Շատ գեղեցիկ ու հաճելի օր մը եղաւ Կիրակի, 11 Յունիս 2023-ը բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպած միօրեայ պտոյտին։
Մարդկային մեր առօրեայ կեանքը, մեծ մասամբ միօրինակութիւն ու կրկնութիւն մըն է։ Այլ խօսքով հոգնեցուցիչ։ Ուստի պտոյտները անհրաժեշտ են, ընկերային իրենց հաճելի մթնոլորտով, մարդոց տրամադրութիւնն ու հոգեկանը գէթ ժամանակի մը համար բարեփոխելու։ Իսկ խումբ մը բարեկամներով կամ գործակիցներով պտոյտը, առաւել եւս ուրախութիւն կը պատճառէ եւ օրը յիշատակելի կը դարձնէ։
Վերոնշեալ մթնոլորտով լեցուած բուլմանը, 46 հոգիներու մասնակցութեամբ, ճամբայ ելաւ առաւօտեան ժամը 9։30-ին Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անկիւնէն։ Տէրունական աղօթքէն ետք, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, յանուն Թաղային խորհուրդին ու Տիկնանց մարմնոյ, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց քաջալերանքին համար ապա մաղթեց հաճելի պտոյտ մը։ Ճամբու ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Սերգօ Արապեան։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ապա շատ ամփոփ զեկոյց մը տուաւ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ աշխատանքներուն ու ապագայի ծրագիրներուն մասին։
Օրուան ծրագրին համաձայն, ժամը 11։00-ին խումբը ունեցաւ սուրճի դադար մը Իսթմիա շրջանին մէջ։ Սրճարանը կը գտնուէր Կորընթոսի պատմական ջրանցքի վերջաւորութեան։ Սուրճի ընթացքին Տիկնանց մարմինը կատարեց փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը։
Կէսօրուան ճաշի համար, խումբը ժամը 1։00-ին հասաւ Արղոս Գէֆալարի գիւղը։ Շատ գեղեցիկ կանաչապատ բնութեան մէջ հանգչող գիւղ մըն է ան։ Իր գետակով ու եկեղեցիով այդ գիւղը, այցելուներուն իսկապէս կը պարգեւէ հոգեկան ու մտային խաղաղութեան պահ մը։ Ներկաները նախ այցելեցին տեղւոյն «Զոոտոխու Բիղի» յունական եկեղեցին եւ իրենց աղօթքները կատարեցին։ Ապա «Բալիա Իսթորիա» յայտնի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշկերոյթը ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ ու բարեմաղթութեան կենացներով։
Կէսօրէ ետք ժամը 4։30-ին, խումբը այցելեց Նավբլիօ քաղաքը։ Իր պատմական բերդով, կղզիի նման նեղ ու գեղեցիկ թաղամասերով եւ ծովափով շատ գեղեցիկ քաղաք մըն է ան։ Զբօսաշրջիկութեան համար սքանչելի վայր։ Մեր խումբը հետեւաբար, լայն ժամանակը ունեցաւ շրջագայելու քաղաքին մէջ, սուրճ խմելու կամ քաղցրեղէն ճաշակելու, յիշատակի զարդեր գնելու եւայլն։
Շատ գեղեցիկ ու հաճելի օրուայ ծրագրի աւարտին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, բուլմանը բռնեց վերադարձի ճամբան։ Մասնակիցները մեծ գոհունակութեամբ հասան Գոքինիա եւ շնորհակալական իրենց քաղցր խօսքերով, գնահատեցին ու քաջալերեցին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ նախաձեռնութիւնը։
Թղթակից