ԷԴԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՏԱԹԵՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

(Աղ­բիւր՝ «­Հայ կա­նայք 19րդ դա­րա­վեր­ջի եւ
20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հե­րո­սա­մար­տի տա­րի­նե­րին»)

Ց­րոնք­ցի ­Տի­րուն Եղ­սո­յեան

Մ­շոյ դաշ­տի գիւ­ղե­րուն հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օ­րե­րուն հայ կի­ներ տղա­մար­դոց կող­քին, կամ՝ ա­ռանց ա­նոնց, ա­նարգ ո­սո­խին դէմ կռո­ւած են հե­րո­սա­բար: ­Շատ ան­գամ զէն­քի եւ փամ­փուշ­տի բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, թշնա­միին ձեռ­քը իյ­նա­լէ խու­սա­փե­լու հա­մար, դի­մած են գի­տակ­ցո­ւած անձ­նաս­պա­նու­թեան՝ ի­րենց ա­նունն ու պա­տի­ւը բարձր պա­հե­լով ու հե­րո­սա­նա­լով սե­րունդ­նե­րու աչ­քին:
Ն­ման հե­րո­սու­հի կի­նե­րէն էր ցրոնք­ցի ­Տի­րուն (Տշ­տօն) Եղ­սո­յեան:
Մ­շոյ դաշ­տի հայ­կա­կան գիւ­ղե­րը, 1915 թո­ւա­կա­նի ­Մա­յի­սէն սկսեալ, շրջա­պա­տո­ւեր էին քիւրտ խու­ժա­նով եւ թրքա­կան բա­նա­կին կող­մէ: ­Գիւ­ղե­րուն մի­ջեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը կտրո­ւեր էր եւ մէկ գիւ­ղը չէր գի­տեր, թէ ի՛նչ կը կա­տա­րո­ւի միւս գիւ­ղին մէջ: Իսկ մար­տա­կան ու­ժե­րուն մեծ մա­սը բարձ­րա­ցեր էր ­Սաս­նայ լեռ­նե­րը:
1915 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լիս 25ին թուրք եւ քիւրտ խու­ժա­նը յար­ձա­կեր էր Մ­շոյ դաշ­տի Եո­ղունք գիւ­ղին վրայ: Ամ­բողջ գիւ­ղին մէջ կար 150-200 տուն, իսկ յայտ­նի կռո­ւող­նե­րը հե­ռա­ցեր էին, որ­պէս­զի չվտան­գո­ւի ծե­րե­րուն, կի­նե­րուն եւ ե­րե­խա­նե­րուն կեան­քը:
