«Միջազգային ճանաչում եւ դատապարտում՝
Ցեղասպանութեան ոճիրին համար»
Աթէնքի մէջ Համապոնտական միութեան
խորհրդաժողովէն հնչած պատգամը
Անցեալ շաբաթավերջին, Աթէնքի մէջ կազմակերպուեցաւ Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղուած գիտական, միջազգային երկօրեայ խորհրդաժողով մը, Յունաստանի Համապոնտական միութեան նախաձեռնութեամբ։ Խորհրդաժողովը կը վայելէր Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահի հովանաւորութիւնը։ Բացումը իրականացաւ Աթէնքի Աքրոփոլիսի թանգարանի ամփիթատրոնին մէջ, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի ներկայութեան։ Խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւիրուած էին Հայաստանի Ցեղասպանութեան ինսթիթութ-թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան եւ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբը։
Խորհրդաժողովի աշխատանքները իրագործուեցան նորարար ու ամէնէն արդիական լսողատեսողական միջոցներով օժտուած «Նիարխոս» մշակութային կեդրոնի Ֆարոս սրահէն ներս, Շաբաթ՝ 8 եւ Կիրակի՝ 9 Դեկտեմբեր 2019ին։ Խորհրդաժողովը գագաթնակէտը կազմեց Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ 9 Դեկտեմբերին Մ.Ա.Կ.ի կողմէ որդեգրուած՝ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման դէմ օրուան։
Խորհրդաժողովը համախմբեց աւելի քան 25 գիտական, ակադեմական բարձր վաստակի ներկայութիւններ, լրագրողներ, ցեղասպանագէտներ, պատմագէտներ, քաղաքագէտներ եւ ակտիվիստներ, նպատակ ունենալով զարկ տալ ցեղասպանութեան ոճիրի ծանօթացման, եւ յատկապէս անոր կանխարգիլման միջոցներուն, որպէսզի մարդկութիւնը հարուածող նման ծանր ոճիրներ՝ երբեք դարձեալ չիրագործուին։
Ներկայ էին եւ զեկոյցներով հանդէս եկան՝ Իսրայէլի մէջ Հոլոքոսթի ինսթիթութի տնօրէն Իսրայէլ Չառնի, փրոֆ. Չենկիզ Աքթար, հետազօտող եւ ակտիվիստ Թամէր Չիլինկիր, Ժընեւի դիւանագիտական համալսարանի փրոֆ. տոքթ. Ալֆրետ Մորիս Տէ-Զայաս, Եզիտիներու միջազգային միութեան կողմէ Հայտար Էլիաս, Մարդկային իրաւանց միութեան կողմէ փրոֆ. Թեսա Հոֆման, Ալապամայի համալսարանի փրոֆ. Սթիվէն Ճէյքոպս, Իսրայէլի Պէն Կուրիոն համալսարանի փրոֆ. Պենի Մորիս եւ Տրոր Զ’Էվի, Նիւ Օրլէանզի համալսարանի փրոֆ. Ռոպերթ Շէնք, լրագրող Պենճամին Ուէյնթալ, Ռուանտայի մէջ ականատես դարձած վերապատուելի Քարլ Ուիլքէնս, հելլէն խորհրդարանի անդամ եւ յունաց սփիւռքի մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սավաս Անասթասիատիս, իրաւաբան Փանաեոթիս Եաթաղանծիտիս, դերասան-բեմադրիչ Եորղոս Քոթանիտիս, Պրիւքսելի համալսարանի փրոֆ. Լամպրոս Քուլուպարիցիս, փրոֆ. Վասիլիոս Մէյխանեծիտիս, Միզուրիի համալսարանի փրոֆ. Նիքոս Միխայիլիտիս, Համապոնտական Միութեան նախկին նախագահ Եորղոս Փարխարիտիս, Մ.Ա.Կ.ի մէջ Գաղթականներու բարձրագոյն ատեանի խորհրդական Մէրի Սթիլիտի, իրաւաբան Խրիսթոս-Տիմիթրիոս Թոփալիտիս, Արեւմտեան Մակեդոնիոյ համալսարանի փրոֆ. Գոնսթանտինոս Ֆոթիատիս։ Skypeի միջոցով կապուեցան Ամերիկայէն՝ Ցեղասպանութեանց միջազգային միութեան կողմէ տոքթ. Հանրի Թէրիօ եւ փրոֆ. Սամուէլ Թոթթէն։
խորհրդաժողովի մասնակիցներուն կողմէ հնչած պատգամները, յստակօրէն ամրագրեցին, թէ մարդկային հիմնական իրաւանց խախտումներու պարագաները լրիւ մերժելի են արդի արեւմտեան աշխարհին մէջ եւ պետութիւններու պարտքն է առաջատար դիրքերէ պայքար մղել, մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար եւ Ցեղասպանութեան ոճիրներուն դէմ։
Կլոր սեղանի զրոյց՝ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով
Շաբաթ՝ 8 Դեկտեմբեր 2019ի երեկոյեան ժամը 5ին, կլոր սեղանի զրոյց տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ցեղասպանութեան ինսթիթութ-տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի եւ հելլէն խորհրդարանի երեսփոխան Անկելոս Սիրիղոսի կողմէ։ Զրոյցը վարեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան։ Պրն. Մարութեան անդրադարձաւ «Յիշել թէ՞ մոռնալ «դժուար» անցեալը» նիւթին, լայնօրէն շեշտելով Հայոց ցեղասպանութեան տուեալները ու կեդրոնանալով նոր սերունդներուն վրայ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման։ Ան շեշտեց ժողովուրդի դիմադրութեան դրուագները, մեր ազգի պատմութեան մէջ, որ հպարտութիւն եւ դիմադրողականութիւն կը հաղորդեն նորանոր սերունդներուն, որոնք պարտքը ունին յառաջ մղելու իրենց ազգային պայքարները։
Յաջորդաբար, խօսքը տրուեցաւ հելլէն խորհրդարանի երեսփոխան պրն. Անկելոս Սիրիղոսին, որ Թուրքիոյ պատմական թէ արդի քաղաքական դիրքերուն անդրադարձող դիպուկ զեկոյցով մը, շեշտեց այդ երկրի ղեկավարութեան կողմէ կատարուած ընտրանքներու դրդապատճառներն ու հետեւանքները։ Իր զեկոյցը կը կրէր «Ցեղասպանութիւն, թէ՞ պատերազմի մը ճակատագրական հետեւանքը» խորագիրը։ Ան խօսեցաւ նոյնինքն Թուրքիոյ պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարներուն դէմ կատարուած հետապնդումներուն ու դատական վճիռներուն մասին, եւ զարկը դրաւ ներկայիս, միջազգային քաղաքական ընտանիքի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած իրավիճակին, Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող յարձակողական քաղաքականութեան, ինչ որ կ’ապացուցանէ թէ այս երկրի փանթուրանական ծրագիրները երբեք փոփոխութեան չեն ենթարկուած։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան խօսեցաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի հանգրուաններուն մասին, օտար պետութիւններուն կողմէ յաջողուած Հայոց ցեղասպանութեան իրերայաջորդ ճանաչումներուն եւ դատապարտումներուն, Թուրքիոյ հակազդեցութեան եւ ուռացման քաղաքականութեան շուրջ։ Ան դրուատեց Համապոնտական միութիւններու տուեալ նախաձեռնութեան իրագործումը, որ ցեղասպանութեանց պատմական փաստի ծանօթացման եւ թրքական ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ լուրջ նուաճում մըն է։
Այլ ներկայացումներ
Ընդհանուրին մէջ, երկօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին, ներկայացումներ կատարուեցան հայերու, յոյներու, ասորիներու, եզիտիներու, ռուանտացիներու, հրեաներու պարագաներուն շուրջ։ Յարակից նիւթերու շարքին, խօսուեցաւ Պոնտոսի մէջ յոյներու ներկայի իրավիճակին, Պոնտոսի մէջ մահմետականներու վերածուած յոյն ազգաբնակչութեան, Թուրքիոյ անպատժելիութենէն բխած յարձակողական շարունակուող քաղաքականութեան, իրաւական հարցերու, հատուցման իրաւունքի ամրագրումին, հրեական ու հայոց եւ յունական ցեղասպանութեանց միջեւ նման կէտերու առկայութեան, Եզիտիներուն դէմ շարունակուող ցեղասպանութեան։ Յագեցած թեմաներով խորհրդաժողով մըն էր, որ յառաջ քշեց այդ տուեալը, թէ՝ Ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնը միայն զոհերուն եւ անոնց վերապրած հետագայ սերունդներուն վերաբերող հարց չէ, այլ՝ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է, որ կարելի չէ հանդուրժել երբեք, քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, անկախ թէ աշխարհի ո՛ր երկրին, կամ ո՛ր ազգին դէմ ուղղուած կրնայ ըլլալ։
Ընդունելութիւն՝ Յունաստանի
Հանրապետութեան նախագահին կողմէ
Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն աւարտին, Յունաստանի Համապոնտական միութեան կեդրոնական վարչութեան խորհուրդը, նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիսի գլխաւորութեամբ եւ խորհրդաժողովին մասնակից դասախօսներու մասնակցութեամբ, որոնց կարգին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինսթիթութի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան, Կիրակի՝ 8 Դեկտեմբերի գիշերը, այցելեցին Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսին, որու հովանաւորութիւնը կը վայելէր խորհրդաժողովը։
Պրն. Փաւլոփուլոս շնորհաւորեց խորհրդաժողովի գումարումը, նշելով, թէ մեծ ներդրում էր Յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման արդար պահանջքի միջազգայնացման գործին մէջ։
Ան ըսաւ, թէ յանձնառու պէտք է մնալ, որպէսզի միասնականօրէն ու վճռակամութեամբ հետապնդուի Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիա պարտի ճանչնալ իր անցեալը, հրաժարելով ժխտողական իր կեցուածքէն։
Ան աւելցուց, թէ ինք անձնապէս, աջակից պիտի գտնուի Պոնտոսի յոյներուն նուիրուած թանգարանի մը իրագործման ծրագրին։