­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեա­նի հրա­ւէ­րով պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ, իր կնոջ հետ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն հա­սած է ­Մոլ­տո­վա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ի­կոր ­Տո­տոն:
­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րին մէջ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ու տի­կին ­Ռի­թա ­Սարգ­սեան դի­մա­ւո­րած են նա­խա­գահ Ի­կոր ­Տո­տո­նը եւ տի­կին ­Կա­լի­նա ­Տո­տո­նը: ­Դի­մա­ւոր­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք տե­ղի ու­նե­ցած է նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցը:
Ող­ջու­նե­լով գոր­ծըն­կե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ` ­Սարգ­սեան նշած է, որ ­Մոլ­տո­վա­յի նա­խա­գա­հը ցան­կա­լի հիւր է մեր երկ­րին մէջ եւ բարձր գնա­հա­տած է ա­նոր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը, որ տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Մոլ­տո­վա­յի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25ա­մեա­կին:
«Ա­սի­կա շատ լաւ ա­ռիթ է վեր­լու­ծե­լու այն աշ­խա­տան­քը, որ մենք կա­տա­րած ենք այս 25 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին եւ նա­խան­շե­լու հե­ռան­կար­նե­րը: ­Մեր միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կա­ռու­ցո­ւած են շատ ա­մուր հիմ­քի վրայ: Ես վստահ եմ, որ ձեր այ­ցե­լու­թիւ­նը շատ լաւ խթան պի­տի հան­դի­սա­նայ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման: ­Մենք ա­տով շա­հագրգ­ռո­ւած ենք: ­Մենք շա­հագրգ­ռո­ւած ենք բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ — քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան — սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ: ­Փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեան ո­րե­ւէ սահ­մա­նա­փա­կում չու­նինք ինչ­պէս երկ­կողմ, այն­պէս ալ բազ­մա­կողմ ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ: ­Բա­րով ե­կած էք: Ա­սի­կա ձեր ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւնն է եւ կը յու­սամ, որ նման այ­ցե­լու­թիւն­ներ կ­՛ըլ­լան ա­մէն տա­րի»,- ը­սած է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:
­Նա­խա­գահ ­Տո­տոն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին հա­մար եւ իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը նկա­տած է պատ­մա­կան` նկա­տի առ­նե­լով, որ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տա­տու­մէն ան­ցած 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սա ­Մոլ­տո­վա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւնն է ­Հա­յաս­տան:
«Այս ըն­թաց­քին ո՛չ աշ­խա­տան­քա­յին, ո՛չ ալ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն ե­ղած է, այդ իսկ պատ­ճա­ռով, հա­շո­ւի առ­նե­լով մեր պատ­մա­կան ընդ­հա­նուր կա­պե­րը, ընդ­հա­նուր շա­հե­րը ե՛ւ Ա.Պ.Հ. շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ե՛ւ Ա.Պ.Հ. տա­րած­քին նոր հա­մար­կու­մի նա­խա­գի­ծե­րուն, ես ո­րո­շած եմ գալ: Ա­յո՛, 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մենք շատ հա­մա­ձայ­նա­գիր­ներ ստո­րագ­րած ենք: Ու­նինք 15 հա­մա­ձայ­նա­գիր, յա­ւե­լեալ 7ը այժմ կը պատ­րաս­տուին: ­Մենք խօ­սե­լու բան ու­նինք, կան ո­րո­շա­կի ար­դիւնք­ներ, կան ի հար­կէ հե­ռան­կար­ներ: ­Մեզ կը հե­տաքրք­րէ եւ ես յոյս ու­նիմ շատ ման­րակր­կիտ ձե­զի հետ քննար­կե­լու ձեր աշ­խա­տան­քի փոր­ձը Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան (Ե.Տ.Մ.) ծի­րին մէջ: Ես շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով շատ լուրջ քայլ կա­տա­րո­ւած է երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խո­րաց­նե­լու հա­մար` նկա­տի ու­նիմ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան բա­ցու­մը ­Քիշ­նե­ւի մէջ ան­ցած տա­րո­ւան ա­ւար­տին: Եւ այս տա­րի մենք շատ աշ­խոյժ սկսանք հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու դես­պա­նին հետ: Այս ա­մէ­նը ցոյց կու տայ, որ մենք դուրս կու գանք դէ­պի երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր մա­կար­դակ»,- ը­սած է ­Մոլ­տո­վա­յի նա­խա­գահ Ի­կոր ­Տո­տոն: ­Նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պու­մէն ետք, ­Մոլ­տո­վա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ի­կոր ­Տո­տոն, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ այ­ցե­լած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր, ուր յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն: