Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ նշուած է հայկական մշակոյթի համաշխարհային կեդրոնի վերածուած Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկ հաստատման 300ամեակը. Սուրբ Ղազար եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցուած է, որ ուղեկցուած է տուտուկի հնչիւններով` Արամ Իփեքճեանի կատարմամբ:
Պատարագին ներկայ եղած են Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Սուրբ Աթոռին մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, Իտալիոյ մօտ Հ.Հ. դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան, բարձրաստիճան հիւրեր՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Վենետիկի Սուրբ Մարկոսի տաճարին մէջ եւս երեկոյեան ժամերգութեամբ նշանաւորուած է մշակութային կեդրոնի երեքդարեայ ներկայութիւնը: Պատարագէն առաջ, Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիա վերյիշած է Մխիթարեան Միաբանութեան ամբողջ պատմութիւնը:
«Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ այսպիսի պահեր պարգեւեց ինծի, որ հնարաւորութիւն ունիմ վայելելու այս սուրբ րոպէները: Մխիթարեան միաբանութեան պիտի երախտապարտ ըլլանք, որ ոչ միայն պահպանեցին հայկական մշակոյթը, այլեւ օգնեցին մեր մշակոյթն ալ պահպանելու: Ու հիմա մենք հնարաւորութիւն ունինք նորէն բացայայտելու մարդու էութիւնը»,- ըսած է ան:
Մխիթարեան Միաբանութեան` Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատուելու 300ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս նաեւ յատուկ ցուցադրութիւն տեղի ունեցած է, ուր ներկայացուած է մայրավանքի ամբողջ պատմութիւնը:
Միաբանութեան Վենետիկ հաստատման 300ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` նշելով.- «1701 թուականին, հիմնուելէն ի վեր, (1717ին Կղեմես XI Պապը կը հաստատէ միաբանութեան կանոնադրութիւնը,- « ԵՌԱԳՈՅՆ») Մխիթարեան Միաբանութիւնը անգնահատելի դեր ունեցած է հայապահպանութեան գործին մէջ, դարձած է աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի հեղինակաւոր ներկայացուցչութիւն` իր մշակութային հարուստ ժառանգութեամբ եւ հոգեւոր մթնոլորտով հրապուրելով հայ եւ օտար աշխարհահռչակ մտաւորականները: Գտնուելով Եւրոպայի սրտին մէջ` Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ մշակոյթը հաղորդակից դարձուցած է Արեւմուտքին եւ փոխադարձաբար արեւմտեան մշակոյթը` հայոց աշխարհին»։ Նշենք, որ 1717ին Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթար Սեբաստացին միաբանութիւն հիմնած է, որ յետոյ անոր անունով կոչուած է Մխիթարեան միաբանութիւն։
Միաբանութիւնը հրատարակած է բազմաթիւ հայագիտական-բանասիրական, կրօնական եւ գիտական աշխատութիւններ, մեծարժէք հատորներ: Սբ. Ղազարի մէջ միաբանները հիմնած են վարժարան, գրադարանի հիմքի վրայ ստեղծած մատենադարան, որուն ձեռագիր պահեստը 5000 միաւոր է, տպագիր պահեստ` 100 հազար:
Արտասահմանեան մամուլը, երբ Մխիթարեան Միաբանութեան մասին կ՛անդրադառնայ` որպէս կանոն անոր հեղինակութիւնը կ՛ընդգծէ: Այն աստիճան մեծ էր անոր հեղինակութիւնը, որ Նափոլէոն Պոնափարթ վանական համալիրին գործունէութիւնը շարունակելու յատուկ թոյլտուութիւն տրամադրած է:
Մխիթարեան Միաբանութեան 300ամեակը
Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ նշուած է Մխիթարեան Միաբանութեան 300ամեակը