­Նա­նօր Էր­ջէ­նեան

­Մա­յի­սը իր գա­լուս­տով բնու­թիւ­նը կը ներ­կէ վառ գոյ­նե­րով, ա­նոր կը պար­գե­ւէ ու­րա­խու­թիւն եւ ա­զա­տու­թեան շունչ։ Բ­նու­թեան զարթ­նու­մով, մենք ալ կը թօ­թո­ւենք ձմրան հաստ ծած­կո­ցը իր մռայլ գոյ­նե­րով եւ ան­կաշ­կանդ կը վա­յե­լենք բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը։ ­Հե­տաքրք­րա­կան զու­գա­դի­պու­թիւն է որ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ­Մա­յի­սեան այս գե­ղե­ցիկ օ­րե­րուն է, որ շա­հե­ցաւ իր զոյգ յաղ­թա­նակ­նե­րը՝ 1918 ­Մա­յիս 28ին՝ ­Սար­դա­րա­պա­տով եւ 1992 ­Մա­յիս 8ին՝ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մով։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ապ­րած, թշո­ւա­ռու­թեան մէջ, սո­վի եւ հա­մա­ճա­րա­կի ա­հա­զան­գի տակ, ինքն իր բախ­տին լքո­ւած, չյանձ­նո­ւե­ցաւ, եւ «Երբ չի մնում ելք ու ճար խեն­թերն են մնում հնար…»ը (­Պա­րոյր ­Սե­ւակ) գոր­ծադրեց։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ան­բախ­տու­թեան մէջ, բախ­տը ու­նէր Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի պէս ան­զու­գա­կան ե­րի­տա­սարդ, «խենթ» ղե­կա­վար մը ու­նե­նա­լու։ Ա­նոր կազ­մա­կերպ­չա­կան ու­ժին շնոր­հիւ, ­Հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ հա­ւա­քո­ւե­ցան, կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դեր կազ­մե­ցին եւ ե­րեք ճա­կատ­նե­րէ (­Ղա­րա­քի­լի­սէ, ­Բաշ-Ա­պա­րան, ­Սար­դա­րա­պատ) թշնա­մին ետ մղե­լով մեր հայ­րե­նի­քէն մե­զի մնա­ցած այդ փոք­րիկ հա­տո­ւա­ծը օ­տա­րին չյանձ­նե­ցին։ ­Փա՜ռք այդ հե­րո­սա­կան սե­րուն­դի յայտ­նի ու ան­յայտ բո­լոր նո­ւի­րեալ­նե­րուն, ո­րոնք ար­դա­րօ­րէն պայ­քա­րե­ցան մեր ժո­ղո­վուր­դի ան­կա­խու­թեան եւ պե­տա­կա­նու­թեան հա­մար։ ­Սար­դա­րա­պա­տէն 74 տա­րի անց, մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը նոյն ա­րիու­թեամբ, մե­րօ­րեայ ֆե­տա­յի­ներ ­Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն եւ Ս­փիւռ­քէն հա­ւա­քո­ւած, ա­զա­տագ­րե­ցին ­Շու­շին՝ ա­զե­րի­նե­րու բռնագ­րա­ւու­մէն։
­Գա­լով ներ­կայ ժա­մա­նակ, մենք, ­Հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ի՞նչ պատ­գամ կրնանք քա­ղել ­Մա­յի­սեան զոյգ յաղ­թա­նակ­նե­րէն։ ­Մեր ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թե­նէն մե­զի ժա­ռանգ հա­սած մեր փոք­րիկ, ներ­կայ ­Հա­յաս­տա­նը ան­կախ է։ Ար­ցա­խը «տէ ֆաք­թօ» ա­զա­տագ­րո­ւած է, սա­կայն ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մի կը կա­րօ­տի, սահ­ման­նե­րը վտան­գո­ւած են եւ յա­ճախ յար­ձա­կու­մի են­թա­կայ, ուր ե­րի­տա­սարդ կեան­քեր կը կոր­սուին։ Ու­րեմն, պա­տե­րազ­մի ա­հա­զանգ կայ։
­Կը հա­ւա­տանք, որ սփիւռ­քի հայ օ­ճախ­նե­րուն մէջ ծնած եւ հա­սակ ա­ռած յանձ­նա­ռու ­Հայ ե­րի­տա­սար­դը, ու­սու­մի ճամ­բով իր ամ­բա­րած գի­տե­լիք­ներն ու մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ցան­ցին։ ­Մեր մտա­ծում­նե­րը ուղ­ղե­լով դէ­պի ­Հայ­րե­նիք, պէտք է իւ­րաց­նենք «­Հայ­րե­նի­քը իմս ալ է» գա­ղա­փա­րը։ ­Մեր միտ­քէն պէտք է հա­նենք, որ ­Հայ­րե­նի­քը միայն ար­ձա­կուր­դի հանգ­րո­ւան է։
­Լաւ սոր­վինք մեր հայ­րե­նի­քի շրջան­նե­րը, գիւ­ղե­րը բնակ­չու­թեան մտայ­նու­թիւ­նը, մեր երկ­րին «գե­ղե­ցիկն ու տգե­ղը»։ Եւ վեր­ջա­պէս, կա­րե­լիու­թիւն ստեղ­ծե­լու պա­րա­գա­յին, չխու­սա­փինք հոն ստեղ­ծե­լու մեր տունն ու տե­ղը, որ­պէս­զի ներ­գոր­ծենք մեր ­Հայ­րե­նի­քի պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Մեր բո­լո­րի ­Հայ­րե­նի­քը կրնա՛յ դառ­նալ եւ ՊԻՏԻ՛­դառ­նայ օ­րի­նա­կե­լի եր­կիր։