Մովսէս Խորենացի (410-490)

Մովսէս Խորենացի (410-490). Հայոց Պատմահայրը եւ ազգային ինքնաճանաչումի ու հպարտութեան ներշնչարանը Ն.

0
2381

30 ­Յու­նո­ւա­րին լոյս աշ­խարհ ե­կած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Մեծ Ան­մահ­նե­րէն ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցի, որ իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան վա­րա­կիչ շուն­չով եւ ի­մա­ցա­կան-ի­մաս­տա­սի­րա­կան լայն հո­րի­զո­նով՝ հան­դի­սա­ցաւ հա­յոց ­Պատ­մա­հայ­րը եւ թեւ ու թռիչք տո­ւաւ հայ Ազ­գա­յին Ո­գիի կե­նա­րա­րու­թեան։
Ե­թէ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ մեր ժո­ղո­վուր­դին տո­ւաւ իր Ազ­գա­յին Ե­կե­ղե­ցին ու քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը, ե­թէ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց ստեղ­ծեց հա­յոց գի­րե­րը ու յա­ւեր­ժու­թեան ար­ժա­նա­ցուց հա­յոց ­Մայ­րե­նին, ա­պա ­Խո­րե­նա­ցին հան­դի­սա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի այն մեծ ի­մաս­տու­նը, որ Ազ­գա­յին ­Պատ­մու­թիւն ջամ­բեց հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն՝ սե­փա­կան ար­մատ­նե­րուն կառ­չած մնա­լու, մեր նախ­նի­նե­րու հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեամբ հպար­տա­նա­լու եւ ժա­մա­նակ­նե­րու փոր­ձու­թեանց հա­յօ­րէ՛ն դի­մադ­րե­լու գա­ղա­փա­րա­կան ո­գի ներշնչե­լով։
­Շատ գրո­ւած է ­Խո­րե­նա­ցիի «­Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան» գի­տա­կան բնոյթ չու­նե­նա­լու հան­գա­ման­քին մա­սին, բայց պատ­մա­գի­տա­կա­նօ­րէն ա­մէ­նէն թե­րա­հա­ւատ ու խստա­պա­հանջ հե­ղի­նակ­ներն ու քննա­դատ­ներն ան­գամ ան­վա­րան խո­նար­հած են ­Հա­յոց ­Պատ­մա­հայ­րի նո­ւա­ճած ան­փո­խա­րի­նե­լի Ա­ւան­դին առ­ջեւ, ո­րով­հե­տեւ ­Խո­րե­նա­ցին միայն պատ­մու­թիւն չգրեց, այ­լեւ հա­յոց Ազ­գա­յին Ո­գին շնչա­ւո­րեց՝ զայն իբ­րեւ զէն ու զրահ կտա­կե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին։
­Հա­յոց ­Պատ­մա­հօր ան­կորն­չե­լի պատ­գա­մը կը հան­դի­սա­նայ ­Խո­րե­նա­ցիի թե­ւա­ւոր խօս­քը.-
«­Թէեւ մենք փոքր ա­ծու ենք եւ թո­ւով շատ սահ­մա­նա­փակ ու զօ­րու­թեամբ թոյլ եւ շատ ան­գամ օ­տար թա­գա­ւո­րու­թեանց կող­մէ նո­ւա­ճո­ւած, բայց եւ այն­պէս մեր աշ­խար­հին մէջ ալ գրե­լու եւ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի շատ սխրա­գոր­ծու­թիւն­ներ են կա­տա­րո­ւած»:
­Խո­րե­նա­ցիի մա­սին պահ­պա­նո­ւած կեն­սագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ժլատ են։ Ա­նոնց մեծ մա­սը կը պար­տինք նոյ­նինքն ­Խո­րե­նա­ցիին, որ իր «­Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան» է­ջե­րուն պա­տա­հա­կա­նօ­րէն ակ­նար­կած է իր կեան­քի ման­րա­մաս­նու­թեանց։
­Հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն՝ ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցի ծնած է 5րդ ­դա­րաս­կիզ­բին, 410էն 415 թո­ւա­կան­նե­րուն։
Նոյն­պէս ընդ­հա­նուր է այն են­թադ­րու­թիւ­նը, որ ­Խո­րե­նա­ցի ծնած է ­Տա­րօն գա­ւա­ռի ­Խոր­նի կամ ­Խո­րոն գիւ­ղը։ (­Կայ նաեւ վար­կած մը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ ­Խո­րե­նա­ցիի ծննդա­վայ­րը ­Սիւ­նի­քի ­Հա­բանդ գա­ւա­ռի ­Խո­րեա(ն) գիւղն է)։
15-16 տա­րե­կա­նին, մօ­տա­ւո­րա­պէս 427 թո­ւա­կա­նին, ­Խո­րե­նա­ցի ու­ղար­կո­ւած է ­Վա­ղար­շա­պատ՝ ու­սում ստա­նա­լու հա­մար: ­Վա­ղար­շա­պա­տի դպրո­ցին մէջ ան ե­ղած է ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի եւ ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի կրտսեր ա­շա­կերտ­նե­րէն մէ­կը։ Ու­սա­նած է 5-6 տա­րի՝ բա­ցի հա­յե­րե­նէն սոր­վե­լով նաեւ յու­նա­րէն ու ա­սո­րե­րէն:
431 թո­ւա­կա­նէն յե­տոյ, հա­ւա­նա­բար 434-435ին, Ու­սու­ցիչ­նե­րը ­Խո­րե­նա­ցին այլ ա­շա­կերտ­նե­րու հետ ու­ղար­կած են Ե­գիպ­տո­սի Ա­ղեք­սանդ­րիա քա­ղա­քը, որ կը նկա­տո­ւէր այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի աշ­խար­հի հո­գեմ­տա­ւոր կա­րե­ւո­րա­գոյն կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը, որ­պէս­զի հայ ու­սում­նա­կան­նե­րը ի­րենց պատ­րաս­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նեն եւ «իս­կա­կան ճե­մա­րա­նին մէջ կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւին»։
Ա­ղեք­սանդ­րիոյ մէջ ­Խո­րե­նա­ցի կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց ոչ միայն օ­տար լե­զու­նե­րու, յատ­կա­պէս յու­նա­րէ­նի իր ի­մա­ցու­թիւ­նը, այ­լեւ հմտա­ցաւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան, քեր­թո­ղա­կան ա­րո­ւես­տին, ե­րաժշտու­թեան, ճար­տա­սա­նու­թեան, աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ճիւ­ղե­րուն մէջ։
5-6 տա­րո­ւան ու­սու­մէ ետք, ­Խո­րե­նա­ցի եւ իր ըն­կեր­նե­րը բռնե­ցին հայ­րե­նիք վե­րա­դար­ձի ու­ղին՝ նաւ առ­նե­լով դէ­պի ­Յու­նաս­տան: ­Սա­կայն ծո­վա­յին սաս­տիկ քա­մի­նե­րը ա­նոնց նա­ւուն ուղ­ղու­թիւ­նը փո­խե­ցին եւ նա­ւը յայտ­նո­ւե­ցաւ Ի­տա­լիոյ ա­փե­րը: Օգ­տո­ւե­լով ա­ռի­թէն, հայ ե­րի­տա­սարդ ու­սում­նա­կան­նե­րը ո­րո­շե­ցին այ­ցե­լել Հ­ռո­մի սրբա­վայ­րե­րը եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նալ ա­տե­նի քա­ղա­քակր­թա­կան այդ կա­րե­ւոր կեդ­րո­նա­տե­ղի­նե­րուն։ Այ­նու­հե­տեւ՝ խում­բը շա­րու­նա­կեց իր ճամ­բան եւ հա­սաւ Ա­թէնք, ուր ան­ցուց ամ­բողջ ձմեռ մը՝ շա­րու­նա­կե­լով ծա­նօ­թաց­ման եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեան իր շփում­նե­րը հել­լէն մշա­կոյ­թին հետ։
­Գար­նան, խում­բը վե­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տան։ ­Բայց ա­նոնք ­Վա­ղար­շա­պատ հա­սան ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի եւ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի վախ­ճա­նու­մէն՝ 440 թո­ւի ­Փետ­րո­ւա­րէն յե­տոյ։ Այս ա­ռի­թով ­Խո­րե­նա­ցի ան­կեղծ ու խոր յուզ­մուն­քով ար­տա­յայ­տած է իր ապ­րում­նե­րը՝ գրե­լով, թէ «նոյ­նիսկ չհա­սայ տես­նե­լու ա­նոնց աչ­քե­րուն փա­կո­ւի­լը, լսե­լու ա­նոնց վեր­ջին խօսքն ու օրհ­նու­թիւ­նը»:
461 թո­ւա­կա­նին ­Խո­րե­նա­ցի կար­գո­ւե­ցաւ ­Բագ­րե­ւան­դի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ եւ լծո­ւե­ցաւ ման­կա­վար­ժա­կան, գրա­կան եւ թարգ­ման­չա­կան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեաւն: Իսկ 470ա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, իշ­խան ­Սա­հակ ­Բագ­րա­տու­նիի պա­տուէ­րով՝ ան ձեռ­նար­կեց իր «­Պատ­մու­թիւն ­Հա­յոց» մա­տեա­նի ստեղ­ծու­մին, որ ա­ւար­տե­ցաւ 482ի նա­խօ­րէին՝ մին­չեւ ­Սա­հակ ­Բագ­րա­տու­նիի մա­հը:
«­Պատ­մու­թիւն ­Հա­յոց» աշ­խա­տու­թիւ­նը բաղ­կա­ցած է 3 գիր­քե­րէ:
Ա­ռա­ջի­նին մէջ ­Խո­րե­նա­ցի կը ներ­կա­յաց­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դին ծա­գում­նա­բա­նու­թիւ­նը՝ ման­րա­մաս­նօ­րէն լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լով հա­յոց ա­նո­ւա­նա­դիր նախ­նի ­Հայկ ­Նա­հա­պե­տի եւ ա­նոր սե­րունդ­նե­րուն (Ա­րամ, Ա­րա­մա­նեակ, Ա­րա եւ ու­րիշ­ներ) գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:
Երկ­րորդ գիր­քը նո­ւի­րո­ւած է Ար­շա­կու­նեաց ար­քա­յա­տոհ­մի պատ­մու­թեան եւ կը հաս­նի մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը պե­տա­կան կրօն հռչա­կե­լու դա­րա­կազ­միկ քայ­լը։
Եր­րոր­դին մէջ շա­րադ­րո­ւած է Տր­դատ Գ. ­Մե­ծի յա­ջորդ­նե­րուն, ­Պարս­կաս­տա­նի ու Հ­ռո­մի մի­ջեւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին բա­ժան­ման (387 թ.) եւ Ար­շա­կու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան անկ­ման (428 թ.) պատ­մու­թիւ­նը:
­Խո­րե­նա­ցին իր մա­տեա­նը ա­ւար­տած է «Ող­բով»՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հա­յոց թա­գա­ւո­րա­կան տան կոր­ծա­նու­մը, երկ­րի թշո­ւա­ռու­թիւնն ու իր հո­գե­կան տա­ռա­պան­քը: «Ող­բի» ա­ռա­ջին տո­ղը հայ ազ­գի սեղմ ու փայ­լուն գո­վերգն է, որ վե­րա­ծո­ւած է թե­ւա­ւոր խօս­քի:
­Հայ­կա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րա­նի ար­ժե­ւո­րու­մով՝ «­Պատ­մու­թիւն ­Հա­յոց»ը ­Հին ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան ե­զա­կի եւ ստու­գա­պա­տում սկզբնաղ­բիւր է. ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէ հին հայ­կա­կան հե­թա­նո­սա­կան կրօ­նի, մշա­կոյ­թի ու դի­ցա­բա­նու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին, ինչ­պէս նաեւ դրա­ցի ու հե­ռա­ւոր եր­կիր­նե­րու պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ:
­Հա­կա­ռակ իր նկատ­մամբ ե­ղած հա­լա­ծան­քին եւ ան­տար­բե­րու­թեան՝ ­Խո­րե­նա­ցին ե­ռան­դուն կեր­պով նո­ւի­րո­ւե­ցաւ գրա­կան աշ­խա­տան­քի։ ­Կա­տա­րեց թարգ­մա­նու­թիւն­ներ։
Գ­րեց ինք­նու­րոյն եր­կեր՝ քեր­թո­ղա­կան, ի­մաս­տա­սի­րա­կան եւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան։ ­Տա­րա­ծում գտած է այն զրոյ­ցը, թէ ծե­րու­թեան տա­րի­նե­րուն ­Պատ­մա­հայ­րը ի վեր­ջոյ ար­ժա­նա­ցաւ գնա­հա­տան­քի, մե­ծա­րո­ւե­ցաւ եւ ստա­ցաւ Ե­պիս­կո­պո­սա­կան աս­տի­ճան:
­Խո­րե­նա­ցի վախ­ճա­նե­ցաւ 490ա­կան­նե­րու սկիզ­բը՝ հի­ւան­դու­թեան ու աղ­քա­տու­թեան մէջ։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան ու­ղին լու­սա­ւո­րող եւ հա­յոց պատ­մու­թեան հու­նը հար­թող հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան մէջ ան­կորն­չե­լի ի­րենց տե­ղը ու­նին ­Խո­րե­նա­ցիի թե­ւա­ւոր ա­սոյթ­նե­րէն քա­ղո­ւած հե­տա­գայ փուն­ջը.
— ­Քա­ջե­րու սե­րունդ­նե­րը քաջ կ­`ըլ­լան։ Ի­մաս­տու­թեամբ կա­րե­լի է յաղ­թել մեծ զօ­րու­թեան։
— ­Քա­ջե­րու սահ­մա­նը ա­նոնց զէնքն է, որ­քան կը կոտ­րէ, այն­քան ալ կը տի­րէ։
— ­Բազ­միշ­խա­նու­թիւ­նը լաւ բան չէ, պէտք է մէկ իշ­խան ըլ­լայ։
— Ինչ­պի­սին մարդն ու ա­նոր գործն են, այդ­պի­սին ալ ա­նոր վե­րա­բե­րեալ պատ­մու­թինն է։ Ա­նոնք մահ­կա­նա­ցու ծնե­լով` ան­մահ կը թո­ղուն ի­րենց յի­շա­տա­կը:
— Չ­կայ ստոյգ պատ­մու­թիւն՝ ա­ռանց ժա­մա­նա­կագ­րու­թեան։
— Ա­լե­կո­ծո­ւած նա­ւը կը շտա­պէ դէ­պի նա­ւա­հան­գիստ, իսկ ժուժ­կալ մար­դը ա­նա­պատ կը փնտռէ:
— Կր­թու­թիւ­նը ա­մէն ինչ է:
— Անգ­րա­գի­տու­թիւ­նը մեծ չա­րիք է:
— Անգ­րա­գի­տու­թիւ­նը ինչ բա­նի ալ ձեռ­նար­կէ, կը կոր­ծա­նէ մարդ­կա­յին կեան­քի ամ­րու­թիւ­նը:
— ­Բա­նա­կա­նու­թեան ար­դիւն­քը խո­հա­կա­նու­թիւնն է: Ու­րեմն՝ գե­ղե­ցիկ մտա­ծո­ղու­թեամբ վառ ու բոր­բոք պա­հե­լով քու բա­նա­կա­նու­թեան եւ խո­հա­կա­նու­թեան կայ­ծը` կը զար­դա­րես բա­նա­կա­նու­թիւ­նը:
— ­Հա­սա­րակ լե­զո­ւով այս պատ­մու­թիւն­նե­րը ը­րի, որ­պէս­զի մեր պատ­մած­նե­րուն ճշմար­տու­թեան կա­րօ­տե­լով` յա­ճա­խա­կի եւ ան­դա­դար կար­դան մեր հայ­րե­նի­քին պատ­մու­թիւ­նը: