Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ միօրեայ պտոյտ «Մայրերու օր»ուան եւ Համբարձման տօնին առիթով, Հինգշաբթի 25 Մայիս 2023ին, դէպի Արղոս-Քեֆալարի:
Քեֆալարին Արղոսի ամէնէն գեղեցիկ շրջաններէն է, ծառերով եւ հոսող ջուրերով լեցուն։
Համբարձման տօնի վիճակ քաշելու աւանդութիւնը պիտի կատարենք հոն գտնուող ճաշարանին մէջ։
Գէֆալարի չի հասած, սուրճի դադարի համար պիտի կենանք Հին Քորինթոս ու ապա պիտի այցելենք «Մեղուաբուծութեան արուեստի թանգարանը» («Μουσείο Μελισσοκομικής Τέχνης»):
Երեկոյեան մեր սուրճը/անուշը պիտի առնենք Նաֆբլիոյի պատմական հրապարակին վրայ, ուրկէ վերադարձի ճամբան պիտի առնենք։
Կը հրաւիրենք բոլոր ընկերուհիները միասնաբար վայլելու այս տեսարժան վայրերը, ընկերային զուարթ ժամեր անցընելու եւ նշելու այս զոյգ տօները։
Արձանագրութիւններու համար հեռաձայնել ընկերուհիներ` Նուարդ Տատոյեանին 2109220254 եւ Մարալ Խաչերեանին 2109022837 /6970591161։
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