Թշ­նա­մին սկսեր էր կո­ղոպ­տել, քան­դել, կո­տո­րել: ­Գե­ղե­ցիկ կի­ներն ու աղ­ջիկ­նե­րը ա­ռանձ­նա­ցու­ցեր էին՝ բռնա­բա­րե­լու եւ իս­լա­մաց­նե­լու հա­մար: Ընդ­դի­մա­ցող­նե­րու մա­զե­րէն ձիե­րու պո­չե­րուն կա­պեր եւ քա­ռասմ­բակ քշեր էին՝ մին­չեւ, որ կտոր-կտոր ըլ­լա­յին: Ա­նօգ­նա­կան աղ­ջիկ­ներն ու կի­նե­րը խու­ճա­պի մատ­նո­ւած էին: Այդ վճռա­կան պա­հուն յան­դուգն ու կո­րո­վի կին մը՝ ­Տի­րուն (Տշ­տօն) Եղ­սո­յեան աչ­քի ին­կած էր ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն, ա­նոնց պաշտ­պան կանգ­նած էր եւ ար­հա­մար­հե­լով ա­մէն վտանգ՝ ա­պա­հով ա­ռաջ­նոր­դեր էր տուն:
­Սա­կայն այդ տունն ալ պա­շա­րո­ւեր էր քիւրտ եւ թուրք ամ­բո­խին կող­մէ: ­Տի­րու­նի քա­ջա­լե­րան­քով՝ կի­ներն ու աղ­ջիկ­նե­րը յա­մա­ռօ­րէն դի­մադ­րեր էին եւ մա­հը աչք առ­նե­լով՝ ո­րո­շեր էին ի­րենց ա­նունն ու պա­տի­ւը ա­նա­րատ պա­հել:
­Տի­րուն, իր հար­սին ձեռ­քը ա­մուր բռնած, բո­լո­րին սիրտ կու տար եւ ի­րա­վի­ճա­կը որ­քան ալ ան­յոյս ըլ­լար, մի­ջոց­ներ կը փնտռէր՝ ա­նոնց հո­գիի կո­րո­վը բարձր պա­հե­լու հա­մար:
­Տի­րուն Եղ­սո­յեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ կի­ներ կռո­ւեր են հե­րո­սա­բար: Այդ մա­սին պատ­մած է ա­կա­նա­տես ­Մի­սաք ­Յա­կո­բեան, որ բախ­տի բեր­մամբ ծա­նօթ քիւր­տի մը օգ­նու­թեամբ ա­զա­տեր էր այդ մա­հա­բեր վայ­րէն.-
«Այս տա­րեց կի­նե­րէն ա­մէ­նէն ան­վախն ու խի­զախն էր Էղ­սո­յի­Սար­գի­սին աղ­ջի­կը՝ ­Տի­րուն (Տշ­տօն), որ մայր վագ­րի պէս ան­վախ կը ցատ­կէր, կը ճանկռ­տէր թէ՛ թուր­քի եւ թէ՛ քիւր­տի ե­րե­սը: Այդ կի­նը՝ ­Տի­րուն, հա­կա­ռակ ա­մէն տե­սակ չար­չա­րանք­նե­րուն, բռնած իր հար­սին ձեռ­քէն, ոչ ո­քի յանձ­նեց զայն, մին­չեւ ա­մէ­նէն ստոյգ մա­հը, ձեռ­քը բռնած հար­սին եւ որ­պէս ա­ռաջ­նորդ այդ ան­տէր հօ­տին, դի­մեց այն տու­նը, ուր հրկի­զո­ւե­ցան ա­մէն­քը միա­սին, ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան»,- կը գրէ յու­շա­գի­րը:
Թշ­նա­մի խումբ մը, կատ­ղած՝ կի­նե­րուն դի­մադ­րու­թե­նէն, կրա­կի տո­ւեր էր ա­նոնց ա­պաս­տա­նած տու­նե­րէն մէ­կը: ­Բո­ցերն ու ծու­խը աշ­խար­հը բռներ էին, սա­կայն փա­խող­ներ ու յանձ­նո­ւող­ներ չէին ե­ղած:

