Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Մեծ Պահոց Միջինքի առթիւ հսկումի ժամերգութիւն, որուն պիտի նախագահէ ու աւարտին պիտի քարոզէ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան:
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ Տիկնանց մարմնոյ կողմէ պիտի կազմակերպուի Միջինքի առթիւ պահքի ճաշկերոյթ, յատուկ կերպով պատրաստուած Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներուն կողմէ: Մուտք մէկ անձի՝ 8 եւրօ:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը, ներկայ գտնուելու ժամերգութեան, միաժամանակ լսելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը ապա ճաշակելու Միջինքի առթիւ պահքի համեղ ճաշերը։
Տիկնանց Մարմին