ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Քանի մը տարի առաջ, տասնօրեակի մը ընթացքին միեւնոյն վայրի մէջ ներկայ եղած եմ երկու հրապարակային տարբեր միջոցառումներու: Առաջինը, չեմ յիշեր առիթը, ճաշկերոյթ-խրախճանք մըն էր՝ մուտքի բաւական բարձր տոմսի գինով եւ կանխատեսուածէն շատ աւելի, գրեթէ յորդող մասնակիցներով: Յայտնօրէն կազմակերպիչները իրենց առաւելագոյն ճիգը ի գործ դրած էին ձեռնարկին շքեղութիւնը կատարեալ դարձնելու եւ ընդառաջողներու բարձր թիւ մը ապահովելու համար: Երկրորդը՝ Մայիս 28-ի անկախութեան տարեդարձին նուիրուած մուտքը ազատ հրապարակային միջոցառում մըն էր՝ գեղարուեստական համեստ յայտագրով մը, որուն մաս կը կազմէի իբրեւ օրուան բանախօսը: Բեմէն՝ սրահը կը պարզէր հազիւ թէ «երես ճերմկցնող» հանդիսականներու ցանցառ ներկայութիւն մը, որ չէր բաղդատուեր շաբաթ մը առաջուան ճաշկերոյթի պատկերին հետ…:
Ադ պահուն, որեւէ խօսքէ առաջ մտածումս բարձրաձայնեցի.
«…Ի՞նչ կրնամ ըսել ձեզի՝ հրաւէրին ընդառաջող ներկայ հանդիսականներուդ: Ձեր ներկայութիւնը կը նշանակէ, թէ դուք գիտակ էք արդէն անկախութեան խորհուրդին ու Մայիս 28-ի արժէքին ու եկած էք յարգելու եւ տօնելու մեր բոլոր տօներուն մեծագոյնին տարեդարձը: Անկախութեան խորհուրդին հաղորդուելու պէտքը ունին անտեղեակ բացակաները, որոնց թիւը տարուէ տարի այնքան կը բազմանայ, որ ազգային դժուար պարտականութիւն մը պիտի համարուի վաղը բացակայ մը ներկայ դարձնելու գործը…»:
Այն թուականէն ասդին կացութիւնը ոչ միայն չէ բարելաւուած, այլ հետզհետէ սկսած է տալ այն տպաւորութիւնը, թէ հայագաղութներու պատասխանատուներու ուսերուն դրուած ծանր ժառանգ մըն է Մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը, որմէ խուսափիլը եթէ անյարմարութիւն պիտի ստեղծէ, ապա ուրեմն համեստ յայտագրով մը նշելու եւ կամ հնգամեակէ-հնգամեակ «կլոր» թուականներուն միայն տօնելու արդարացումը ընդունելի միջոց մը պիտի համարուի…: Տխուր է հաստատել, որ «տօներուն տօնը»ին՝ այսինքն Մայիս 28-ի անկախութեան տարեդարձի նկատմամբ ցուցաբերուած ներկայի վերաբերումը չի դիմանար բաղդատութեանը մօտաւոր անցեալին հետ, երբ հայագաղութներու գրեթէ բոլոր գործօնները, երգչախումբ, պարախումբ, թատերական թէ սկաուտիզմ, շաբաթներով գործի կը լծուէին, սկաուտական տողանցքով, կենդանի կամ խօսուն պատկերներով, երգով-պարով-արտասանութիւններով ներշնչող յայտագիր մը ներկայացնելու համար բազմութեամբ յորդող ընդարձակ սրահին: Նմանօրինակ միջոցառումներու շնորհիւն էր, որ հայ բազմութիւններ անկախութեան գաղափարի նորովի ներարկում կը ստանային, կ’ամրապնդուէր միացեալի տեսլականը, հայրենիք չտեսած-չճանչցած սերունդին մէջ կը կազմուէր հոգեկան հայրենիք մը եւ հայ մարդը կը դառնար հաւատարիմ քաղաքացին այդ հայրենիքին եւ նուիրեալը՝ անոր անկախութեան ու միացեալի տեսլականին:
Նոյն տարիներուն տարբեր կացութիւն մը կը տիրէր Հայաստանի մէջ: Ամբողջատիրական բիրտ վարչակարգ մը, ուր բացարձակապէս արգիլուած էր ազգային կամ քաղաքական որեւէ արտայայտւթիւն, ուր մնաց, որ խօսք ըլլար անկախութեան ու միացեալի մասին: Բայց հոն ալ մտաւորական տարրեր ու ղեկավար այրեր ձեւը գտած էին ժողովուրդին պատմական յիշողութիւնը վառ պահելու համար: Կ’ենթադրեմ, թէ պատահական չէր, որ սիկարէթը կոչուէր Աղթամար եւ անոր տուփին վրայ նկարուած ըլլար անոր պատկերը կամ կոչուէր Մասիս՝ երկու գագաթներով եւ յաճախակի գործածուող խմիչքը Արարատ անունը կրէր…: Միայն Աստուած գիտէ, թէ հոն ի՜նչ հնարքներ ի գործ դրուած են, որպէսզի Մոսկուայի արտօնութեան արժանանայ Սարդարապատի յաղթակոթողի կառուցման ծրագիր մը (1964-ին) եւ անոր կառուցումը կարելի ըլլայ աւարտել հերոսամարտի յիսնամեակին՝ 1968-ին….: Անշուշտ գիտէին անոնք, որ Սարդարապատը զէնքի յաղթանակ մըն էր լոկ եւ զէնքի յաղթանակը արժէք ունեցաւ, երբ քաղաքական աքթով պսակուեցաւ ան, այսինքն Մայիս 28-ով՝ Հայաստանի անկախութեան հռչակումով, պետականութեան կառուցումով եւ անոր միջազգային ճանաչումով…:
Ահա երէկի այս հայ մարդն է, որ այսօր ընդհանրապէս դարձած է կամակոր ու խարխափող, նոյնիսկ անտարբեր՝ Հայաստանէն սփիւռք: Աւելին. չեն պակսիր նաեւ խռպոտ ձայներ, որոնք իրենց այսօրուան խարխափումները արդարացնելու միտումով անկախութեան սերունդի յուշագրութիւններէն դէպքեր ու պարբերութիւններ կ’առանձնացնեն եւ աշխարհաքաղաքական, ընկերային ու տնտեսական առումներով անհամատեղելի կացութիւններու միջեւ համեմատութեան եզրեր կը ստեղծեն՝ այդ սերունդի ազգակերտ գործը նսեմացնելու ապերախտ փորձով մը:
Հրէական պետութեան հիմնադիր ղեկավարը Պէն Կուրիոն պատմական պատգամ մը փոխանցեց իր ժողովուրդին ու յաջորդ ղեկավարներուն. «Never again»…: Կ’ակնարկէր ողջակիզումին, թէ կրկին՝ ԵՐԲԵ՛Ք: Եւ ժողովուրդ ու ղեկավարութիւն պետութիւնը կառուցին հաւատարիմ այդ պատգամին:
Անկէ երեսուն տարի առաջ հայկական պետականութեան հիմնադիրը՝ Արամ Մանուկեան տարբեր բանաձեւումով միեւնոյն պատգամը տուած էր արդէն իր ժողովուրդին եւ յաջորդող ղեկավարներուն, երբ Սարդարապատի մէջ կ’ազդարարէր. «Մինակ ենք» եւ մինակ պիտի դիմագրաւենք մեր պատմութիւնն ու թշնամին:
Մեր դժբախտութիւնն այն է, որ Հայաստանի վերանկախացումէն, Արցախի առաջին պատերազմի յաղթանակէն ու «արութեան գործեր»էն ետք հաւատարիմ չեղանք «մինակ ենք» պատգամին: Ղեկավար տարրը տարուեցաւ շահատակութիւններով, ժողովուրդը օտարացաւ պետութենէն, հոգիներու մէջ երազ չմնաց ապագայի հանդէպ եւ յարգանքը ցամքեցաւ վսեմ գաղափարներու նկատմամբ: Խաբուեցանք նաեւ թուղթի վրայ գրուած դաշինքներէ:
Իսկ 40-օրեայ պատերազմէն ետք, փոխանակ սթափելու եւ «մինակ ենք» պատգամին փարելու, կը շարունակենք յոյս կապել դաշնագրերու խաբկանքին, աջէն ու ձախէն շռայլուած խոստումներու: Պարպուած կը թուինք ըլլալ պայքարելու ուժականութենէն: Կասկած չկայ, որ ամբողջ ազգին համար մեծ աղետ մը եղաւ պարտութիւնը, բայց ան աւելի մեծ աղետներու առջեւ կը դնէ մեզ, եթէ յանձնուինք մնայուն ընկճուածութեան:
Չկայ ազգ ու պետութիւն, որ հրաժարի պայքարէն, տարուի շահատակութիւններով ու դաշնագրերու խաբկանքներով: Կը տեսնենք ու կը հաստատենք, թէ ինչպէս անպարտելի կարծուած պետութիւններն անգամ իրենց այս կամ այն նպատակին համար կը պայքարին, զէնքի ուժին կը դիմեն՝ յանձն կ՚առնեն մեծ զոհողութիւններ նոյնիսկ իրենց սեփական երկրի սահմաններէն հեռաւոր վայրերու մէջ: Կը նշանակէ, թէ արեւուն տակ ապրելու եւ իրաւունք նուաճելու պայմանը պայքարն է, հաւասարապէս մեծ թէ փոքր ժողովուրդներուն համար:
Մեր պատմութիւնը վկայ է արդէն, թէ չկան մեծ ու փոքր ժողովուրդներ, այլ կան ու ապրելու իրաւունք ունին միայն ու բացառապէս պայքարող ազգերը:
Հայրենիք ու անկախ պետականութիւն ունենալու մեր իրաւունքին տէր դարձած ենք պայքարով եւ մեր նուաճածը պիտի պահենք նոյնպէս վճռական պայքարով, անյուսահատ ու աներեր:
Կը մնայ, որ մտահան չընենք պատգամը, թէ մինակ ենք, ուրեմն նաեւ՝ միասնական, բռնցքուած:
Աթէնք, 23 Մայիս 2023