«Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» համաժողով Ս. Էջմիածնի մէջ. Յունաստանի մասնակցութիւնը
Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագիրով համաժողովը։
Հայաստանի հոգեւոր կեդրոնը իր յարկին տակ համախմբած էր աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած կրօնական առաջնորդներ, առաջատար գիտնականներ ու փորձագէտներ, որոնք հանդէս եկան համաշխարհային հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան մասին քննարկումներով։
Երկօրեայ համաժողովին ընթացքին քննարկուեցան հակամարտութեան գօտիներու մէջ դէպի պաշտամունքի վայրեր մուտքի հնարաւորութիւնը, կրօնական եւ ցեղական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ այլն։
Քննարկումներուն առանցքին Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը դարձաւ 44-օրեայ պատերազմին պատճառով տուժած յուշարձաններու ճակատագիրը։ Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսի անունով մասնակցեցաւ եւ ողջոյնի ուղերձ կարդաց յոյն եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Իղնաթիոս վարդապետ Սոթիրիատիս, որ իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս շեշտեց յոյն եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի զօրակցութիւնը Արցախի հարցին, նշելով եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան եւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը դիմագրաւելու համար կրօնական ազատութեան եւ խաղաղութեան խախտումները աշխարհի վրայ։
11 Սեպտեմբերին, խորհրդաժողովի մասնակիցները հիւրընկալուեցան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին կողմէ, նաեւ առիթը ունեցան այցելելու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը եւ Մայր Աթոռի թանգարանները։