­Կի­րա­կի՝ 19 ­Մարտ 2017ին, «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ մշա­կու­թա­յին հա­ւաք՝ կա­զ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղին:
Ինչ­պէս ա­միս­ներ ա­ռաջ յայ­տա­րա­րո­ւած էր վի­ճա­կա­հա­նու­թեան մա­սին, ժա­մա­նա­կը հա­սած էր կա­տա­րե­լու սոյն վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը: ­Վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը կ­՛ընդգր­կէր եր­կու տոմս դէ­պի ­Հա­յաս­տան եւ վեցօ­րեայ պան­դո­կի ա­պա­հո­վու­թիւն:
­Ձեռ­նար­կի բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Վրդ. ­Սա­պուն­ճեան, որ նաեւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նադ­պիրն է:
­Հայր ­Սուր­բը ը­սաւ.- «­Հա­մազ­գա­յի­նը՝ ըլ­լա­լով հա­մաշ­խար­հա­յին միու­թիւն մը, իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ կը մնայ կան­գուն, ­Հայ մշա­կոյ­թի բար­գա­ւա­ճու­մը որ­պէս նպա­տակ ու­նե­նա­լով՝ վար­չու­թիւնս միշտ կը փոր­ձէ տալ այն, ինչ որ պէտք է մեր հա­մայն­քին որ­պէս մշա­կոյթ, եւ այ­սօր ա­հա­ւա­սիկ հա­ւա­քո­ւած ենք ի­րա­րու հետ վա­յե­լե­լու հայ մշա­կոյ­թի բա­րիք­նե­րը:
Այ­սօ­րո­ւան կա­տա­րո­ւե­լիք վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը լոկ խա­ղար­կու­թիւն մը չէ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր ար­դիւն­քը պի­տի ծա­ռա­յէ ան­ձի մը ու­րա­խու­թեան, եւ հայ­րե­նի­քին կա­րօտն ու ե­րա­զը ու­նե­ցող հո­գիի մը ի­րա­կա­նաց­ման:
Այ­սօ­րո­ւան հա­մար նաեւ յայ­տա­րա­րած էինք ա­նակն­կալ ձեռ­նարկ մը. «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը նոր պա­րազ­գեստ­նե­րով պի­տի ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան պա­րեր. ­Հա­յաս­տա­նէն ե­կած նոր զգեստ­նե­րը նոր շունչ ու նոր ո­գի կու տան պա­րա­խում­բին:
Որ­պէս ­Միու­թիւն, ե­սա­սի­րու­թիւ­նը մէկ­դի թո­ղած, կը խոստ­նանք ըլ­լալ հա­ւա­տա­րիմ հայ մշա­կոյ­թին եւ լա­ւա­գոյ­նը կա­տա­րել ու ներ­կա­յաց­նել ձեր բո­լո­րին»:
Ա­պա՝ վար­չու­թեանս ա­տե­նա­պե­տու­հի տի­կին ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեան յու­նա­րէ­նով իր սրտի խօս­քը ար­տա­յա­տեց, նկա­տի ու­նե­նա­լով յոյն հա­սա­րա­կու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը սոյն ձեռ­նար­կին, որ­մէ ետք «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան պա­րի գե­ղե­ցիկ ե­լոյթ մը, ո­րուն ըն­թաց­քին նաեւ եր­գեց ­Մա­րիա Ս­բի­րի­տո­նի­տուն:
­Պա­րա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը, մեծ խան­դա­վա­ռու­թե­նէ մը ետք յայ­տա­րաո­ւե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թեան շա­հող թի­ւը՝ 455, Ա­թէն­քէն:
­Բա­րի վա­յե­լում կը մաղ­թենք շա­հո­ղին, եւ որ­պէս վար­չու­թիւն կը խոս­տա­նանք ա­ւե­լին կա­տա­րել եւ մեր հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը պա­հել միշտ ու­րախ հայ մշա­կոյ­թով լից­քա­ւո­րո­ւած:

Ս.Ս.