Ան­նա­խըն­թաց խան­դա­վառ պա­հեր ապ­րե­ցաւ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռի այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով։ ­Շա­բաթ, 11 ­Մարտ 2023-ի ե­րե­կո­յեան ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Լէոն­տիօ վար­ժա­րա­նա­յին հա­մա­լի­րի ըն­դար­ձակ հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ ե­ղաւ վա­յե­լե­լու հա­մար հայ մշա­կոյ­թի գան­ձե­րու նմուշ մը եւ ունկնդ­րե­լու ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի պատ­գա­մը։Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին կող­մէ։ ­Ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ա­ռաջ­նորդ ­Յով­սէփ Ծ. վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի պետ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­շրջաններու հոգեւոր հովիւները, Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տան կող­մէ հիւ­պա­տոս պ. ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեան, Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. Գ­րի­գոր ­Մահ­սէ­րէ­ճեան եւ ան­դամ պ. Ար­մէն ­Տէ­րեան, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Կ.­Խա­չի ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեան։­Վե­հա­փա­ռի ու իր շքա­խում­բի մուտ­քէն ետք, վայր­կեա­նի մը յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գո­ւե­ցաւ ­Թեմ­պիի եր­կա­թու­ղա­յին ար­կա­ծի զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը։ ­Նոյն պա­հու խորհր­դա­ւո­րու­թեան մէջ, ե­րա­ժիշտ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան դաշ­նա­կի վրայ եւ տու­տու­կա­հար ­Վա­հան ­Գալս­տեան նո­ւա­գե­ցին հայ­կա­կան մե­ղե­դի մը, որ­պէս յար­գան­քի տուրք ան­մեղ զո­հե­րուն հա­մար։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, «­Նոս­թալ­ճիա» նո­ւա­գա­խում­բը հնչե­ցուց հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը։Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց պ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, որ նա­խա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի 1996-ին ­Յու­նաս­տան անդ­րա­նիկ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման խօս­քին, որ մին­չեւ այ­սօր կը պա­հէ իր այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը եւ կը զու­գա­դի­պի «Ս­փիւռ­քի տա­րո­ւան» հռչա­կու­մին հետ։ Ան նաեւ ընդգ­ծեց, թէ Ս­փիւռ­քի օ­րա­կար­գը ե­ղած է ­Վե­հա­փա­ռի մնա­յուն ա­ռաջ­նա­հերթութիւն­նե­րէն մէ­կը, եւ այս ան­գամ, ինք անձ­նա­պէս կը կա­տա­րէ հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ բո­լոր թե­մե­րուն, մօ­տէն քննե­լու հա­մար իւ­րա­քան­չիւր թե­մի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման հիմ­նա­կան պա­հանջ­նե­րը։ ­Խօ­սո­ղը յայտ­նեց, թէ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս, իր գա­հա­կա­լու­թեան ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն, ուր որ գտնո­ւե­ցաւ, Ան­թի­լիա­սի ­Մայ­րա­վան­քի խո­րա­նէն մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­մէ­նէն պաշ­տօ­նա­կան բե­մե­րը, ա­հա­զան­գեց ու խօ­սե­ցաւ Ս­փիւռ­քի մա­սին, մա­նա­ւանդ ար­տա­սա­նե­լով «­Հայ­րե­նի­քը կը պար­պո­ւի, Ս­փիւռ­քը կը մա­շի» ծան­րակ­շիռ խօս­քը, ո­րուն հրա­տա­պու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ յատ­կան­շել հայ կեան­քը իր ամ­բող­ջու­թեամբ։ ­Խօ­սո­ղը շեշ­տադ­րում ը­րաւ ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու Ս­փիւռ­քի դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ­Վե­հա­փա­ռի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու ա­ռանձ­քը կը կազ­մեն, բաժ­նե­կից ըլ­լա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ։ Ա­պա, հա­կիրճ անդ­րա­դարձ ը­րաւ ­Վե­հա­փա­ռի այ­ցե­լու­թեան օ­րա­կար­գին մա­սին, նշե­լով նաեւ պե­տա­կան, մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան եւ գա­ղու­թա­յին հան­դի­պում­նե­րու կա­րե­ւոր ծրա­գիր­նե­րը։Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քը ար­տա­սա­նեց ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, որ անդ­րա­դառ­նա­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թի ներ­կայ պատ­կե­րին, իր խօս­քը ուղ­ղեց ­Հայ­րա­պե­տին եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տեց.- «­Ձեր եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ 2022 տա­րին, ինչ­պէս նաեւ շա­րու­նա­կա­բար 2023-ը Ս­փիւռ­քի տա­րի յայ­տա­րա­րե­լը, ար­դիւնք է Ս­փիւռ­քի մա­շու­մին մա­սին ձեր մտա­հո­գու­թեան: ­Ձեր այ­ցե­լու­թիւ­նը, ­Ձեր իսկ խօս­քե­րով պարզ հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն ըլ­լա­լէ ան­դին, սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման եւ վե­րաշ­խու­ժաց­ման խայ­ծը տա­լու կը մի­տի:

­Խօս­քե­րէ եւ բաղ­ձանք­նե­րէ ան­դին անց­նե­լով վճռա­կան եւ ար­դիւ­նա­ւոր քայ­լե­րու դի­մել, ներ­կայ ար­դիա­կան ձե­ւե­րով եւ մի­ջոց­նե­րով վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու հա­մար սփիւռ­քա­հայ կեան­քը: Անձ­նա­պէս եւ հա­ւա­քա­բար թիա­վա­րել օ­տա­րաց­ման հո­սան­քին դէմ: ­Մա­նա­ւանդ յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րը ներշն­չել, տէր կանգ­նե­լու մեր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն եւ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն:­Հա­մա­վա­րա­կի շրջա­նը, որ բո­լոր աշ­խար­հին պա­տու­հա­սեց, մի­լիո­նա­ւոր կեան­քեր խլե­լով կ­՚ե­րե­ւի, որ իր վախ­ճա­նին կը հաս­նի: ­Ձեզ­մէ օ­րի­նա­կո­ւե­լով եւ ­Ձեր մղու­մով բո­լորս վա­րա­կո­ւինք գոր­ծա­վա­րա­կով, գործ կայ ըլ­լա­լիք, մա­շու­մը դան­դա­ղեց­նե­լու ին­չու չէ նաեւ չէ­զո­քաց­նե­լու ճամ­բուն վրայ»:­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը սկսաւ ե­րա­ժիշտ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի «­Նոս­թալ­ճիա» նո­ւա­գա­խում­բով, որ ներ­կա­յա­ցուց ե­րեք կտոր­ներ՝ «­Հա­յաս­տան», «Ե­րե­ւան-է­րէ­բու­նի» եւ «­Կի­լի­կիա», ո­րոնց ե­րաժշ­տա­կան դաշ­նա­ւո­րու­մը կա­տա­րած էր Մ. ­Չա­լը­քեան։ ­Նո­ւա­գա­խում­բը, որ կը բաղ­կա­նայ հայ եւ յոյն ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­նե­րէ, յայտ­նու­թիւն մը ե­ղաւ՝ տպա­ւո­րե­լով եւ խան­դա­վա­ռե­լով ներ­կա­նե­րը։­Յա­ջոր­դա­բար՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը՝ պա­րու­սու­ցու­թեամբ Էտ­կար Է­կեա­նի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը՝ պա­րու­սու­ցու­թեամբ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեա­նի եւ ­Գո­մո­թի­նիի Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան «Ու­րար­տու» պա­րա­խում­բը՝ պա­րու­սու­ցու­թեամբ ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեա­նի ոտ­քի հա­նե­ցին սրա­հը, ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան տպա­ւո­րիչ պա­րեր, ո­րոնք տղոց եւ աղ­ջիկ­նե­րու տպա­ւո­րիչ շար­ժում­նե­րով ո­գե­ւո­րե­ցին ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը։ Տ­պա­ւո­րիչ էր ա­ւար­տին տես­նել 80 երկ­սեռ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը միաս­նա­բար բե­մին վրայ, ի­րենց գե­ղե­ցիկ տա­րազ­նե­րով։­Գո­մո­թի­նիի Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան «­Նա­յի­րեան մե­ղե­դի» երգ­չա­խում­բը ղե­կա­վա­րու­թեամբ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի յա­ջո­ղա­պէս մեկ­նա­բա­նեց «­Զար­թիր Որ­դեակ» եւ Ա­րի իմ ­Սո­խակ» եր­գե­րը, ներ­դաշ­նակ ձայ­նե­րով ու խոր վե­հու­թեամբ։­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղե­լու։ Սր­բա­զա­նը նախ բա­ցատ­րեց ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը եւ ընդգ­ծեց ­Վե­հա­փա­ռի 28-ա­մեայ ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Ան ­Հայ­րա­պե­տը ներ­կա­յա­ցուց իբ­րեւ հայ կեան­քի ա­մե­նա­մեծ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը եւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ հայ­րա­պետ­նե­րուն ար­ժա­նա­ւոր յա­ջոր­դը։ Ա­պա, Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զա­նը, յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մին, իբ­րեւ ա­խո­յեա­նու­թեան խորհր­դանշան, ­Հայ­րա­պե­տին նո­ւի­րեց ձի­թե­նեաց ոս­կե­զօծ պսակ։­Պա­հը հա­սաւ յու­նա­հայ ազ­գա­յին կեան­քէն ներս կա­րե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն կա­տա­րած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պար­գե­ւատր­ման։ Սր­բա­զան հայ­րը բեմ հրա­ւի­րեց տ. ­Տի­րու­հի ­Գալ­ֆա­յեա­նը, պ. Ա­րա ­Ման­կո­յեա­նը, պ. Ս­տե­փան ­Մատ­թէո­սեա­նը եւ տ. ­Ման­նիկ Աշ­րեա­նի կող­մէ, իր որ­դին ­Յա­կոբ Աշ­րեա­նը։ Սր­բա­զան հայ­րը մէկ առ մէկ կար­դաց ­Վե­հա­փառ հօր կող­մէ պար­գե­ւատր­ման կոն­դակ­նե­րը, ա­պա Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռը «­Կի­լի­կեան Աս­պե­տի» եւ «­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց» շքան­շան­նե­րով պար­գե­ւատրեց չորս անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, յու­զու­մի մթնո­լոր­տի մէջ։Իր հայ­րա­կան խօս­քին մէջ, ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը նախ իր հիա­ցու­մը ար­տա­յայ­տեց հրամ­ցո­ւած յայ­տա­գի­րին հա­մար։ ­Յա­ջոր­դա­բար, իր խօս­քը շա­րու­նա­կեց վեր առ­նե­լով հայ մշա­կոյ­թը, ա­նոր բա­րո­յա­կան սկզբունք­ներն ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը, կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց զա­նոնք ոչ միայն պա­հե­լու, այ­լեւ ապ­րե­լու ու զար­գաց­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ, թէ մշա­կոյ­թը հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ մը չէ: Ա­ռանց հայ մշա­կոյ­թին հայ ազ­գը պատ­մու­թեան փո­թո­րիկ­նե­րուն մէջ պի­տի կոր­սո­ւէր: ­Սա­կայն, մեր մշա­կոյ­թին շնոր­հիւ մնա­ցինք կան­գուն՝ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ տագ­նապ­նե­րուն մէջ, նոյ­նիսկ ջար­դե­րէն ետք: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը անդ­րա­դառ­նա­լով հայ ար­ժէք­նե­րուն՝ ը­սաւ.- «մշա­կոյթ, բա­րո­յա­կան սկզբունք­ներ եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­ներ, մե­զի հա­մար դար­ձան ան­բա­ժա­նե­լի մէկ ամ­բող­ջու­թիւն: ­Հո­գե­ւո­րը՝ մեր կեան­քին մէջ հա­յա­ցաւ. հա­յը՝ իր հո­գիով ու ա­ւան­դու­թեամբ՝ քրիս­տո­նէա­կան նկա­րա­գիր ստա­ցաւ. բա­րո­յա­կա­նը՝ մեր մշա­կոյ­թա­յին ու ազ­գա­յին տես­լա­կա­նին, ձգտում­նե­րուն, իղ­ձե­րուն եւ տագ­նապ­նե­րուն էու­թիւ­նը դար­ձաւ: Եւ մենք այս ար­ժէք­նե­րով մեր ինք­նու­թիւ­նը կեր­տե­ցինք»։ Ան իր խօս­քին մէջ բարձր գնա­հա­տեց ձեռ­նար­կը ճո­խաց­նող յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը:Ե­լոյ­թի վեր­ջին մա­սին, երգ­չա­խում­բը ո­գե­ւո­րեց «Ե­րե­ւան Է­րէ­բու­նի» եր­գի կա­տա­րու­մով, իսկ ե­լոյ­թը փա­կո­ւե­ցաւ դար­ձեալ երգ­չա­խում­բին կող­մէ եր­գո­ւած «­Կի­լի­կիա» եւ «Ի վեհ բար­ձանց» մաղ­թերգ­նե­րով։

Ս. ­Պա­տա­րագ ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ

Կի­րա­կի, 12 ­Մար­տի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. ­Պա­տա­րագ, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին։ ­Պա­տա­րա­գիչն էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեան, իսկ քա­ռա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դպրաց դա­սե­րու խառն խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Մկրտիչ Գ­րի­գո­րեա­նի եւ եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Լու­սի­նէ ­Թեն­պե­լեա­նի։Ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին ­Վե­հա­փա­ռը եւ իր շքա­խում­բը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, հո­գե­ւոր դա­սուն, ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լիին, սար­կա­ւագ­նե­րուն, դպիր­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, մինչ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան կազ­մե­րը պա­տո­ւի ա­ռին ­Վե­հա­փա­ռին։ Ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գակ­նե­րու ղօ­ղան­ջին տակ եւ աղ ու հա­ցի օրհ­նու­թեամբ, ­Վե­հա­փա­ռը մուտք գոր­ծեց ե­կե­ղե­ցի։Իր քա­րո­զին մէջ Ա­րամ Ա.  ­Հայ­րա­պե­տը անդ­րա­դառ­նա­լով իր հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան, լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պումն ու հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։ ­Վե­հա­փառ խօ­սե­լով իր այ­ցե­լու­թեան ա­ռանց­քա­յին նպա­տա­կին մա­սին՝ յի­շե­ցուց, թէ 2022 ու 2023 տա­րի­նե­րը հռչա­կած էր «Ս­փիւռ­քի ­Տա­րի», եւ այս ծի­րին մէջ անդ­րա­դար­ձած Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ու վե­րա­կեն­սու­նա­կա­նաց­ման հրա­մա­յա­կա­նին: «Այս ուղ­ղու­թեամբ, մեր թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը ա­ռանց­քա­յին կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի։ ­Մեր հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին կա­րե­ւո­րու­թեամբ պի­տի անդ­րա­դառ­նանք ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ծրագ­րին, եւ թե­մի հո­գե­ւոր թէ աշ­խար­հա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ միա­սին պի­տի մտա­ծենք, թէ ի՞նչ ձե­ւով կրնանք թե­մա­կան կա­ռոյց­նե­րը ու ա­նոնց աշ­խա­տան­քը վե­րա­տե­սու­թեան ու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման են­թար­կել, այն­պի­սի՛ մօ­տե­ցու­մով, որ ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ մեր ներ­կայ կեան­քի պայ­ման­նե­րուն ու կա­րիք­նե­րուն: ­Վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման մեր աշ­խա­տան­քին հիմ­նա­կան նպա­տա­կը ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեր ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ հա­մախմ­բելն է։ Այս ուղ­ղու­թեամբ յա­տուկ ծրա­գիր­ներ հարկ է որ պատ­րաս­տո­ւին եւ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին եւ ծու­խե­րուն կող­մէ հա­մադ­րուած կեր­պով ի­րա­կա­նա­ցո­ւին՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Դժ­բախտ ե­րե­ւոյթ մըն է, որ կը դի­մագ­րա­ւէ հա­յու­թիւ­նը, ա­մէն տեղ: Այ­սօր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը հե­ռա­նայ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն: Հ­նա­մաշ ու զմռսուած մօ­տե­ցում­նե­րով ու կե­ցո­ւածք­նե­րով ա­ւե­լի պի­տի հե­ռաց­նենք ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը թէ՛ ազ­գա­յին եւ թէ՛ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն: ­Հե­տե­ւա­բար, պէտք է երկ­խօ­սու­թիւն ստեղ­ծել ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ ու վստա­հիլ ա­նոնց՝ փո­խա­նակ զա­նոնք հե­ռու պա­հե­լու մեր կա­ռոյց­նե­րէն ու ընդ­հան­րա­պէս մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն», ը­սաւ ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը։­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, առ ի գնա­հա­տանք ի­րենց ծա­ռա­յու­թեան, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ծաղ­կեալ փի­լո­նի տո­ւ­չու­թիւն ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նին եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նին, ինչ­պէս նաեւ լան­ջա­խա­չի տու­չու­թիւն Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նին։ Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին ըն­դու­նե­լու­թիւն եւ ա­ջա­համ­բոյր։

­Ճաշ­կե­րոյթ ի պա­տիւ ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին

­Նոյն օ­րո­ւան կէ­սօ­րին, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ ի պա­տիւ ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց մար­մին­ներն ու խոր­հուրդ­նե­րը, թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րը, տիկ­նանց մար­մին­նե­րը եւ դպիր­նե­րը։
­Ճա­շի ըն­թաց­քին զա­նա­զան ան­ձեր խօսք ա­ռին եւ բա­րի գա­լուս­տի խօս­քե­րով ող­ջու­նե­ցին ­Վե­հա­փա­ռի ներ­կա­յու­թիւ­նը յու­նա­հայ թե­մէն ներս։ Իր կար­գին, ­Վե­հա­փա­ռը գնա­հա­տեց ազ­գա­յին կեան­քին մէջ ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւնն ու ներդ­րու­մը բե­րող հո­գե­ւո­րա­կան եւ աշ­խար­հա­կան ան­ձե­րը, շեշ­տը դնե­լով ծա­ռա­յու­թեան ար­ժէ­քին եւ ե­կե­ղե­ցին ժո­ղո­վուր­դին ու ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ տա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին վրայ։