1 Հոկտեմբերին, Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստան-Պուլկարիա միջհամակարգային կազատար խողովակաշարը շահագործման յանձնելու հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայեն, Պուլկարիոյ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, Ատրպէյճանի եւ Սերպիոյ նախագահներ Ռումէն Ռատեւ, Ստեւօ Պենտարովսկի, Իլհամ Ալիեւ եւ Ալեքսանտր Վուչիչ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի եւ Ռումանիոյ վարչապետեր Քիրիաքոս Միցոթաքիս եւ Նիկոլաէ Չուկէ: Նոր խողովակաշարով Պուլկարիան տարեկան մէկ միլիառ խորանարդ մեթր կազ պիտի ստանայ Ատրպէյճանէն, ինչպէս նաեւ հեղուկ կազ Յունաստանէն:
Իլհամ Ալիեւ խոստացած է աւելցնել բնական կազի արդիւնահանումը եւ Եւրոպա մղուող ատրպէյճանական վառելիքի ծաւալը:
Կ՚նթադրուի, որ ատրպէյճանական կազ ստանալու պարագային Պուլկարիոյ մէջ այդ վառելիքի գինը պիտի նուազի մօտ 30 տոկոսով: Յունաստան-Պուլկարիա կազատարով փոխադրուող բնական վառելիքը հետագային պիտի մղուի նաեւ տարածաշրջանի այլ երկիրներ:
Ալիեւի հանդիպումը Յունաստանի վարչապետին հետ
Սոֆիայի մէջ, կազատարի արարողութեան լուսանցքին, տեղի ունեցաւ Միցոթաքիս-Ալիեւ հանդիպում։ Ըստ մամուլին մէջ լոյս տեսած լրատուութեան, երկու ղեկավարները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ոլորտին եւ վերլուծեցին հետագայ գործակցութեան հնարաւորութիւնները։
Արդէն անցեալ Յուլիսին, յոյն վարչապետը նոր խողովակաշարը անուանած էր որպէս «արժէքներու խողովակաշար», որ պիտի սատարէ տարածաշրջանի երկիրներու ժողովրդավար գործակցութեան եւ համերաշխութեան։
Միւս կողմէն, «Greek City Times» կայքէջին վրայ լոյս տեսած վերլուծական յօդուածով մը խստօրէն կը քննադատուի Յունաստանի վարչապետի հանդիպումը «Ատրպէյճանի անբարոյական նախագահ եւ ջարդարար Ալիեւի հետ», որ կ՚ամբաստանուի եւրոպացի պաշտօնատարներ կաշառելու գործով։
Յօդուածը լայնօրէն կ՚անդրադառնայ 44-օրեայ պատերազմին ու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի տարածքներու գրաւման, ապա յատուկ նշում կ՚ընէ 13 Սեպտեմբերին ատրպէյճանական յարձակումներու եւ ազերի զինուորներու պատերազմական յանցագործութիւններուն, մանրամասնութիւններ տալով անոնց կատարած ոճիրներուն մասին հայ զինուորներուն ու մանաւանդ հայ կին զինուորականներուն հանդէպ։
Յօդուածը կը նշէ, թէ Ատրպէյճան յայտարարած է, որ Յունաստանի հետ Թուրքիոյ հակամարտութեան հարցին մէջ, ան անվերապահօրէն կը կանգնի Թուրքիոյ կողքին, եւ երկու դրացի երկիրներու միջեւ հաւանական պատերազմի մը պարագային, Ատրպէյճան գործնականօրէն պիտի սատարէ Թուրքիոյ, ընդհատելով բնական կազի հայթայթումը Յունաստանին։