­Շա­բաթ, 12 Ապ­րիլ 2024-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Մի­ջինք»ի եւ «Ս. ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց» տօ­նին ա­ռի­թով հսկու­մի ժա­մեր­գու­թիւն, ա­պա տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն: Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Հայր սուր­բը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս դպրաց դա­սի սար­կա­ւագ­նե­րուն:
­Տօ­նա­կա­տա­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք, ո­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­ցան հոգշ. Հայր սուր­բը, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետն ու ան­դամ­նե­րը, միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ե­կե­ղեց­ւոյս բա­րե­կամ­նե­րը:
­Պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թին բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Տիկ­նանց միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Վեր­գին Ա­ւե­տի­սեան, որ բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէն ետք, բո­լոր ան­դա­մու­հի­նե­րուն ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ գնա­հա­տե­ցին եւ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­ցան ճաշ­կե­րոյ­թին յա­ջո­ղու­թեան: Ա­պա հրա­ւի­րե­ցին հոգշ. հայր սուր­բը, որ­պէս­զի ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յաց­նէ «­Մի­ջինք»ի ի­մաստն ու խոր­հուր­դը:
­Հայր սուր­բը իր խօս­քին մէջ յի­շե­ցուց ներ­կա­նե­րուն, որ ­Մեծ ­Պա­հոց ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան կի­սուն հա­սած ենք, եւ հարց տո­ւաւ ե­թէ իբ­րեւ քրիս­տո­նեայ ան­հատ­ներ մինչ այդ քրիս­տո­նէա­վա­յել կեանք ապ­րա՞ծ ենք թէ ոչ: Ան դի­տել տո­ւաւ, որ ­Մեծ ­Պա­հոց շրջա­նը իւ­րա­քան­չիւ­րիս հա­մար լա­ւա­գոյն ա­ռիթն է Աս­տու­ծոյ հետ ա­ւե­լիով մտեր­մա­նա­լու, մեր ան­ձը քննե­լու, սրբագ­րե­լու եւ լա­ւա­գոյ­նին ձգտե­լու: Իր խօս­քին մէջ անդրա­դառ­նա­լով ­Պա­հե­ցո­ղու­թեան խոր­հուր­դին մա­սին խօ­սե­ցաւ ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խե­լու, Ք­րիս­տո­սի մար­մինն ու ա­րիւ­նը ճա­շա­կե­լու, ա­ռանց ձանձ­րոյ­թի ա­ղօ­թե­լու եւ Աս­տու­ծոյ նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը խնդրե­լու:
­Հայր սուր­բին խօս­քէն ետք, հան­դէս ե­կաւ Ս­տե­փան ­Գաս­պա­րեան, որ իր կար­գին ներ­կա­յա­ցուց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քին կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ վեր­ջին 60 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին: Ա­նոր խօս­քը շա­տե­րուն հա­մար ե­ղաւ յի­շա­տակ­նե­րու վե­րա­թար­մա­ցում, իսկ նոր սե­րուն­դին հա­մար օ­րի­նակ՝ շա­րու­նա­կե­լու նա­խորդ­նե­րուն նուի­րա­կան գոր­ծը: Թղթակից