Գո­քի­նիոյ «Ս. Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ Թա­ղա­յին Խորհրդոյ ու Տիկ­նանց Մարմ­նոյ մօտ, եր­կար տա­րի­նե­րու հա­ճե­լի սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է, ա­մառ­նա­յին ե­ղա­նա­կին Կի­րա­կի մը միօ­րեայ պտոյտ կազ­մա­կեր­պե­լը։ Սոյն ձեռ­նար­կը ա­ռի­թը կը ստեղ­ծէ վե­րոն­շեալ եր­կու մար­մին­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, ե­կե­ղե­ցա­կան պար­տա­կա­նու­թեանց կող­քին խումբ մը ծխա­կան­նե­րու հետ ըն­կե­րա­յին ու զո­ւար­ճա­նա­լի ժա­մա­նակ մը անց­նե­լու։ Այս տա­րո­ւան միօրեայ պտոյ­տը սա­կայն յա­ւե­լեալ գե­ղե­ցիկ ա­ռիթ մը ու­նէր։ Այդ օր հայ­րե­րու տօնն էր։ Ուս­տի, Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ու Տիկ­նանց Մարմ­նոյ կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ յա­տուկ եւ փոքր ծրա­գիր մը։
Կի­րա­կի՝ 16 Յու­նիս 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։30ին, խում­բը ե­կեղեց­ւոյ առ­ջե­ւէն ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի Է­կիոյ շրջա­նը։ Հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեան, բուլ­մա­նին մէջ կա­տա­րեց ճամ­բոր­դու­թեան ա­ղօթ­քը, որ­մէ ետք բա­րի գա­լուստ ու հա­ճե­լի ժա­մանց մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն։
Ըստ յայ­տագ­րին, խում­բը սուր­ճի դա­դար մը ու­նե­ցաւ Կորն­թո­սի ջրանց­քին մօտ, ուր Տիկ­նանց Մար­մի­նը կա­տա­րեց նաեւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։
Շա­րու­նա­կու­թեան ճամ­բուն վրայ, Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ան­դամ պրն. Գար­լօ Գու­յում­ճեան ըն­թեր­ցեց Աս­տո­ւա­ծա­մայր «Ս. Թ­րի­բի­թի» ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կա­նը, տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու ժո­ղովր­դա­յին սո­վո­րու­թիւն­նե­րը։ Ժա­մը 12։30ին խում­բը ժա­մա­նեց քա­ղա­քի Ս. Ֆա­նե­րո­մէ­նի ե­կե­ղե­ցին փո­խան Ս. Թ­րի­բի­թի ե­կե­ղեց­ւոյ։ Ո­րով­հե­տեւ ճամ­բուն ըն­թաց­քին ի­մա­ցանք, թէ Աս­տո­ւա­ծա­մայր «Ս. Թ­րի­բի­թի» ե­կե­ղե­ցին ա­մի­սէ մը ար­դէն կ’են­թար­կո­ւի նո­րոգ­չա­կան աշ­խա­տան­քի ու գոց է։ Աս­տո­ւա­ծա­մօր սրբան­կա­րը այդ պատ­ճա­ռով, ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար տե­ղադ­րո­ւած է միւս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ուս­տի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի­րենց մո­մե­րը վա­ռե­ցին ու անձ­նա­կան ա­ղօթք­նե­րը կա­տա­րե­ցին։ Իսկ այդ­տեղ գտնուող պա­տաս­խա­նա­տու անձ­նա­ւո­րութիւն մը ներ­կա­յա­ցուց «Ս. Ֆա­նե­րո­մէ­նի» ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կա­նը։
Կէ­սօ­րո­ւան ճա­շը տե­ղի ու­նե­ցաւ ծո­վե­զե­րեայ «­Բէ­րի­յա­լի» ճա­շա­րա­նին մէջ։ Ճա­շի ըն­թաց­քին Տ. Պա­րէտ քա­հա­նան յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ հայ­րե­րու տօ­նին։ Ան մե­ծա­պէս ար­ժե­ւո­րեց հօր հիմ­նա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ըն­տա­նե­կան ու ըն­կե­րա­յին կեան­քէն ներս։ Ան յայտ­նեց, թէ հայ­րը իր ֆի­զի­քա­կան ու­ժով ա­պա­հո­վու­թիւն կը ներշն­չէ ըն­տա­նի­քին։ Հայ­րը իր մտա­յին կա­րո­ղու­թեամբ ի­մաս­տու­թիւն կը տա­ծէ զա­ւակ­նե­րուն։ Եւ հայ­րը իր ճակ­տի քրտին­քով կը հո­գայ ապ­րուս­տը իր ըն­տա­նի­քին։ Խօս­քի ա­ւար­տին, քա­հա­նայ հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց հայ­րե­րը եւ Տիկ­նանց Մար­մի­նը իւ­րա­քան­չիւր հօր յանձ­նեց նո­ւէր մը։ Ճա­շի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հանու­թիւն, իսկ ո­մանք ա­ռի­թը ու­նե­ցան նաեւ լո­ղա­լու։
Վե­րա­դար­ձին ներ­կա­նե­րը ու­նե­ցան սուր­ճի դա­դար մը եւս Վ­րա­խա­դի շրջա­նին մէջ եւ ե­րե­կո­յեան գե­ղե­ցիկ յու­շե­րով ու գո­հու­նակ տրա­մադ­րու­թեամբ վե­րա­դար­ձան ի­րենց տու­նե­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