ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, ընդառաջելով Եւրոպական Միութեան «Աղօթատեղիներու եւ հոգեւոր հաստատութիւններու պաշտպանութեան (PAR.TE.S. — Participatory approaches to protecting places of worship)» ծրագիրին եւ Յունաստանի Քաղաքացիի պաշտպանութեան նախարարութեան (Υπουργείο Προστασίας του Πολίτη) հովանիին տակ գործող «Ապահովական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»ի (Κέντρο Μελετών Ασφαλείας – KΕ.ME.A.) հրաւէրին, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան ընկերակցութեամբ Նէոս Գոզմոս շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանի, ներկայ գտնուեցան կազմակերպուած «Միջկրօնական հաղորդակցութեան ուղիները Յունաստանի մէջ» նիւթով, առաջին փակ հանդիպումին, հաստատութեան կեդրոնէն ներս:
Հանդիպումին ներկայ էին Յունաստանի կրթութեան եւ կրօնից նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Եորղոս Քալանծիս, Յունաստանի քաղաքացիի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ աղօթատեղիներու պաշպանութեան ոստիկանական գրասենեակի մասնագէտներ, Յունաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Աթէնքի արքեպիսկոպոսարանի միջ կրօնական գրասենեակի տնօրէն վարդապետը, Յունաստանի Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, Լատին եկեղեցւոյ Աթէնքի արքեպիկոպոսը, Յոյն Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ վերապատուելին, Աթէնքի իսլամ համայնքի նախագահ իմամը, Աթէնքի քաղաքապետարանի գաղթականներու գրասենեակին գործակատարը, Աթէնքի աստուածաբանական համալսարանի տնօրէն եւ դասախօս վարդապետը, Թեսաղոնիկէի Արիստոտելեան համալսարանի աստուածաբանական եւ իսլամագիտութեան բաժամունքի երեք դասախօսներ:
Հանդիպումը սկսաւ կազմակերպիչ կերոնին տնօրէնի բացման խօսքով եւ յաջորդաբար գործադրուեցան հետեւեալ օարակարգերը.-
Ա.- PAR.TE.S. -(Partticipatory approaches to protecting places of worship)- Եւրոպական Միութեան տարածքին աղօթատեղիներու եւ հոգեւոր հաստատութիւններու դեմ գործադրուող ծայրահեղական յարձակումները կանխարգիլելու ապահովական ծրագրիներու ներկայացում, կեդրոնին գիտաշխատող տիկ. Անդրիանի Ռեչեպիի կողմէ:
Բ.- «Միջ կրօնական երկխօսութիւնը Յունաստանի մէջ» նիւթով զեկոյցներ.-
1.- «Նախաձեռնութիւններ Յունաստանի կրթութեան եւ կրօնի նախարարութեան», ընդհանուր քարտուղար պրն. Եորղոս Գալանծիսի կողմէ:
2.- Յունաստանի եկեղեցւոյ Միջուղղափառ Կեդրոնի(A.K.E.E.) գիտական գործընկեր եւ (PAR.TE.S.) միջ կրօնական փորձագէտներու յաձնախումբի անդամ պրն. Սերկիոս Վուլասի կողմէ:
3.- Ներկայացում «Արեւմտեան Թրակիոյ մահմետական փոքրամասնութիւնը».- Թեսաղոնիկէի համալսարանի «Կանոնական եւ եկեղեցական իրաւունք» բաժամունքի դասախօս պրն. Նիքոս Մակիորոսի, «Աստուածաբանութիւն» բաժանմունքի դասախօս տիկ. Անկելիքի Զիաքաի եւ Արեւմտեան Թրակիոյ մահմետական կրօնի ուսուցիչներու միութեան նախագահ եւ ուսուցիչ՝ պրն. Ռահմի Բասիաի կողմէ:
Գ.- «Յունաստանի մէջ միջ-կրօնական երկխօսութեան խթանում եւ պաշտամունքի վայրերու պաշտպանութիւն» Եւրոպական (SPIRIT) ծրագրի ներկայացում՝ ծրագրի ղեկավար եւ (KE.ME.A.)-ի գիտական գործընկեր պրն. Նիկոլաոս Լալազիսիսի կողմէ:
Դ.- Հանդիպման մասնակցողներուն կողմէ քննարկումներ եւ առաջարկներ.- — Ինչպէ՞ս գնահատել Յունաստանի մէջ կրօնական համայնքներու հանդէպ եղած սպառնալիքները եւ զանոնք գրանցելն ու պատկան մարմիններուն տեղեկացնել:
— Որո՞նք են կարիքները կրօնական համայնքներու պաշտամունքի վայրերուն եւ հոգեւոր հաստատութիւններուն պաշտպանութեան եւ անոնց ապահովութեան համար:
— Ինչպէ՞ս կը գնահատուի կրօններու միջեւ գոյութիւն ունեցող հաղորդակցման ուղիները:
— Յունաստանի մէջ գործող կրօնական համայնքները, լրացուցիչ ի՞նչ միջոցներ կրնան ձեռնարկել, երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ խթանելու համար:
Հանդիպման աւարտին, կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչները խօսք առնելով անդրադարձան վերոնշեալ հարցերուն կապուած համայնքային խնդիրներուն եւ տագնապներուն եւ կատարեցին համապատասխան առաջարկութիւններ:
Այս առթիւ, թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գեղամ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպողներուն հրաւերին համար, շեշտելով թէ Յունաստանի մէջ բնակող հայութիւնը, որպէս լիարժէք քաղաքացիներ կը վայելէն երկրիս սահմանադրութեամբ հաստաուած խիղճի եւ հաւատքի ազատութեան բոլոր բարիքները: