Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը երբեք այսքան մօտ չեն եղած, ինչպէս այժմ:- Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար ֆետերիքա Մոկերինի` այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Եւրոպական ծրագրաւորման խորհրդաժողով»ի մասնակիցներուն յղած իր տեսաուղերձին մէջ,- կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Մոկերինի արձանագրած է, որ այս անգամ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի այս հատուածին` Հայաստանի մէջ:
Ընդգծելով, որ նախորդ տարուան Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութիւնը երեք հիմնարար համաձայնագիր կնքած է, Մոկերինի յոյս յայտնած է, որ անոնք պիտի բարելաւեն մարդոց կեանքը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Եւրոպական Միութեան մէջ: «Ստորագրեցինք նաեւ այլ համաձայնագիրներ, որոնք կոչուած են բարելաւելու Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան կապերը՝ օդային եւ ցամաքային ճամբաներով: Խնդրած ենք քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններէն օգնել մեզի՝ իրենց խորհուրդներով եւ առաջարկներով, որպէսզի այս համաձայնագիրները իսկապէս յաջողին»,- նշած է Մոկերինի:
https://www.facebook.com/eudelegationtoarmenia/videos/1656916797695576/?fref=mentions&pnref=story