9 Հոկտեմբերի այս օրը, 169 տարի առաջ, հայոց աշխարհը բախտաւորուեցաւ ծնունդովը Մկրտիչ Փորթուգալեանի, որ կոչուած էր՝ իր յեղափոխական գաղափարներով ու անսակարկ անձնուիրումի օրինակով, մեծ ներդրում ունենալու նոր ժամանակներու հայ ազգային-ազատագրական պայքարին շղթայազերծման մէջ։
Թէեւ մասնաւորաբար հայ ազգային կուսակցութեանց նախակարապետին՝ Արմենական կուսակցութեան ստեղծումին կապուեցաւ իր անունը, այսուհանդերձ՝ Մկրտիչ Փորթուգալեան արժանացաւ ընդհանրապէս հայկական յեղափոխութեան յառաջապահ դրօշակիրի բարձր պատուանդանին։
Յատկապէս Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդը ըստ արժանւոյն մեծարեց Մ. Փորթուգալեանի դերն ու նշանակութիւնը հայ երիտասարդութեան յեղափոխական զարթօնքին ոգեւորման մէջ։
Մկրտիչ Փորթուգալեան պոլսեցի էր, ծնած էր Գում Գաբու։
Հայրը սեղանաւոր մարդ էր, բայց ի տարբերութիւն ժամանակի սեղանաւորներու մեծ մասին՝ յատուկ հոգածութիւն ունէր հայ մշակոյթին ու գրականութեան նկատմամբ։ Պատանի Փորթուգալեանի ազգային-գաղափարական կազմաւորման մէջ վճռորոշ դեր ունեցաւ իր հօր գրադարանը։
Յաճախեց Գում Գաբուի Մայր վարժարանը, որ այդ շրջանին նաեւ իբրեւ ժողովատեղի կը ծառայէր Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը մշակող պատրիարքարանի յանձնաժողովներուն։ 1860ականներու սահմանադրական եւ հակա-սահմանադրական բուռն պայքարի օրերուն, Գում Գափուի Մայր վարժարանը ինկաւ ամիրայական՝ հակա-սահմանադրական շրջանակներուն ձեռքը եւ պատանի Փորթուգալեան, համակրանքով հակուած ըլլալով սահմանադրականներուն կողմը, նախընտրեց իր դպրոցը փոխել եւ յաճախել սահմանադրականներու ազդեցութեան տակ գտնուող Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանը։
1859ին կորսնցուց հայրը, իսկ 1865ին՝ մայրը։ Որբացած՝ հազիւ Սահակեան վարժարանէն շրջանաւարտ, 1867ին նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ։ Կարճ ժամանակ մը գրավաճառ-թերթավաճառի մօտ աշխատեցաւ, բայց կÿուզէր ուսուցչութեան նուիրուիլ։ Սկսաւ հարուստ հայերու զաւակներուն մասնաւոր դասեր տալ։ Եւ երբ Պոլիս ապրող եւդոկիացիները իրենց ծննդավայրի դպրոցին համար յարմար ուսուցիչ մը կը փնտռէին եւ իբրեւ այդպիսին մօտեցան Փորթուգալեանի, ան բնաւ չվարանեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ Եւդոկիա
Բայց Եւդոկիա ուղղակի աղայական մտայնութեանց բոյն էր եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի նման լուսամիտ ուսուցիչ մը շատ շուտով յայտնուեցաւ բուռն բախումներու կիզակէտին։ Այդպէ՛ս, Փորթուգալեանի ուսուցչական երկարամեայ ասպարէզը, առաջին այդ հանգրուանէն սկսեալ, յատկանշուեցաւ մէկ կողմէ Փորթուգալեանի կատարած բարեկարգումներով, իսկ միւս կողմէ՝ աղայական խաւերու կողմէ իր դէմ ծաւալած հալածանքով եւ կառավարութեան մօտ Փորթուգալեանի հասցէին, իրբեւ յեղափոխականի, կատարուած տարաբնոյթ ամբաստանութիւններով։
Թէեւ այդ օրերուն Պոլսոյ հայոց պատրիարք ընտրուած Խրիմեան Հայրիկը ուղղակի իր հովանաւորութեան տակ առաւ հայութեան լուսաւորումին անսակարկ ծառայող անձնուէր ուսուցիչին, այսուհանդերձ՝ խաւարամիտ տարրին ճնշումը շատ ուժեղ էր եւ Փորթուգալեան կանչուեցաւ Պոլիս։
1874ին Խրիմեան հրաժարեցաւ պատրիարքի աթոռէն եւ Ներսէս Վարժապետեան յաջորդեց անոր։
Վարժապետեան Պատրիարք եւս դրական կարծիք ունէր երիտասարդ Փորթուգալեանի մասին, որ այդ օրերուն ստանձնած էր «Ասիա» թերթին խմբագրութիւնը եւ գաղափարական բուռն պայքար կը մղէր հայ պահպանողականութեան դէմ։ Փորթուգալեան դարձեալ ինկաւ հակահարուածի տակ եւ այն աստիճան, որ Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարք իր մօտ կանչեց եւ խորհուրդ տուաւ անոր, որ աւելի զուսպ ըլլայ։
Բայց Փորթուգալեան գտած էր իր ուղին եւ անդուելի մնաց։ Պահպանողակններու պահանջին անսալով՝ կառավարութիւնը փակեց ինչպէս Փորթուգալեանի «Ասիա»ն, նոյնպէս եւ Պարոնեանի «Թատրոն»ը։
Փորթուգալեան վերջնականապէս յոյսը կտրեց Պոլիսէն եւ նախընտրեց երթալ գաւառները, ուր բուն ժողովուրդը կÿապրէր՝ երկու կրակի մէջ ինկած. մէկ կողմէ օսմանեան կեղեքումները, իսկ միւս կողմէ պահպանողականներու ճնշումները անշնչելի կացութեան մատնած էին գաւառներու հայութիւնը, յատկապէս երիտասարդութիւնը։
Փորթուգալեան ամիսներ տեւող շրջագայութիւն մը կատարեց հայկական նահանգներուն մէջ։ Հուսկ՝ հասաւ մինչեւ Թիֆլիս, «Մշակ»ի խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի հետ մօտէն ծանօթանալու եւ գործակցութեան հիմեր դնելու համար՝ ի խնդիր երկրի տարածքին հայկական վարժարաններու բացման ու գաւառի հայ երիտասարդութեան ազգային-յեղափոխական զարթօնքին։ Նոյն միջոցին եւ նոյն ճամբով էր, նաեւ, որ Մկրտիչ Փորթուգալեանի եւ Արփիար Արփիարեանի միջեւ սկսաւ սերտ գործակցութիւն մը։
Արծրունիի աջակցութիւնը ապահովելէ ետք, 1870ականներու վերջերուն, Փորթուգալեան հաստատուեցաւ Վան՝ իբրեւ տեղւոյն նորաբաց Վարժապետանոցի ուսուցիչ։ Շուրջ չորս տարի աննախընթաց ոգեւորութիւն առաջացնող գործ կատարեց Փորթուգալեան։
Այդ շրջանին Խրիմեան Հայրիկ իր կարգին վերադարձած էր Վարագայ վանք՝ կրթական ընդհանուր շարժման թափը ուժեղացնելով։ Նաեւ ռուս-թրքական պատերազմին եւ Պերլինի Դաշնագրին հետեւող եռեւեփումի ժամանակաշրջանն էր, ինչ որ Փորթուգալեանին առջեւ լայն բացաւ ազգային-ազատագրական պայքարի իր գաղափարները աւելի յանդուգն կերպով տարածելու ասպարէզը։
Փորթուգալեան բառին բուն իմաստով ոտքի հանեց Վանի երիտասարդութիւնը։ Թէեւ պահպանողական շրջանակներուն կողմէ դարձեալ պետութեան մօտ ամբաստանուեցաւ իբրեւ յեղափոխական գաղափարներու քարոզիչի, այսուհանդերձ՝ Փորթուգալեան այլեւս տեղի տուողը չէր։ Նոյնիսկ երբ Վարժապետանոցը փակել տուին, Փորթուգալեան զօրակիցներ գտաւ, որպէսզի անոնց օգնութեամբ իր սեփական դպրոցը՝ Վանի Կեդրոնականը հիմնէ եւ յաւելեալ խիզախութեամբ շարունակէ նորահաս սերունդի գաղափարական ոգեւորման գործը։
Բայց այս անգամ կառավարութիւնը կարծրութեամբ միջամտեց եւ 1885ին ուղղակի Օսմանեան Կայսրութենէն դուրս՝ Մարսէյլ աքսորեց Վանի յեղափոխական շունչն ու ոգին դարձած Փորթուգալեանին։ Ան հաստատուեցաւ Մարսէյլ, հիմնեց «Արմենիա» թերթը եւ ամբողջական նուիրումով փարեցաւ անոր միջոցաւ հայկական յեղափոխութեան գաղափարական կրակը բոլորին հասցնելու աշխատանքին։
Նոյն տարին, Վան մնացած իր հետեւորդներուն հետ, Փորթուգալեան հիմնեց «Արմենական» կուսակցութիւնը, որուն գաղափարական հունաւորման ծառայեցուց իր թերթն ու գրիչը։
Մինչեւ 1921ի իր վախճանը, Փորթուգալեան հաւատարիմ մնաց հայ ազգային-ազատագրական պայքարի կրակը ամբողջ աշխարհի հայութեան հասցնելու առաքելութեան։
Թէեւ «Արմենական» կուսակցութիւնը ընդհանրապէս իր տեղը զիջեցաւ նախ հնչակեաններու եւ, ապա, դաշնակցականներու յեղափոխական յանդուգն մակընթացութեան առջեւ, այսուհանդերձ՝ Մկրտիչ Փործուգալեանի ցանած սերմերը իրենց պտուղը տուին եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժումը քաղաքական ու կազմակերպական ոստում կատարեց։
Հայկական Ազատամարտի յառաջապահ դրօշակիրին ծննդեան տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս հակիրճ ակնարկը կ’արժէ աւարտել Հ.Յ.Դ. առաջին սերունդի ականաւոր դէմքերէն քաղուած վկայութիւններով.
