ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ — «­Նոր ­Յա­ռաջ»

Ան­ցեալ շա­բաթ եր­կու ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ գրա­ւե­ցին մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը. ա­ռա­ջի­նը՝ նա­խա­գահ Թ­րամ­փի ո­րո­շումն էր, ո­րով ետ կը քա­շէր Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ստո­րագ­րու­թիւ­նը կեն­սո­լոր­տի ջեր­մաց­ման դէմ պայ­քա­րի ­Փա­րի­զի պատ­մա­կան հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն, եւ երկ­րոր­դը՝ շա­բա­թա­վեր­ջին ­Լոն­տո­նի ոճ­րա­փոր­ձե­րու շար­քը՝ ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­պաշտ­նե­րու կող­մէ:
Եր­կու ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը խտաց­նեն ներ­կա­յիս մարդ­կու­թեան ապ­րած մե­ծա­գոյն եր­կու ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը եւ երկ­րա­գուն­տի ա­պա­կա­նու­մը՝ ճար­տա­րա­րո­ւես­տա­կան ան­պա­տաս­խա­նա­տու շա­հա­գոր­ծում­նե­րու պատ­ճա­ռով: Այս եր­կու ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը խնդրա­կա­նաց­նեն մարդ­կու­թեան ըն­կե­րա­յին ապ­րե­լա­կեր­պի այն բնա­տի­պե­րը, ո­րոնք զար­գա­ցած եր­կիր­նե­րու հպար­տու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նան՝ ա­զա­տու­թիւն, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն, բազ­մա­զա­նու­թիւն եւ աշ­խար­հաս­փիւռ շու­կա­յա­կան ա­զա­տա­կա­նու­թիւն… հի­մա բո­լորն ալ հար­ցա­կան կը դառ­նան:
Որ­քա՛ն ալ ա­զա­տա­կա­նու­թեան կամ մի­ջազ­գայ­նաց­ման յան­կեր­գը ջա­տա­գո­վեն, պե­տու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս եւ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս, վերջ ի վեր­ջոյ, կը հե­տապն­դեն ի­րենց ազ­գա­յին պե­տա­կան պզտիկ շա­հե­րը: ­Կը մրցակ­ցին ի­րա­րու հետ յա­ճախ ոտ­նա­կո­խե­լով բա­րո­յա­կան եւ մարդ­կա­յին ա­մէ­նէն տար­րա­կան սկզբունք­նե­րը, կ­՛ան­տե­սեն մարդ­կու­թեան հա­մայ­նա­կան կեն­սա­կան շա­հե­րը, այ­սինքն՝ կը զո­հեն ընդ­հա­նու­րին շա­հը, իսկ երկ­րորդ ու ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ խնդի­րը՝ անխ­նայ կեր­պով կը շա­հա­գոր­ծեն երկ­րա­գուն­տի բնա­կան պա­շար­ներն ու կ­՛ա­պա­կա­նեն կեն­սո­լոր­տը, որ կը սպառ­նայ գա­լիք սե­րունդ­նե­րու ա­պա­գա­յին, ա­նոնց­մէ խլե­լով բնա­կան ու ա­ռողջ պայ­ման­նե­րու մէջ ապ­րե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը: ­Մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կա­րե­ւոր դեր ու­նէր Անգ­լիոյ եւ Ա.Մ.­Ն.ի նման եր­կու մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու դէ­պի պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լուն, ի­րենց պատ­մա­կա­նօ­րէն ա­զա­տա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րէն հե­ռա­նա­լուն եւ ծայ­րա­յե­ղօ­րէն ինք­նա­պաշտ­պա­նո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դի­մե­լուն մէջ:
­Նոյն­պէս, ա­պա­կա­նու­թեան դէմ Ա.Մ.­Ն.ի նա­խա­գա­հին ո­րո­շու­մը ցոյց կու տայ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գին խան­գա­րո­ւած վի­ճա­կը, սահ­մա­նա­փակ էու­թիւ­նը, երբ ան կ­՛ընտ­րէ նա­խա­գահ մը, որ կը զո­հէ ընդ­հան­րա­կան շա­հը՝ յա­նուն նեղ ազ­գա­յի­նին, հա­կա­ռակ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան եւ գի­տա­կան լայն շրջա­նակ­նե­րու յա­ռաջ քշած փաս­տե­րուն: