Արցախի հիմնահարցին վրայ ընթացող զարգացումներուն եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ազգային ժողովէն ներս կատարած մտահոգիչ յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, Յունահայ գաղութի կառոյցները միացեալ նախաձեռնութեամբ նամակ մը ուղարկեցին Հայաստանի վարչապետին, որուն մէջ յունահայութեան անունով իրենց մտահոգութիւնը եւ ընդվզումը կը յայտնեն իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակը։
Յունաստանի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան,
պարոն Տիգրան Մկրտիչեանի միջոցով՝ Հայաստանի
Հանրապետութեան վարչապետին պարոն Նիկոլ Փաշինեանին
Աթէնք, 20 Ապրիլ 2022
Յարգելի պարոն Վարչապետ,
Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն 2022-ի Ապրիլ 13-ին ձեր կատարած զեկուցումը, ինչ կը վերաբերի Արցախի հարցի կարգաւորման ու շրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման, ապա նաեւ ձեր զեկոյցին յաջորդած ու ի պատասխան անոր՝ ինքնորոշման իրաւունքի մէջ անխախտ մնալու եւ որեւէ պարագայի Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը մերժելու մասին Արցախի Ազգային ժողովի հրապարակած յայտարարութիւնը կասկած չեն թողուր, որ Հայաստան լրջագոյն ճնշումներու տակ է, որոնց դիմաց հայրենի իշխանութիւնները ձեր գլխաւորութեամբ, ընկրկելու, նոյնիսկ հայրենիքի անխզելի մաս՝ Արցախն ու սահմանային այլ տարածքներ զիջելու նախանշաններ ցոյց կու տան՝ յանուն ինչ որ «խաղաղութեան» ու «դրացիական յարաբերութիւններու»:
Պարոն Վարչապետ,
Այսու, ստորագրեալներս, իբրեւ ներկայացուցիչները յունահայ գաղթօճախի կազմակերպական միաւորներու, մեր հայագաղութին անունով կը յայտնենք ձեզի, որ մենք անընդունելի կը գտնենք որեւէ զիջողական տրամադրութիւն՝ թուրք-ատրպէյճանական տանդեմին կամ այլ հասցէներու կողմէ գործադրուած ճնշումներուն դիմաց, ուրկէ որ ալ ըլլան անոնք:
Անընդունելի կը գտնենք մանաւանդ որեւէ ընկրկում, որեւէ զիջում Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին մէջ: Զօրավիգ ենք Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութեան՝ թէ՛ անոր ոգիին եւ թէ՛ բովանդակութեան:
Հետեւաբար, կը դիմենք ձեզի պարոն վարչապետ, որ Արցախը առանձին ու անտէր մի՛ թողուք, զայն յուսաբեկութեան մի՛ մատնէք, եղէ՛ք անզիջող, տէր ու պաշտպան քաջարի Արցախին:
Մեր մտահոգութիւնը մեծ է: Կը հետեւինք Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ կատարուած յայտարարութիւններուն, որոնցմէ կը պարզուի, թէ «խաղաղութեան» օրակարգ մը առաջ քշելով եւ իրաւ կամ խաբուսիկ խոստումներով, Հայաստանին ու Արցախին համար ճակատագրականօրէն վնասակար եւ ի նպաստ Ատրպէյճանի ծրագիրներուն, մերժելի լուծում մը կը փորձուի պարտադրել մեզի: Յայտնօրէն, Թուրքիան լաւ առիթ գտած է՝ «խաղաղութեան» խաղաքարտով իր վաղեմի ծրագիրը իրականացնելու,այսինքն միջնորդ դառնալ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան իբրեւ թէ լուծում տալու համար:
Պարոն Վարչապետ,
Չենք ծածկեր զայրոյթի փոխակերպուած մեր խորունկ հիասթափութիւնը, երբ հայոց ցեղասպանութեան յուշն ու յոյզը վերաթարմացնելու համար ողջ ազգը կը պատրաստուէր Ապրիլ 24-ի ոգեկոչական միջոցառումներուն, այսինքն Ապրիլի երկրորդ տասնօրեակի առաջին օրերուն, երբ ձեզմէ լսեցինք ձեզի կատարուած առաջարկը՝ Արցախը Ատրպէյճանին նուիրելու՝ խաղաղութեան եւ ապահովութեան երաշխիքի փոխարէն: Բայց այդ առաջարկին դիմաց՝ յանուն ամբողջ հայութեան, յանուն Արցախի ժողովուրդին եւ յանուն իրենց երիտասարդ կեանքը զոհած բազմահազար հերոսներուն, չլսեցինք վճռական մերժումի պատասխանը, կտրուկ «ՈՉ»ը Հայաստանի վարչապետին, ինչ որ տարակուսանք կը յառաջացնէ, թէ արդեօ՞ք Հ.Հ.-ի իշխանութիւններն ու անձամբ վարչապետը տրամադրուած են տեղի տալ ճնշումներուն եւ բաւարարել առաջարկները:
Լաւ կը գիտակցինք, որ խաղաղութիւնը ամէնէն թանկ ու բարձրագոյն արժէք է բոլոր ժողովուրդներուն եւ մանաւանդ հայ ազգին ու Հայաստանին, իսկ անտարակուսելիօրէն նաե’ւ Արցախին համար: Խաղաղութիւնը կենսական է ոչ միայն մեզի, այլ նաեւ շահագրգիռ բոլոր երկիրներուն համար՝ թշնամի թէ բարեկամ: Սակայն խաղաղութիւն՝ փոխադարձ յարգանքի ու արդարութեան հիմունքով, եւ ոչ թէ սակարկելով հերոսներու արիւնը, ազգի արժանապատուութիւնը, իրաւունքը եւ հպարտութիւնը, որոնց հանդէպ նախանձախնդրութիւնը գործն է ամէն մէկ ազգայինի եւ առաջին հերթին՝ իշխանաւոր ղեկավարութեան:
Պարոն Վարչապետ,
Դժուար ու ճգնաժամային ներկայ պայմաններու մէջ կ՚ակնկալենք, որ հայրենի իշխանութիւնները բաւականաչափ ուժ ու խիզախութիւն կը գտնեն անզիջող ըլլալու համար, յատկապէս Արցախի հայապատկան ու Հայաստանապատկան ըլլալու հարցին մէջ եւ ընդդիմանալու որեւէ փորձի, որ վիրաւոր պիտի դարձնէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, հայրենի պետութիւնը, անոր անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ ազգի արժանապատւութիւնն ու հպարտութիւնը:
Յունահայ գաղթօճախը անվերապահօրէն կը կանգնի հայրենիքի կողքին, կը կանգնի Արցախի ժողովուրդի արդար պայքարի կողքին, ինչպէս ասկէ առաջ, նաեւ այսուհետեւ: Յունահայութիւնը վճռական է ու հաստատ իր համոզումին մէջ, թէ՝ կարելի չէ սակարկել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը: Այդ իրաւունքը արդարացուած է ժողովուրդի կամքով եւ սերունդներու կեանքին գնով:
Յարգանքներով՝
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբ
Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչ
Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտական միաւոր
«Ազատ Օր» օրաթերթ
«Ազատամարտ» միութիւն — («Արմենիքա» պարբերաթերթ)
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութիւն
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութիւն