Յուլիս 4ի գիշերը, 110 տարի առաջ, իր վերջին շունչը փչեց հայ գրականութեան ամէնէն գեղապաշտ բանաստեղծը՝ Միսաք Մեծարենց։
Գեղեցիկի պաշտամունքը կատարելութեան հասցնող բառերու, պատկերներու, խոհերու եւ զգայնութիւններու առինքնող աշխարհ մը արարեց Մեծարենց, որ միայն 22 տարի ապրեցաւ… որովհետեւ անողոք հիւանդութիւնը վախաժամ կտրեց անոր կեանքին թելը։
Որքան ժամանակը կ’անցնի, այնքան հայոց նորահաս սերունդներու կազմաւորման մէջ միտք ու հոգի ազնուացնող իր շունչն ու բաբախումը զգալի կը դարձնէ Մեծարենց, որուն ստեղծագործական վաստակը թէեւ զրկուեցաւ քանակով աճելու կեանքի ու ժամանակի հնարաւորութենէն, բայց անկրկնելի բարձունք մը նուաճեց իր հանճարեղ որակով։
Հայոց գրական-ստեղծագործական հանճարի ամէնէն բոցաշունչ բանաստեղծը՝ Եղիշէ Չարենց ամենայն հարազատութեամբ կ’արտայայտէր Մեծարենցի հանդէպ մեր ժողովուրդին տածած պաշտամունքը, երբ կը գրէր՝
Արիւն է եղել աշխարհում: — Եղել է եղեռն ու կռիւ:
Լեռնացել են ուժեր վիթխարի՝
ամեհի ելած իրար դէմ:
Աշխարհից հեռու մի գիւղում,
եղէգնեայ մի սրինգ կտրած,
Արեւ է երգել ու գարուն այս հիւանդ,
հանճարեղ պատանին:
Այդպէ՛ս, հայ մարդուն Մեծարենց կտակեց Սիրոյ ծարաւի յաւերժական երգը՝ իր «Սիրերգ»ով.
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագի՜ն,
Հաշիշով օծուն ու բալասանով.
Լուսեղէն ճամբէն ես կ’անցնիմ գինով՝
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագի՜ն…
Համբոյրներ կու գան հովէն ու ծովէն,
Համբոյր՝ լոյսէն որ չորս դիս կը ծաղկի,
Այս գիշեր Տօն է հոգւոյս՝ Կիրակի՜,
Համբոյրներ կու գան հովէն ու ծովէն:
Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ-քիչ կը մաշի՜,
Շրթունքըս են ծարաւ միակ համբոյրին…
Ցնծագին գիշերն է լոյս ու լուսին՝
Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ-քիչ կը մաշի…
1886 թուականի Յունուարին Ակնայ (Խարբերդ) Բինկեան գիւղը ծնած էր Մեծատուրեան Միսաք, որ նախնական իր կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Ակնայ շրջանը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Մեծարենցի բանաստեղծական կազմաւորման մէջ. մէկ կողմէ՝ կանաչազարդ եւ ջրառատ իր բնութեան գեղեցկութիւններով, իսկ միւս կողմէ՝ արեւմտահայ ժողովրդական երգերու («Անտունիներ») իր հարուստ յուզաշխարհով, Ակնը իր հիմնարար դերը ունեցաւ գեղեցիկ Բանի, գեղագէտ Պատկերի եւ գեղապաշտ Յոյզի այն եզակի համադրումին մէջ, որ մայր ակունքն ու տիրական առանձնայատկութիւնը եղաւ Միսաք Մեծարենցի թարմ ու նորարար գրական ժառանգութեան։
Ակնայ աշխարհին գեղեցկութեան Մեծարենցեան քանդակումն է «Հիւղը».
