Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, Հինգշաբթի՝ 18 Յունուար 2018ի առաւօտեան ժամը 11ին, հանդիսապետութեամբ՝ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ, պաշտօնական առաջարկ-դիմումով՝ Յունաստանի յոյն-ուղղափառ եկեղեցւոյ «բարձրագոյն ուսմանց կաճառ»ի դասախօս Արիսթարխոս Կրէքոսի, եւ ներկայութեամբ՝ կաճառի 35 հոգեւորական եւ աշխարհական ուսանողներու։
Սոյն պատարագը իր տեսակին մէջ աննախընթաց երեւոյթ մըն էր գաղութիս կեանքէն ներս։ Ներկայ ուսանողներուն տրամադրուած էր այս առիթով Ազգային Վարչութեան կարգադրութեամբ տպագրուած, Հայ Եկեղեցւոյ պատարագամատոյցի յունարէն թարգմանութիւնը, որ կատարուած էր 1888ին, Յունաստանի կրթութեան նախարարի հրահանգով, պրն Տիմիթրիս Ցոլաքիտիսի կողմէ։
Պաշտօնական առաջարկի մը ընդառաջ մատուցուած այս Պատարագը խորքին մէջ մեծակշիռ տարողութիւն ունեցող եւ մասնաւորապէս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուղղափառութիւնը հաստատող դասախօսութեան մը ներածական բաժինն էր միայն, որուն անմիջապէս հետեւեցաւ Յունաստաի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Սրբազան Հօր կողմէ յունարէն լեզուով փոխանցուած ողջոյնի եւ բարի գալստեան խօսքը, ուր ի միջի այլոց մտերմիկ ոճով եւ ընդհանուր գիծերու մէջ Սրբազան Հայրը բարձրաձայնեց Հայց. Եկեղեցիին Առաքեալներու կողմէ հաստատուած ըլլալու անհերքելի ճշմարտութիւնը եւ առ այդ՝ «Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցի» անուանակոչումը պարզաբանեց, ի սրբագրութիւն օտարներու կողմէ «Լուսաւորչական Եկեղեցի» կոչուելու շփոթին։
Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խօսքը յայտնեց նաեւ, թէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին ցայսօր կը հետեւի Առաքեալներու կողմէ հաստատուած կանոններուն՝ հաւատարմօրէն կապուած կը մնայ առաջին երեք Տիեզերական Ժողովներուն, ինչպէս նաեւ՝ նոյնութեամբ կ՚օգտագործէ Նիկիոյ Հաւատոյ Հանգանակը։
Աւարտին, եկեղեցական բարձրագոյն ուսմանց կաճառի դասախօսը իր եւ ուսանող հոգեւորականներուն շնորհակալութիւնը յայտնեց գեղեցիկ առիթին համար, ու ապա՝ յայտնեց անխառն իր զգացումները յոյն եւ հայ եկեղեցիներու Ս. Պատարագներու նմանութեանց, այլեւ ու մանաւանդ անոր հարուստ մեղեդիին մասին։
«Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմնի պատրաստած ճաշերով ներկաները հիւրասիրուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի սրահին մէջ։
Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, ապա նաեւ նախորդ ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեան, յաջորդաբար իրենց խօսքը ուղղելով յոյն ուսանողութեան՝ անդրադարձան Յոյն եւ Հայ Եկեղեցիներու դարաւոր պատմութեան ուղիին վրայ դիմագրաւուած անկիւնադարձային երեւոյթներու եւ դէպքերու, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ազգային-կրօնական առաքելութեան։ Այլեւ՝ պատմական ստոյգ տուեալներով անդրադարձան հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր պատմութեան ընթացքին երեւան եկած ռազմական, մշակութային, քաղաքական ու ընկերային բազմակողմանի բարի դրացնութեան եւ երբեմն ալ քաղաքական պայմաններու եւ փոխադարձ շահերու հետապնդումներու հետեւանքով ստեղծուած հակադիր պետութեանց բարեխառն յարաբերութեանց։
Աւարտին, ուսանողներուն հետ ունեցած մտերմիկ զրոյցներու ընդհանուր եզրակացութիւնը այն էր, թէ ի վերջոյ, ըստ երեւոյթին, զոյգ եկեղեցիներէն ներս միեւնոյն Պատարագն է եւ միեւնոյն Նիկիական Հաւատոյ Հանգանակն է, որ կ՚արտասանուի՝ մէկ տարբերութեամբ, որ հայերը դեռ մինչեւ այսօր կը շարունակեն Պատարագի ընթացքին նզովել հերետիկոսները, իսկ Յունաստանի Եկեղեցին նզովքի բաժինը զանց առած է այլեւս։
Թղթակից