ՄԻՆՍԱՐ

­Յով­հան­նէ­սին մայ­րը միա­կա­նի էր…
­Կեան­քէն սաս­տիկ տան­ջո­ւած, տա­րի­քոտ կին մըն էր…
­Յով­հան­նէս՝ կ’ամչ­նար մօ­րը մա­սին եւ ա­տեն ա­տեն… նոյ­նիսկ ի­րեն կ’ա­տէր…
­Կի­նը խո­հա­րա­րու­հի էր եւ ու­սա­նո­ղա­կան ա­կում­բին մէջ, ու­սա­նող­նե­րուն եւ դա­սա­տու­նե­րուն հա­մար ճաշ կը պատ­րաս­տէր, իր եւ իր զաւ­կի ապ­րուս­տի ծախ­սե­րը կա­րե­նալ հո­գա­լու հա­մար…
­Յով­հան­նէս չէր ու­զեր որ մայ­րը հե­տը խօ­սի, որ­պէս­զի ոե­ւէ մէ­կը չի­մա­նայ, որ ին­քը միա­կա­նի խո­հա­րա­րու­հիին զա­ւակն էր…
Ե­թէ պա­տա­հէր, որ գոր­ծի մը բեր­մամբ, ստի­պո­ւած ըլ­լար խո­հա­նո­ցէն դուրս ել­լե­լու, ու­սա­նող­նե­րու մեծ մա­սը փշա­քա­ղո­ւած ու ի­րար ան­ցած, ա­րագ մը կը փախ­չէր սրա­հէն, չդի­մա­նա­լով իր միա­չեայ դէմ­քին, ի­րենց հա­մար ան­տա­նե­լի տե­սա­րա­նին…
­Յով­հան­նէս, փոքր տա­րի­քէն խնդիր ու­նէր իր մօ­րը տես­քով…
­Ժա­մա­նա­կին, երբ տա­կա­ւին նա­խակր­թա­րա­նի ա­շա­կերտ էր, մայ­րը, զբօ­սան­քի պա­հուն դպրո­ցէն ան­ցած էր, ի­րեն քիչ մը պա­նիր ու հաց տա­լու հա­մար…
­Սաս­տիկ բար­կա­ցած էր…
Ինչ­պէ՞ս հա­մար­ձա­կած էր նման բան մը ը­նել…
Ար­հա­մար­հա­կան ու ա­տե­լու­թեամբ լե­ցուն նա­յո­ւածք մը նե­տե­լէ ետք մօ­րը վրայ, թո­ղա­լով հե­ռու փա­խած էր…
­Յա­ջորդ օ­րը դա­սըն­կեր­նե­րէն մէ­կը, զբօ­սան­քի պա­հուն սկսած էր պո­ռալ…
— ­Յով­հան­նէ­սին մայ­րը մէկ հատ աչք ու­նի, ­Յով­հան­նէ­սին մայ­րը մէկ հատ աչք ու­նի… հա, հա, հա, հա…
­Բո­լոր դա­սըն­կեր­նե­րը սկսած էին զին­քը ծաղ­րել ու վրան խնդալ…
Ե­րա­նի՜ մեռ­ներ… ե­րա­նի՜ ան­հե­տա­նար…
Դպ­րո­ցէն տուն վե­րա­դար­ձին, զայ­րա­ցած՝ ը­սած էր մօ­րը…
— Ե­թէ քու ե­րե­սէդ բո­լո­րը վրաս պի­տի խնդան… ին­ծի հա­մար մեռ­նիլդ նա­խընտ­րե­լի է…
­Խե՜ղճ կի­նը… ա­ռանց նոյ­նիսկ բեր­նէն խօսք մը հա­նե­լու… ար­տա­սո­ւե­լով խո­հա­նոց վա­զած էր…
­Տա­րի­ներ ետք, բա­րե­կա­մի մը հետ խօ­սե­լով, կ­’ը­սէր…
— Կ’ու­զէի մեկ­նիլ այդ տու­նէն, միայն ու միայն հե­տը ո­րե­ւէ յա­րա­բե­րու­թիւն չու­նե­նա­լու հա­մար…: Սկ­սայ չա­րա­չար կար­դալ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով, որ օ­րին մէ­կը հա­մալ­սա­րան ըն­դու­նո­ւիմ եւ քո­վէն բո­լո­րո­վին հե­ռա­նամ… նպա­տա­կիս հա­սայ…: Ե­կուր տես սա­կայն, որ գնաց ե­կաւ ու ինքն ալ գործ բռնեց, ըն­դու­նո­ւած հա­մալ­սա­րա­նիս խո­հա­նո­ցին մէջ… իբ­րեւ թէ ե­ղեր՝ ին­ծի օգ­նե­լու հա­մար… կար­ծես թէ ու­րիշ տեղ չէր կրնար աշ­խա­տիլ…

