Երկուշաբթի, 16 Մայիսին, Միացեալ նահանգներու նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի պաշտօնական հանդիպումը։ Խօսակցութեան առանցքը կազմեց յոյն-ամերիկեան բազմատեսակ գործակցութիւնը, մինչ յատուկ ծանրութիւն տրուեցաւ ուժանիւթի միջազգային խնդիրներուն, Յունաստանի ռազմաքաղաքական դերին, ինչպէս նաեւ խօսակցութեան նիւթ դարձան Ուքրանիոյ պատերազմը ու անոր հետեւանքները։
Երկու ղեկավարները դրուատեցին յոյն-ամերիկեան գործակցութիւնը եւ շեշտեցին Յունաստանի դերը տարածաշրջանային իրականութեան մէջ։ Մասնաւորապէս, յոյն վարչապետը յայտնեց, թէ երկու երկիրներու գործակցութիւնը կը գտնուի ամենաբարձր կէտին, ոչ միայն ռազմական գործակցութեան ոլորտէն ներս, այլեւ առեւտուրի, ներդրումներու եւ այլ մարզերէն ներս, որոնք Յունաստանը կը դասեն որպէս արժանահաւատ գործընկեր Արեւելեան Միջերկրականի տարածաշրջանէն ներս, որ դիմակայելով անցեալի տնտեսական տագնապը, ներկայիս յառաջդիմութեան ողնասիւնը կը հանդիսանայ շրջանին մէջ։
Յունաստանի ազատագրական պայքարի 200-ամեակին նուիրուած ելոյթներուն, բացի ամերիկացի նախագահէն, ներկայ եղան նաեւ Ծերակոյտի նախագահ Նանսի Փելոզի, ծերակուտական Պոպ Մենենտեզ եւ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան, ծագումով յոյն Ճորճ Ցունիս։
Ք. Միցոթաքիս յատուկ նշում կատարեց ամերիկեան Ֆ-35 գերարդիական ռազմական օդանաւերուն մասին, յոյս յայտնելով, որ շուտով Յունաստան զանոնք պիտի ներառնէ իր ռազմական կառոյցին մէջ։ Ան Թուրքիոյ ակնարկելով, նշեց թէ Յունաստանի վրայ որեւէ ոտնձգութիւն պիտի գտնէ իր արժանի պատասխանը։ Յոյն վարչապետը նաեւ նախագահ Պայտընէն խնդրեց միջամտել Կիպրոսի հիմնահարցի բարւոք լուծման ուղղութեամբ։