Ա. ՎՌԱՄԵԱՆ.- Կ’անցնին տարիներ, երբ այսօրուան կիրքերը վաղո՜ւց գերեզման մտած կը լինեն օրուան «խենթերուն» ու «խելօքներուն» հետ, երբ ժամանակակից դէպքերը բաժին կը դառնան անաչառ պատմութեան, երբ կը ստեղծուի Հայ Ազգ մը իր արմատներուն վրայ՝ գիտակից եւ տէր իր ճակատագրին,- այն ատեն է, որ պիտի ճշդուի ընկերաբանական դերը այն մեծ ու հզօր, զոր կատարեց Հայ Յեղափոխութիւնը այդ կազմաւորումին մէջ։ Այն ատեն է, որ պիտի գնահատուի ազգ կերտողներու արդէն շիջած այդ սերունդը, որուն մէջ եւ Փորթուգալեան։
«Այսօր, ողջունենք սրտագին մեր Վեթերան սերմնացանը, ողջունենք անոր դարձը հայրենի հողին վրայ։
«Անոր ալեւոր մազերուն վրայ Արծրունեաց աւերակներուն փոշին է, որ կը ճերմկի, բայց ականջ տանք անոր սրտին — հոն անշէջ կը պլպլայ հաւատքը, որ սրտատրոփ կը սպասէ… Մհերի դրան բացուելուն։
«Ողջո՜յն անոր, զոր հաւատքը չլքեց եւ որուն քայլերուն կամքը առաջնորդեց»։
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ.- «Ես իմ պարտքս կատարեցի»։
Մ. Փորթուգալեան կրնայ ըսել այդ խօսքը բարձրաճակատ ու համարձակ։
Նոր Հայաստան մը կայ այսօր ստեղծուած, որ աշխարհագրական եւ հողային տարածութիւն մը չէ, այլ գիտակցութիւն մը մեր ժողովուրդին մէջ.- Գիտակցութիւն իր ազգային ճակատագրին եւ ազգային իտէալին։
Նոր Հայաստան մը, ինքնավստահ ու ազատատենչ, երէկի գետնամած, ոտնակոխ եւ արհամարհուած Հայաստանին տեղ, որ իր տեղը կը ջանայ գրաւել, մաքառումով ու ճիգով, ինչպէս սորվեցուցին իրեն իր պայքարի զաւակները, ոմանք փառքի ճամբուն վրայ, ուրիշներ բախտաւոր, ինչպէս ինքն է՝ ծերունի գործիչը, իրենց աչքերովն իսկ տեսնելու այսօրուան հունձքն իրենց գաղափարական սերմնացանին։
Նախորդ սերունդի պայքարողները մեզի սորվեցուցին երազել ու մաքառիլ. մեզի տուին ազգային իտէալը։
Մկրտիչ Փորթուգալեան առաջին գծին վրայ կը կանգնի թրքահայ հատընտիր պայքարողներու այդ սերունդին մէջ, որուն առջեւ ամէնքս, առանց մտածման ու գաղափարի տարբերութեան, պարտաւոր ենք երախտագիտութեամբ բանալ մեր գլուխը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ.- «Ինձ թւում է, թէ 1875-1885 թուականների թրքահայ սերունդի այն փոքրաթիւ մասը, որ նուիրուել է հասարակական դատին եւ գնաց միանալու երեք յեղափոխական կուսակցութիւններից մէկն ու մէկին, անպայման կրել է Փորթուգալեանի ու նրա «Հաւատամք»ի սկզբնական ազդեցութիւնը։ Աւելի՛ն կ’ասեմ. Փորթուգալեան մենակը եղաւ թրքահայոց մէջ եւ մենակը մնաց իբրեւ հիմնադիր ու կազմակերպիչ ըմբոստացման՝ ընդդէմ բռնատիրութեան։
«Եւ իբրեւ այդպիսին եմ տեսնում նրա մեծութիւնն ու արժանիքը, եւ իբրեւ այդպիսին եմ բերում նրան իմ ակնածանքի եւ յարգանքի հաւաստիքը»։