Չորեքշաբթի, 19 Մարտ 2023-ին ժամը 19:00-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւն ու սարկաւագները կատարեցին Միջինքի Հսկումի արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ «Ս. Քառասնից Մանկանց» նախատօնակը: Սոյն հոգեպարար արարողութիւններէն ետք, Միջինքին առիթով, տարիներու սովորութեան համաձայն, «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթի երեկոյ մը՝ կազմակերպութեամբ եւ պատրաստութեամբ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան անդամուհիներու կողմէ: Ճաշկերոյթի ընթացքին բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկնանց միութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Վէրգին Աւետիսեանը: Բարի գալուստի խօսքէն ետք հանդէս եկաւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Սուրբը, ուր խօսեւաց հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ Միջինքի մասին եւ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր փորձառութեան մասին՝ Հռոմի մէջ: Իր խօսքին մէջ հայր սուրբը նաեւ անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի հովուապետական այցելութեան մասին, որպէսզի մեր ժողովուրդը տեղեկանայ եւ իմանայ Վեհափառ հօր հովուապետական այցելութեան նպատակը: Վերջաւորութեան հայր սուրբը Թեսաղոնիկէի համայնքին փոխանցեց Վեհափառ հայրապետին հայրական ողջոյնն ու օրհնութիւնը:
ԹՂԹԱԿԻՑ