* * *

­Տա­րի­նե­րը ան­ցան, անձ­նա­կան տուն գնեց, ա­մուս­նա­ցաւ, զա­ւակ­նե­րու տէր դար­ձաւ եւ սկսաւ ու­րախ զո­ւարթ ապ­րիլ կնկան եւ իր եր­կու զա­ւակ­նե­րուն հետ…
­Բա­ւա­կան տա­րի­ներ հե­ռու մնա­լէ ետք, օ­րին մէ­կը մայ­րը ի­րենց այ­ցե­լու­թեան գնաց…
­Խե՜ղճ կի­նը, եր­բե՛ք իր թոռ­նիկ­նե­րը մօ­տէն չէր տե­սած…
­Զան­գը զար­կաւ… դու­ռը բա­ցին… բայց… ի­րեն տես­նել­նուն պէս… թոռ­նիկ­նե­րը մէկ ձայ­նով, վախ­ցած ներս վա­զե­ցին…
­Յան­դի­մա­նեց մօ­րը… ո­րով­հե­տեւ հոն գա­ցած էր ա­ռանց լու­րի եւ մա­նա­ւանդ… ա­ռանց նա­խա­պէս իր­մէ ար­տօ­նու­թիւն ա­ռած ըլ­լա­լու…
­Սաս­տիկ զայ­րա­ցած, պո­ռաց վրան…
— Ինչ­պէ՞ս կը հա­մար­ձա­կիս ա­ռանց լու­րի տունս գալ եւ զա­ւակ­ներս վախց­նել… դո՛ւրս… գնա՛… հե­ռա­ցի՛ր… ան­գամ մը եւս ոտքդ հոս չկո­խես… լսե­ցի՛ր…
­Մայ­րը հան­դարտ պա­տաս­խա­նեց…
— ­Կը նե­րէք պա­րոն, շատ կը ցա­ւիմ ձե­զի պատ­ճա­ռած ան­հանգս­տու­թեան հա­մար, կ’ե­րե­ւի թէ ին­ծի սխալ հաս­ցէ տո­ւած են…
­Հե­ռա­ցաւ ա­րագ մը, որ­պէս­զի թոռ­նիկ­նե­րը չհասկ­նան, որ դու­ռի սե­մին կանգ­նած պա­ռա­ւը… ի­րենց մեծ մայ­րիկն էր…

