Եր­կու­շաբ­թի՝ 20 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5:30ին, ­Գո­քի­նիոյ ­Սուրբ ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ եւ ՀՍԿՈՒՄԻ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը:
Ա­րա­րո­ղու­թեանց նա­խա­գա­հեց ­Թե­միս ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեան՝ իր կող­քին ու­նե­նա­լով ­Սուրբ ­Յա­կոբ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Հայր ­Սուր­բը եւ ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­ժա­նա­պա­տիւ ­Քա­հա­նան:
Ըստ հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թեան՝ ՄԻՋԻՆՔԸ ե­ղած է ­Մեծ ­Պահ­քի կի­սուն զու­գա­դի­պող ո­րե­ւէ մէկ օր՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով որ տօ­նին օ­րը շար­ժա­կան է:
Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը օ­րո­ւան տօ­նին առն­չու­թեամբ քա­րո­զեց եւ կեան­քէն քա­ղած մեկ­նա­բա­նու­թեամբ լու­սա­բա­նեց ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը: Սր­բա­զան ­Հայ­րը շեշ­տեց եւ ը­սաւ, թէ «­Մի­ջին­քը կը նմա­նի վազ­քի մրցոյ­թին, ուր մրցա­նա­կա­կի­րը մրցոյ­թի կի­սուն պահ մը կանգ կ­՛առ­նէ, եւ դար­ձեալ նոր ու­ժով եւ խոր շուն­չով կը յա­ռա­ջա­նայ դէ­պի յաղ­թա­նակ»: Ա­ւար­տին՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը մեկ­նե­ցան սրահ եւ ճա­շա­կե­ցին պահ­քի զա­նա­զան կե­րա­կուր­ներ:

ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏԻԿՆԱՑ ՄԱՐՄԻՆ ԳՈՔԻՆԻՈՅ