Ուրբաթ՝ 5 Ապրիլ 2019ի առաւօտեան ժամը 9։30ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ, կատարուեցաւ Մեծ Պահոց Միջինքի Արեւագալի արարողութիւնը։ Ընդառաջելով եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի հրաւէրին՝ արարողութեան նախագահեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։
Հաւատացեալները գեղեցիկ ապրումով երգեցին «Յարեւելից», «Ճգնաւորք» եւ «Լոյս, արարիչ լուսոյ» շարականները։ Ետքը քարոզեց Սրբազան Հայրը՝ օրուան շարականներէն ընտրելով «Ճգնաւորք եւ մարտիրոսք Աստուծոյ» տողը։ Ան յայտնեց, թէ Աստուծոյ հետեւորդները եւ Անոր սիրոյն նահատակուողները միայն կրօնաւորներ եւ համեստ դասակարգի մարդիկ չէին։ Այլ՝ անոնց մէջ կային նաեւ բանակի զօրավարներ, հարուստներ եւ ուրիշներ։ Անոնք իրենց կեանքի ընթացքին. առօրեայէն ու ժամանակաւորէն անդին՝ փնտռեցին գերագոյն ու յաւիտենական արժէքները։ Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մարդկային, հոգեւոր ու նիւթեղէն արժէքներ։ Ուստի մարդիկ պէտք է իմաստութեամբ մօտենան անոնց եւ իրենց կեանքին մէջ հիմնաւորեն մարդօգուտ արժանիքները։
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց Մարմնոյ կազմակերպած Միջինքի ճաշկերոյթը։ Տիկ. Նէլլի Աբիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ան յայտնեց, թէ Տիկնանց Մարմինը կը շարունակէ անցեալէն փոխանցուած եկեղեցական աւանդութիւնները եւ տօնական սովորութիւնները կենդանի պահել, որպէս կարեւոր մէկ բաժինը մեր եկեղեցւոյ ու շրջանի հայութեան պատմութեան մէջ։ Ապա՝ ան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ ամէն Ուրբաթ առաւօտները ներկայ գտնուեցաւ եկեղեցի, նախագահեց Արեւագալի արարողութեանց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
Առաջնորդ Սրբազանը այս տարի գեղեցիկ մտածումը ունեցաւ եւ յայտնեց Տիկնանց Մարմիններուն, որպէսզի Միջինքի հաւաքներուն պատուեն երիցուհիները, անոնց կատարած աշխատանքին ու կարեւոր դերակատարութեան համար։ Ուստի՝ տիկ. Աբիկեան ներկայացնելէ ետք երիցուհի Մարալ Խաչերեանը, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ յուշանուէրը յանձնելու։
Ճաշկերոյթի ընթացքին, հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան խօսք առնելով գնահատեց Սրբազան Հօր յաճախակի «Ս. Յակոբ» եկեղեցի ներկայութիւնը եւ շրջանի հայութեամբ մօտէն հետաքրքրութիւնը։ Միաժամանակ՝ Քահանայ Հայրը թելադրեց ժողովուրդին, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլան դիմաւորելու Սրբազան Հօր եւ անոր պատգամներուն հետեւելու։
Ապա՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան եզրափակիչ իր խօսքին մէջ գնահատեց երիցուհիները, անոնց ծառայութեան ու ներդրումին համար։ Ետքը շնորհաւորեց «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Տիկնանց Մարմինը, որոնք միշտ կը ձգտին լաւագոյն ձեւով կատարելու եկեղեցանուէր իրենց առաքելութիւնն ու պարտականութիւնը։ Ապա՝ անդրադառնալով Միջինքի աւանդութեան, ան շեշտեց ներկաներուն, թէ աւանդութիւնները եկեղեցւոյ ու կեդրոններու սրահներէն պէտք է տանիլ տուները, որպէսզի սորվին նաեւ մեր նոր սերունդի զաւակները։ Հայկական աւանդութիւնները պէտք է վերապրին ու վերարժեւորուին հայկական օճախներուն մէջ եւս։
Խօսքի աւարտին՝ ներկաները ճաշակեցին Տիկնանց Մարմնոյ կողմէ յատուկ կերպով պատրաստուած պահքի համեղ ճաշերը։ Իսկ օրուան բախտաւորը ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը։
ԹՂԹԱԿԻՑ