ ժողովրդավար իշխանութեան մը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը դուրս բերել տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական ճգնաժամէն։ Այս գերագոյն նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է միասնական աշխատանք։ Բոլորս՝ Հայաստան, Արցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի պարտաւոր ենք գիտակցիլ այս մահու կենաց իրականութեան։
Մենք լաւ գիտենք, որ արեան գնով շահած հայրենիքը չենք զիջիր, վկայ Եռաբլուր պառկած մեր հազարաւոր տղաքը, մեր անհամար հաշմանդամ ընկերները, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր գերի հայրենակիցները։
Պատգամը յստակ է՝ կերտել հզօր հայրենիք, որ կ’ենթադրէ ունենալ ժամանակակից տնտեսական համակարգ, արդարօրէն բարեկեցիկ ընկերային կարգեր եւ երկրի ապահովութիւնը հսկող պաշտպանութեան համակարգ։ Այս ուղղութեամբ է, որ մեր աշխատանքները պէտք է ծաւալենք ներդնելով գիտական, նիւթական եւ մարդուժի կարելիութիւնները, որպէսզի հասնինք նոր Մայիսեան յաղթանակներու, իրականացնելու համար մեր բոլորին բարձրագոյն նպատակը, որուն ճամբան կ’անցնի Արցախէն՝ հասնելու համար մեր բռնագրաւած պապենական հողերը։