­Չո­րեք­շաբ­թի, 22 ­Մարտ 2023­ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։00-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Մեծ ­Պա­հոց ­Մի­ջին­քի առ­թիւ հսկու­մի ժա­մեր­գու­թիւն։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ հրա­ւէ­րին, ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան։
­Ներ­կայ էին ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Տ. ­Ներ­սէս Վրդ. ­Սա­քա­յեան եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։ ­Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը քա­րո­զեց ներ­կա­նե­րուն։
Ան յայտ­նեց, թէ այ­սօր քա­ռաս­նօ­րեայ ­Մեծ ­Պահ­քի ու­ղե­ւո­րու­թեան կէսն է, զոր կը կո­չո­ւի ­Մի­ջինք։ Այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի ո­րոշ նպա­տակ, որն է դէ­պի Աս­տո­ւած մեր­ձե­ցում։ Այլ խօս­քով, ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին մտքով, սրտով ու հո­գիով մաք­րո­ւե­լու ու ա­պա Ք­րիս­տո­սի հռա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան տօ­նին մաս­նակ­ցե­լու պար­տա­կա­նու­թիւն։ Ո­րով­հե­տեւ քրիս­տո­նեան իր հո­գիին մէջն է որ կ’ըն­դու­նի զՔ­րիս­տոս։
Այ­սօր սա­կայն շատ քի­չեր պահք կը բռնեն։ ­Շա­տեր կը պատ­ճա­ռա­բա­նեն, թէ պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը ան­ցեա­լին կը պատ­կա­նի այ­լեւս։ ­Միւս կող­մէ սա­կայն, այդ նոյն մար­դի­կը կը յար­գեն կամ կը գոր­ծադ­րեն շատ ա­ւե­լի հին տօ­նե­րը կամ սո­վո­րու­թիւն­նե­րը։ ­Պա­հե­ցո­ղու­թեան կամ սո­վո­րու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս, շա­տեր շփոթ ու­նին խոր­քին ու ձե­ւին մէջ։ Ա­նոնք կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տան ե­րե­ւոյ­թին քան թէ ի­մաս­տին։ ­Հա­ճե­լիին քան թէ դժո­ւար պար­տա­կա­նու­թեան։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ ­Մատ­թէո­սի ա­ւե­տա­րա­նի Զ. գլու­խին, ուր ար­ձա­նագ­րո­ւած է Ք­րիս­տո­սի լե­ռան քա­րո­զը։ ­Մեր ­Տէ­րը իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն կ’ու­սու­ցա­նէր շատ բա­ներ, ո­րոնց կար­գին նաեւ պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը կամ ծո­մա­պա­հու­թիւ­նը։ ­Հին կտա­կա­րա­նին մէջ եւս կը հան­դի­պինք Աս­տու­ծոյ կող­մէ ժո­ղո­վուր­դին տրո­ւած պա­հե­ցո­ղու­թեան թե­լադ­րան­քին։ ­Մեր ­Տէ­րը Ք­րիս­տոս, կը թե­լադ­րէ մե­զի պա­հե­ցո­ղու­թեան ժա­մա­նակ տրտում ե­րես չըլ­լալ, ինչ­պէս նաեւ ցու­ցադ­րա­մոլ։ Այլ մեր ե­րե­սը լո­ւա­ցո­ւած, կո­կիկ ու բնա­կան պէտք է ըլ­լալ։ ­Հայրն Աս­տո­ւա­ծը միայն պէտք է գիտ­նայ մեր պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը եւ ըստ այնմ տայ մե­զի Իր վար­ձատ­րու­թիւ­նը։
­Քա­րո­զի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը մղեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, որ­պէս­զի հե­տե­ւե­լով Ք­րիս­տո­սի ու­սու­ցում­նե­րուն, փոր­ձեն Աս­տու­ծոյ աչ­քին մեծ ըլ­լալ եւ ար­ժա­նի Ա­նոր գնա­հա­տան­քին։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կազ­մա­կեր­պած ­Մի­ջին­քի ճաշ­կե­րոյ­թը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր սե­ղա­նի օրհ­նու­թե­նէն ետք, հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան, խօսք առ­նե­լով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան ­Հօր, հիւ­րե­րուն եւ ներ­կա­նե­րուն։ Ան իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր ներ­կա­յու­թեան հա­մար յայտ­նե­լով, թէ Սր­բա­զան ­Հայ­րը յա­ճա­խա­կի ներ­կա­յու­թեամբ մաս­նա­կից կը դառ­նայ ա­ղօթք­նե­րուն, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն ու ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին, Տ. ­Պա­րէտ քա­հա­նայ հրա­ւի­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ դպրա­պետ պրն. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նը, որ­պէս­զի ամ­փոփ կէ­տե­րու մէջ ներ­կա­յաց­նէ, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի «Ս­փիւռ­քի ­Տա­րի» հռչա­կա­գի­րի ի­մաստն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
Պրն. Է­քի­զեան յայտ­նեց, թէ սփիւռ­քի հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րը կը դի­մագ­րա­ւեն գո­յու­թեան ու գո­յա­պահ­պան­ման մնա­յուն մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Ուս­տի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, դպրոց­նեըը, ա­կումբ­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ կա­րիքն ու­նին վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քին։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը եր­կու հռչա­կա­գիր­ներ հրա­պա­րա­կեց, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ թե­լադ­րեց սփիւռ­քին ինք­զինք վե­րա­կազ­մա­կեր­պել եւ այդ մա­սին փո­խան­ցեց նաեւ իր ցուց­մունք­նե­րը։ ­Ներ­կա­յիս ան, գա­ղութ­նե­րէն ներս հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով, ջանք կը թա­փէ մօ­տէն օգ­տա­կար դառ­նալ վե­րոն­շեալ ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման։ Պրն. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան շեշ­տեց, թէ սփիւռ­քը կան­գուն ու աշ­խուժ պա­հե­լու հա­մար, հարկ է մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նել հա­յե­րէն լե­զո­ւի պահ­պան­ման, ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, դպրոց­նե­րուն ու ա­կումբ­նե­րուն գոր­ծու­նէու­թեան աշ­խու­ժաց­ման վրայ։
Ա­պա ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը, հայ­կա­կան ու ըն­կե­րա­յին գե­ղե­ցիկ մթնո­լոր­տի մը մէջ ճա­շա­կեց ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կող­մէ յա­տուկ կեր­պով պատ­րաս­տո­ւած պահ­քի տե­սա­կա­ւոր ու հա­մեղ ճա­շե­րը։
Ա­ւար­տին Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան, եզ­րա­փա­կիչ իր խօս­քով մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու բծախնդ­րու­թեամբ կը կա­տա­րեն ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ, որ ըն­դա­ռա­ջե­լով իր փա­փա­քին, օ­րին մաս­նա­կից դար­ձաւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին ի պա­տիւ ճաշ­կե­րոյ­թի պատ­րաս­տու­թեան։
Ա­պա անդ­րա­դառ­նա­լով ­Մի­ջին­քի ա­ւան­դու­թեան, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը շեշ­տեց, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը մեը պատ­մու­թեան կա­րե­ւոր մէկ մաս­նիկն են։ ­Հե­տե­ւա­բար զա­նոնք պէտք է պա­հենք ա­մէն գնով, ա­ռա­ւել եւս պէտք է սոր­վեց­նենք ու փո­խան­ցենք մեր նոր սե­րունդ­նե­րուն։

ԹՂԹԱԿԻՑ