Խա­մէ

Մ­շոյ դաշ­տի գիւ­ղե­րուն ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռիւ­նե­րուն մաս­նա­կից­նե­րէն էր հե­րո­սու­հի ­Խա­մէ: Ան ա­պաս­տա­նած էր ­Քա­նա­սար: ­Ծի­րին­կա­տա­րի եւ ­Ծո­վա­սա­րի հիւ­սի­սա­յին փէ­շե­րէն դէ­պի ­Պիթ­լիս եր­կա­րող ­Սա­սու­նի ան­տա­ռա­ծածկ եւ խոր ան­դունդ­նե­րով կտրա­տո­ւած լեռ­նաշղ­թան ­Քան կը կո­չո­ւէր: ­Մու­շի ու դաշ­տա­յին գիւ­ղե­րուն ան­կու­մէն եւ ­Սա­սու­նի ճա­կա­տա­մար­տին յա­ջոր­դող Ան­դո­կի պար­տու­թե­նէն ետք ­Քա­նայ սա­րին վրայ հա­ւա­քո­ւած էր 15-20 հա­զա­րի հաս­նող բազ­մու­թիւն մը: ­Կա­տա­րո­ւած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը յու­սա­հա­տու­թիւն ա­ռա­ջա­ցու­ցեր էին:
­Նոյ­նիսկ մար­տա­կան ու­ժե­րուն մէջ կը տի­րէր ա­նո­րո­շու­թիւն եւ սպա­սո­ղա­կան վի­ճակ: Ն­ման պայ­ման­նե­րու մէջ քաջ ու ճար­պիկ ­Խա­մէ կի­նե­րու խումբ մը կազ­մեր էր, ո­րուն նշա­նա­բանն էր «­Հե­րո­սա­բար մեռ­նիլ, սա­կայն չյանձ­նո­ւիլ»:
Ա­նոնք գի­շեր­նե­րը գա­ցեր էին մօ­տա­կայ գիւ­ղե­րը՝ բնակ­չու­թեան ու­տե­լիք հասցնե­լու: ­Քա­նի-քա­նի ան­գամ­ներ ­Խա­մէ մա­հէն ա­զա­տեր էր՝ յար­մար պա­հուն մտնե­լով ի­րենց լքո­ւած տու­նը, մին­չեւ որ վտան­գը անց­նէր: ­Սա­կայն գի­շեր մը ­Խա­մէ եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րը բռնո­ւած են ­Մառ­նիկ գիւ­ղին մէջ եւ քիւր­տե­րուն կող­մէ յանձ­նո­ւեր ոս­տի­կա­նու­թեան: ­Թուրք ոս­տի­կան­նե­րը զի­րենք ա­խո­ռի մէջ բան­տար­կեր էին: ­Տա­րի­քոտ քիւրտ մը ­Խա­մէին հա­մար 20 ղրուշ փրկա­գին վճա­րե­լով՝ ա­զա­տեր էր զինք:
­Քիւր­տը ­Խա­մէին հա­գուստ տո­ւեր էր, որ­պէս­զի ցնցո­տի­նե­րը փո­խէր: Այդ հա­գուս­տը հա­յու­հի­նե­րէն մէ­կէն գող­ցո­ւած էր եւ վրան ա­րեան բի­ծեր կա­յին: Իր յուզ­մուն­քը զսպե­լով՝ ­Խա­մէ ո­րո­շեր էր վրէժ լու­ծել եւ կրկին սար բարձ­րա­նալ:
­Հո­գին փո­թոր­կող ա­տե­լու­թիւնն ու զայ­րոյ­թը խրոխտ հա­յու­հիին բա­զու­կին ուժ տո­ւեր էին, եւ ան կա­ցի­նի մէկ հա­րո­ւա­ծով քիւր­տը գե­տին տա­պա­լեր եւ ­Քա­նա­յի ան­տառ­նե­րուն մէջ ա­պաս­տա­ներ էր: Օ­րե­րու ըն­թաց­քին ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կը ծան­րա­ցեր էր: Այս մա­սին յայտ­նի յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ ­Վա­հան ­Փա­փա­զեա­նը փաս­տեր է.-
«­Ժո­ղո­վուր­դը կը հա­լի ա­մէ­նօ­րեայ ջար­դե­րու եւ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռաւ: Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ ո՞վ կրնայ մտա­ծել ու­ժե­րու ամ­փոփ­ման կամ ո­րե­ւէ նպա­տա­կի հա­մար զայն կազ­մա­կեր­պե­լու մա­սին: ­Բո­լո­րը զար­հու­րե­լիօ­րէն յու­սա­հատ՝ անձ­նա­կան կեան­քի պահ­պան­ման մի­ջոց­ներ կը փնտռեն ա­մէն գնով»:
­Ռու­սա­կան բա­նա­կին եւ հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րուն սպա­սե­լէն յոգ­նած՝ ­Խա­մէ այդ փոք­րիկ խում­բին հետ հե­ռա­ցեր էր ­Քա­նա­սա­րէն: Եր­կար ժա­մա­նակ անց խում­բը քրտաբ­նակ դար­ձած նախ­կին հայ­կա­կան գիւ­ղե­րուն մէջ թա­փա­ռեր էր, ո­մանք սո­վա­մահ ե­ղած էին, ու­րիշ­ներ սպան­նո­ւեր էին, ո­մանք ալ կոր­սո­ւեր էին ան­հետ:
Ի վեր­ջոյ ­Խա­մէ ստի­պո­ւած հա­գեր էր քիւր­տի տա­րազ եւ ծա­ռա­յու­թեան մտեր՝ ա­ղա­յի մը տու­նը:
1916 թո­ւա­կա­նին, հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րէն վե­րապ­րող­նե­րը փրկե­լու կո­չո­ւած կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը մտեր էին ­Մուշ, եւ լեռ­նե­րը ա­պաս­տա­նած մշե­ցի­նե­րու եւ սա­սուն­ցի­նե­րու բե­կոր­նե­րը միա­ցեր էին ա­նոնց: Կ­’են­թադ­րո­ւի, որ ան­կէ ետք ­Խա­մէ ալ ծա­ռա­յու­թեան լու­ծը թօ­թա­փեր էր՝ միա­նա­լով ա­նոնց: Դժ­բախ­տա­բար, պատ­մու­թիւ­նը ոչ մէկ ստոյգ տե­ղե­կու­թիւն պահ­պա­նած է այս յան­դուգն եւ պա­տո­ւախն­դիր հա­յու­հիին հե­տա­գայ ճա­կա­տագ­րին մա­սին: