Ուրբաթ՝ 24 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ, կատարուեցաւ Մեծ Պահոց Միջինքի Խաղաղական եւ Հանգստեան արարողութիւնը։ ներկայ էին թաղային խորհուրդի անդամներ, Տիկնանց միութեան անդամներ, Հ.Գ.Խաչի վարչութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ, ուր գեղեցիկ ապրումով երգեցին շարականները։ Տէր հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ միջինքի մասին, ըսելով Պահոց 24-րդ օրը կը կատարուի միջինքը, եւ աւելցնելով, որ արարողական իմաստ մը չունի, բայց այս առիթով պետք է մենք մեզ ինքնաքնութեան ենթարկենք եւ մնացեալ 24 օրերը պետք է շարունակենք պահեցողութիւնը առաջին օրուայ պէս։
Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամբողջ միութիւնները միասնաբար կազմակերպած էին Միջինքի ճաշկերոյթը։ Տէր Հայրը օրհնեց սեղանը, ապա խօսք առնելով գնահատեց բոլոր միւթիւններուն միասնաբար մէկ ընտանիքի պէս իրենց այս նուիրումին եկեղեցւոյ եւ համայնքին։ Մաղթեց որ յարատեւ մնայ ծառայասիրութեան հոգին իրենց մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