Դաշտի ճամբու մը վրան,
Կամ՝ ստորոտը լերան,
ուղեւորին ժամանման
սպասող հիւղն ըլլայի:
Ու գգուանքիս կանչէի
ես ճամբորդներն անժաման,
Եւ ճամբուն վրայ մենաւոր
Ու ճամբուն վրայ ոսկեման,
Եկուորներուն դիմաւոր՝
ծխանիս ծուխն ամպէի:
Ու գրգանքիս կանչէի
Ուղեւորներ պարտասուն
Ու բարեւի մը փոխան
Հազար բարիք ես տայի,
Հազար բարիք ես տայի
Գոլը կրակին ճարճատուն,
Կութքը բերրի դաշտերուն,
Բոլոր մրգերն աշունի,
Ու մեղր ու կաթ ու գինի…
…
Ու ձմեռներն ալ համբուն,
Հրաւիրակ զուարթուն,
Կանգնէի քովը ճամբուն
Ու ձիւնապատ հէք մարդուն
Ես հայրօրէն, լայնաբաց
Երկու թեւս պարզէի,
Մի՜շտ քաղցրագին, նիւթացած
Հրաւէ՜րն ես ըլլայի:
1895ին, Մեծատուրեաններու ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Սեբաստիա, ուր Միսաք յաճախեց «Արամեան» վարժարանը: Երկու տարի ետք, 11ամեայ Միսաք ղրկուեցաւ Մարզուան, որպէսզի հետեւի «Անատոլիա» գիշերօթիկ երկրորդական վարժարանի դասընթացներուն։
Մեծարենցի գրական կազմաւորման մէջ օրհնաբեր նշանակութիւն ունեցաւ 1902ին ընտանիքին Պոլիս տեղափոխութիւնը։ 16ամեայ պատանին յաճախեց Կեդրոնական վարժարանը, ուր ուսուցիչ ունեցաւ Հրանդ Ասատուրը, որուն շունչին տակ Մեծարենց դրսեւորեց եւ զարգացուց իր գրական կանխահաս ընդունակութիւնները։
1902ը նաեւ անբուժելի իր թոքախտին առաջին ախտանշաններու բացայայտման տարին եղաւ եւ, դէմ յանդիման ճակատագրի հարուածին, Մեծարենց այդ օրերուն գրեց իր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Մարմնի վէրք, Սրտի վէրք» խորագրով.
Մարմնի վէրքը` արտաբացուած դանակէ`
Ի՜նչ արցունքներ դառնակայլակ կը քամէ,
Ի՜նչ յուզումով ու տխրութեամբ համակէ
Մարմնի վէրքը` արտաբացուած դանակէ։
Սրտի վէ՞րքը, ո՜հ, դառնագոյն է, Աստուա՜ծ,
Սեւով անքակ, խոցերով ժանտ է պատած,
Խեղճ ու թշուառ կամ տարամերժ ու լքուած
Սրտի վէ՞րքը, ո՜հ, դառնագոյն է, Աստուա՜ծ:
Մարմնի վէրքը սպեղանի ունի բոյժ,
Անցնելով նա մոռցուկ կ’ըլլայ շատ կանուխ,
Զանգակ չունի նա տխրահունչ, մահագոյժ։
Սրտի վէրքը մինչ գերեզմանն երկարած
Ողի մ’ունի, արցունքներու զերթ մէկ ուղխ,
Սպեղանին անոր երկինքն է պահուած:
Հակառակ թոքախտին, բայց նաեւ անոր չարագուշակ անբուժելիութեան հետեւանքով՝ Մեծարենց թափով փարեցաւ ստեղծագործական աշխատանքի։ 1902-1903ին իր գրած ոտանաւորները, խմբելով «Բաբախումներ» անունով տետրի մը մէջ, յանձնեց Հ. Ասատուրի ուշադրութեան եւ դատողութեան։ Արժանացաւ իր ուսուցիչին ամբողջական քաջալերանքին եւ 1903ին մասնակցեցաւ «Մասիս» հանդէսի գրական մրցանակին՝ շահելով 5րդ մրցանակը:
Բայց թոքախտը անտանելի դարձած էր եւ 1905ին Մեծարենց ստիպուեցաւ դադրեցնել ուսումը եւ հեռանալ Կեդրոնական վարժարանէն։
1905էն մինչեւ իր վախճանը՝ 1908ին, Մեծարենց ամբողջապէս նուիրուեցաւ ստեղծագործական աշխատանքի։
Ստեղծագործական վերելքի, գրական հասունացման եւ գեղարուեստական ըմբռնումներու մշակման բեղմնաւոր շրջանը եղան իր կեանքին այդ վերջին երեք տարիները։
1907ի գարնան Մեծարենց լոյս ընծայեց իր «Ծիածան» խորագրով գիրքը, որ մեծ աղմուկ բարձրացուց պոլսահայ գրական մամուլի էջերուն։ Գնահատականներու կողքին յարձակումներու բուռն պայքար մը ծաւալեցաւ Մեծարենցի բանաստեղծութեան շուրջ։
1907ի աշնան լոյս տեսաւ իր երկրորդ գիրքը՝ «Նոր տաղեր»ը, որ աւելիով բորբոքեց Մեծարենցի շուրջ ծաւալած գրական բանավէճը: Մեծարենցին ի պաշտպանութիւն հրապարակ իջան ոչ միայն ատենի անուանի գրականագէտներէն ոմանք, այլեւ ինք՝ Մեծարենց, որ այդ առթիւ բանաձեւեց ու խորացուց իր գրական ըմբռնումները. այդ յօդուածներու շարքին գրականագիտական մնայուն գործ մը եղաւ «Ինքնաքննադատութեան փորձ մը…» խորագրով իր տեսաբանական յօդուածը: 1908ի Յուլիս 4էն 5ի լուսցող գիշերը, ընդմիշտ դադրեցաւ բաբախելէ Մեծարենցի սիրտը, որ այնքա՜ն լոյս եւ գեղեցկութիւն բաշխեց իր ստեղծագործութեանց միջոցաւ:
Մ. Մեծարենց թաղուեցաւ Պոլսոյ Պալիքլի գերեզմանատունը: Գերեզմանին վրայ յուշարձան մը կանգնուեցաւ՝ «Իր ընկերներէն եւ համակիրներէն» մակագրութեամբ:
1934ին, Մեծարենցի կենսագիր Թ. Ազատեան, իր «Մշակոյթ» հրատարակչականով, լոյս ընծայեց վաղամեռիկ հայ հանճարին անտիպ գործերը՝ «Ոսկի Արիշին Տակ» խորագրով։
Մեծարենցի նուիրուած այս անդրադարձը կ’արժէ աւարտել իր կտակը հանդիսացող «Արդի մարդուն Հայր Մերը» բանաստեղծութենէն քաղուածքով.
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,
Ծաղիկներո՜ւ պէս զայն ժողվեմ ճամբուս վրան`
Նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,
Զանգակներո՜ւ պէս զայն կախեմ ամէն դըրան`
Ու զերթ նարօտ ամէն դըրան զայն պըսակեմ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,
Ճրագներու պէս զայն բոցեմ բազմաստեղնեան`
Խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներու:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,
Զայն սրբասաց իմ հոգեակիս ընեմ խորան`
Զայն իմ մտքիս ծըխեմ` զերթ խունկ բազմաբուրեան:
Տու՜ր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,
Ու չըլլա՜յ որ ուրիշներու կոծն ու կական
Խեղդել ուզեմ ջրվէժին մէջ դափիս ձայնին:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն իբր անձրեւ ցօղեմ ամէն դաշտի վըրան,
Զայն իբր արեւ բաշխեմ ամէն հորիզոնի:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն ընդգրկած՝ իտէալի՜ն ըլլամ սրսկան.
Զայն լաստ ըրած ես Լոյսերու նաւո՜րդն ըլլամ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ժողվել` հոգւոյն մէջ ծերերուն, կոյսին, մանկան,
Պարզ մարդերուն` գեղջուկներուն ու բանուորին:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ժողվել` հոգւոյն մէջ ամէնո՜ւն, համայնական
Հոգւոյն ամէն մասնիկներուն մէջ` ամէն ժամ:
110 տարի անցած է Մեծարենցի վաղաժամ հեռացումէն ասդին, բայց հայու հոգիին մէջ անվերջ կը թրթռայ երաժշտական գեղեցկագոյն բաբախումը անոր արարած բանաստեղծութեան, որովհետեւ Մեծն Յակոբ Օշականի իսկ բնութագրութեամբ՝ «…Մեր երկրին նկարագեղ քաղցրութիւնները, մեր հոգիին ընդոծին դալկութիւնները, մեր շնորհն ու տրտմանուշ երազանքները սքանչելի ծաղիկներու նման կը բուսնին անոր արնաշաղախ էջերուն»:
Որովհետեւ Մեծարենց ԳԵՂԵՑԻԿի եւ ԲԱՐԻի ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔը վերածեց դաւանանքի՝ պատգամելով սերունդներուն.
«Բանաստեղծը բնութեան արտացոլումը պէտք է ըլլայ, թէ ո՛չ բանաստեղծ չէ իրապէս, քերթուածները իբրեւ բառ պէտք է ունենան տերեւին թրթռումը, թռչունին դայլայլը…
«Բանաստեղծին ձայնը տիեզերական յարաբերակցութեան մը լարը պէտք է ըլլայ, բոլոր գոյութիւններուն համադրական թրթռումով տրոփուն։
Արուեստին մեծագոյն գրգռիչ գաղափարը դիւրամատոյց ըլլալն է։
«Օգտուինք եւրոպական լեզուներու նորանոր եւ թարմ արտայայտութիւններէն, բայց չմոռնանք գրաբարին յուռթի շտեմարաններէն օգտուիլ մանաւանդ։ Ինչո՞ւ մեր հացը գետին ձգենք ու մուրացիկ՝ ուրիշին ետեւէն վազենք։
«Իմ մտահոգութիւնս, իմ մեծ ծարաւս գրականութեան գաղափարին իրականացումն է։ Եւ ասոր համար, գէթ իմ մասին, անհրաժեշտութիւն կը զգամ հողին ու ջուրին ու քարին հետ ապրելու»։