Մխիթար անունով անմահացած հայ ժողովուրդի մեծամեծներու համաստեղութեան մէջ իր ճառագայթող դէմքով կը յայտնուի բժշկագիտական մտքի հայ հսկան՝ Մխիթար Հերացին, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Նոյեմբեր 11ի օրը։
Մեծանուն բժշկապետը կը հանդիսանայ հիմնադիրը հայ միջնադարեան, այլեւ դասական բժշկագիտութեան, որ ծաղկումի իր գագաթնակէտին հասաւ 12րդ դարուն, Կիլիկեան Հայաստանի մէջ։
Ընդհանուր համոզում եւ արժեւորում է, որ Մխիթար Հերացի հայ բժշկագիտութեան համար ունի այն արժէքն ու կարեւորութիւնը, ինչը Հիփոքրաթը ունի յունական, Գաղիանոսը՝ հռոմէական եւ Իպն Սինան՝ արաբական բժշկագիտութեան մէջ։
Իր ժամանակակիցներուն կողմէ արդարացիօրէն «Մեծն Մխիթար» անուանուեցաւ հայոց բժշկապետը։ Մասնագէտներու վկայութեամբ՝ Հերացի հաւաքեց, ուսումնասիրեց եւ ընդհանրացուց իր ժամանակաշրջանը կանխած դարերու փորձառութիւնը՝ ինչպէս դասական, նոյնպէս եւ ժողովրդային բժշկութեան մարզերէն ներս։ Հերացի ստեղծեց այնպիսի աշխատութիւններ, որոնք այսօր եւս կը պահպանեն իրենց արժէքը։
Իմաստուն բժիշկի համբաւը միշտ հետեւեցաւ «Ջերմանց մխիթարութիւն» անունով դասականացած բժշկագիտական գլուխ¬գործոց աշխասիրութեան հեղինակին։ Իրեն կը պատկանի բժշկական հոգատարութեան իմաստուն խորհուրդը.- «Որքան կարելի է, հիւանդը թող շատ լսէ գուսաններու երգը, լարերու հնչիւնը եւ հաճելի մեղեդիներ»։
Հանրագիտական աղբիւրի մը համաձայն՝ «Մխիթար Հերացիի նախորդները, անյայտ ու անանուն հայ բժիշկները անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանք կատարած էին` թարգմանելով յոյն, հռոմէացի եւ արաբ բժիշկներու գիտական ժառանգութիւնը, ստեղծելով նաեւ շարք մը սեփական գործեր գլխաւորապէս դեղագիտութեան եւ դարմանախնամքի (թերափիայի) վերաբերեալ: Սակայն այդ ամէնը չէր կրնար բաւարարել այնպիսի լուրջ ու պահանջկոտ գիտնականին, ինչպիսին էր Մեծն Մխիթար: Ահա թէ ինչպէս կը բնութագրէ ինք՝ միջնադարեան հայ բժշկագիտութեան դասականը՝ իր առջեւ ծառացած խնդիրները, «Ջերմանց մխիթարութիւն» աշխատութեան նախաբանին մէջ.
«Ես Մխիթար Հերացիս, տրուպս ի բժշկաց, որ ի մանկութենէ սիրող եղէ իմաստութեան եւ բժշկական արուեստից ու վարժեցայ ի դպրութիւն արաբացւոց, ե՛ւ պարսից, ե՛ւ հելլէնացւոց, տեսի յընթերցումն որ առ նոսա գրոցն զի ունէին զարուեստ բժշկութեան լի եւ կատարեալ ըստ առաջին ինաստնոցն, այսինքն՝ զնախագիտութիւն, որ է իմաստ եւ վարդապետութիւն բժշկական արուեստից: Եւ ի Հայք բնաւ ոչ գտի զվարդապետութիւն եւ զիմաստ նախագիտութեան, այլ զստածումն միայն» (med-practic.com):
Հերացի ծնած է (որոշ աղբիւրներու համաձայն 1118ին, կամ՝ ըստ այլոց 1120ին) հայաշէն Հեր (այժմու Խոյ, Պարսկաստան) քաղաքին մէջ։ Պատանի տարիքին տեղափոխուած է Կիլիկեան Հայաստան, ուր հետեւած է բժշկութեան եւ արժանացած է բժշկապետի պատուոյ կոչման։ Բնաւորութեամբ անսպառ եռանդի տէր, փորձարար եւ հետազօտող գիտնական մը ըլլալով՝ ան յաճախ ճամբորդած է մերձակայ թէ հեռաւոր երկիրներ, որոնելով դեղաբոյսեր եւ վարելով շրջուն բժիշկի կեանք։
Հարուստ իր փորձառութեամբ ան ձեռնարկած է հետազօտական աշխատանքի ինչպէս գիտնականի իր փորձասենեակէն ներս, նոյնպէս հիւանդներու անկողնին մօտ՝ արդիւնքը տեսականօրէն ընդհանրացնելով եւ իր աշխատասիրութեանց ճամբով գրի առնելով։
Այդ շրջանին ստեղծուած են մարդակազմութեան, կենսաբանութեան, ախտաբանութեան եւ դեղագիտութեան վերաբերեալ Հերացիի մեծահռչակ աշխատութիւնները, որոնց մեծ մասը, դժբախտաբար, հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագրին բերումով՝ անդարձ կորսուած է: Միայն բեկորներ մնացած են այս կամ այն ժողովածուին մէջ, հետագայ ժամանակներու բժիշկներու երկերուն մէջ:
Ինչպէս որ հանրագիտական աղբիւրներ կը հաստատեն՝ Մխիթար Հերացիի բժշկագիտական եւ բնախուզական լայն հետաքրքրասիրութեանց մասին կարելի է գաղափար մը կազմել, հիմնուելով նոյնիսկ այդ պահպանուած փոքրիկ հատուածներուն վրայ, որոնք վերնագրուած են «Վասն շինուածոյ եւ յօրինուածոյ աչացն», «Վասն փոշտանկի, որ է ձուանքն», «Վասն քարանց», «Որոտացոյց եւ շարժացոյց» եւայլն:
Հայոց բժշկապետին գիտական եւ բժշկական բեղմնաւոր գործունէութեան արդիւնքը եղաւ այն, որ 12րդ դարու 60ականներուն Հերացի արդէն մեծ համբաւ ձեռք բերած էր բժշկութեան մէջ եւ դարձած էր Ներսես Շնորհալի Կաթողիկոսի մտերիմ բարեկամը։ Շնորհալի իր բնափիլիսոփայական բնոյթի երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը՝ «Երկնքի եւ նրա լուսատուների մասին» վերնագրով՝ նուիրած է Մխիթար Հերացիին։
Իր կեանքի վերջալոյսին, Մխիթար Հերացի ձեռնամուխ եղաւ իր գլխաւոր աշխատութեան՝ «Ջերմանց մխիթարութիւն» գլուխ-գործոցի գրառման, որուն համար ան երկար ժամանակ համբերատարութեամբ նիւթեր հաւաքած էր՝ ոչ միայն ուսումնասիրելով հին աշխարհի եւ արաբ բժիշկներու աշխատութիւնները, այլեւ շրջելով Կիլիկեան Հայաստանի ճահճոտ վայրերը եւ ուսումնասիրելով անոնց յատուկ դողէրոցքը (մալարիա) ու այլ վարակիչ հիւանդութիւններ: Բնական էր, հետեւաբար, որ Հերացիի այդ աշխատանքը օրին իսկ արժանացաւ քաջալերանքին եւ մնաց ուշադրութեան առարկան բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ էին մեր երկրի ու ժողովուրդի բարօրութեամբ: Այդ առումով անպայման պէտք է յիշատակել փիլիսոփայ եւ բանաստեղծ Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոսի անունը, որ ամէն ձեւով խրախուսեց եւ օժանդակեց բժշկապետին եւ որուն մասին Մխիթար Հերացին, իր գրքի նախաբանին մէջ, գրած է հետեւեալը.
«Ես կը կամենայի, որքան ուժերս ներեն, այս գիրքը գրել համառօտ, միայն երեք տեսակ ջերմերու վերաբերեալ, նախագիտութեամբ եւ ստացմամբ… Ես կը վայելէի հայոց սրբազան կաթողիկոս Գրիգորի (Տղայ մականունով) սէրն ու հովանաւորութիւնը, ինչը եւ պատճառ եղաւ այս աշխատութիւնը գրելու… Այս պատճառով ալ ես համաձայնեցայ գրել այս գիրքը յանուն անհրաժեշտութեան եւ օգտակարութեան… Մենք գրեցինք այս գիրքը եւ անուանեցինք զայն «Ջերմանց մխիթարութիւն», որպէսզի անիկա մխիթարէ բժիշկին՝ ուսմամբ, իսկ հիւանդին՝ առողջութեամբ»:
Համոզուած ըլլալով, որ իր գիրքը պիտանի պիտի ըլլար ոչ միայն մասնագէտներու, այլեւ մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն համար, Մխիթար Հերացի իր գիրքը գրեց ոչ թէ գրաբարով, որ այդ ժամանակաշրջանի գիտութեան լեզուն էր, այլ Կիլիկեան Հայաստանի խօսակցական լեզուով, այսինքն՝ միջին հայերէնով: Հերացիի այդ համարձակ քայլը կը վկայէ մեծ բժշկապետին գիտական տեսակէտներուն եւ հայեացքներուն ժողովրդական բնոյթին մասին, որ իր ազդու դրոշմը դրաւ հայ բժշկութեան եւ բժշկագիտութեան հետագայ զարգացումին վրայ:
Հերացի մեծ աշխատանք կատարած է նաեւ հայերէն բժշկական բառեր ու եզրեր ստեղծելու ուղղութեամբ. այդ առումով ան ընտրեց ճիշդ ուղին՝ օգտագործելով բնիկ հայկական բառարմատները։ Հերացիի ստեղծած բազմաթիւ բառեզրեր պահպանուած են եւ այսօր ալ կը կիրարկուին արդի բժշկական գրականութեան մէջ:
«Ջերմանց մխիթարութիւն» գիրքին հնագոյն գրչագիրը (1279 թուականէն եկած) այսօր կը պահուի Երեւանի Մաշտոցի անուան Ազգային Մատենադարանին մէջ։
Հայաստանի Պետական Բժշկական Համալսարանը կը կրէ Մխիթար Հերացիի անունը, նաեւ Պետական Բարձրագոյն Շքանշան կայ հայոց մեծ բժշկապետին անունով։
1173 թուականին վախճանած Հերացին իրաւամբ կը հանդիսանայ Հայկեան Հանճարին բժշկագիտական գագաթը։
Մխիթար Հերացի (1118-1173)
Մխիթար Հերացի (1118-1173). Բժշկագիտութեան հայ դրօշակիրը Ն.