* * *

Ան­ցան քա­նի մը տա­րի­ներ եւս…
­Նա­մա­կա­տու­փին մէջ գտած իր մէկ նա­մա­կէն ի­մա­ցաւ, որ ծննդա­վայ­րի նա­խակր­թա­րա­նի իր նախ­կին դա­սըն­կեր­նե­րը, վե­րա­հան­դի­պու­մի հա­ւա­քոյթ մը ծրագ­րած էին կազ­մա­կեր­պել եւ թէ ան­պայ­ման ինքն ալ՝ պէտք էր, որ ներ­կայ ըլ­լայ…
Կն­կան սուտ խօ­սե­ցաւ, ը­սե­լով որ գոր­ծով պէտք էր գա­ւար ճամ­բոր­դել եւ ե­լաւ գնաց… երբ ժա­մու մը վեր­ջա­պէս հան­դի­պու­մը վեր­ջա­ցաւ… վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն, չես գի­տեր ինչ­պէս, գտնո­ւե­ցաւ պա­պե­նա­կան տու­նին առ­ջեւ… տու­նը մութ էր… բո­լոր դու­ռե­րը եւ պա­տու­հան­նե­րը կղպո­ւած էին… սկսաւ զան­գը զար­նել… պա­տաս­խան չառ­նե­լով՝ սկսաւ դու­ռը ձեռ­քով զար­նել… դրա­ցի մը տես­նե­լով, մօ­տե­ցաւ եւ ը­սաւ…
— ­Պա­րապ տե­ղը կը զար­նէք պա­րոն, հոս բնա­կող պա­ռա­ւը քա­նի մը օր ա­ռաջ մա­հա­ցաւ…
Ո­չինչ կա­րո­ղա­ցաւ ը­սել… դրա­ցին շա­րու­նա­կեց…
— ­Դուք ո՞վ կ’ըլ­լաք, մեծ մայ­րի­կը ձե­զի ծա­նօ՞թ էր…
— ­Մայրս էր, (հա­զիւ թէ կա­րո­ղա­ցաւ փսփսալ)…
— Ո՜հ, ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներս պա­րոն, ձեր մայ­րը շա՜տ բա­րի կին մըն էր… մե­զի շա­րու­նակ կը խօ­սէր ձեր մա­սին, խնդրեմ վայր­կեան մը սպա­սե­ցէք, ձե­զի հա­մար նա­մակ մը ձգած է մեր մօտ, հի­մա կը բե­րեմ…
­Նա­մա­կը յանձ­նեց տղուն…
Ինք­նա­շար­ժին մէջ նստաւ, նա­մա­կը բա­ցաւ եւ սկսաւ կար­դալ…
«­Սի­րե­լի տղաս, քե­զի շա­րու­նակ կը մտա­ծեմ… շատ կը ցա­ւիմ, որ տունդ գա­լով, զա­ւակ­ներդ վախ­ցու­ցի… շատ ու­րա­խա­ցայ ի­մա­նա­լով, որ ա­շա­կեր­տա­կան հա­ւա­քոյ­թին դուն եւս ներ­կայ պի­տի ըլ­լաս… բայց կը վախ­նամ…, որ չա­փա­զանց ու­ժա­թափ ըլ­լա­լուս, պի­տի չկա­րո­ղա­նամ ան­կո­ղի­նէս ել­լալ եւ գալ քե­զի տես­նել…
«Այս նա­մա­կը գրե­ցի, որ­պէս­զի քե­զի յանձ­նեն, միայն այդ պա­րա­գա­յին, որ չես հաս­նիր ին­ծի ողջ տես­նե­լու…
«­Կը ցա­ւիմ տղաս, որ փոքր ե­ղած ա­տենդ ին­ծի հա­մար կ­‘ամչ­նա­յիր եւ ա­ռանց ու­զե­լու, քե­զի նեղ կա­ցու­թեան կը մատ­նէի…, կը տես­նես… շատ փոքր ե­ղած ժա­մա­նակդ, բա­ւա­կան լուրջ առ­կած մը ու­նե­ցար, ո­րու հե­տե­ւան­քով կորսն­ցու­ցիր քու մէկ աչքդ… տղաս…, չէի կրնար քե­զի մէկ աչ­քով տես­նել… այն­պէս որ… իմ աչքս տո­ւի քե­զի…, այն­քա՜ն հպարտ էի, որ զա­ւակս աշ­խար­հը պի­տի տես­նէր իմ օգ­նու­թեամբս… իմ աչ­քովս…
«­Բան մը եւս…, կեան­քի փոքր ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն մը ը­րած էի, այն պա­րա­գա­յին հա­մար, որ ե­թէ ին­ծի լուրջ հի­ւան­դու­թիւն մը պա­տա­հէր, կա­րո­ղա­նա­յի ես ին­ծի հո­գալ…, բա­րե­բախ­տա­բար պէտք չե­ղաւ…:
«Այս ա­պա­հո­վագ­րու­թե­նէն հա­ւա­քո­ւած կո­կիկ գու­մա­րը, կը խնդրեմ տրա­մադ­րես թոռ­նիկ­նե­րուս ու­սու­մին հա­մար…
«­Թոռ­նիկ­նե­րուս, ո­րոնց քե­զի չափ կը սի­րեմ…
­Քե­զի միշտ յի­շող ու սի­րող… ­Մայրդ»…

* * *

Ոեւ­է բժիշկ չկրցաւ հասկ­նալ, թէ ին­չու այդ օ­րէն սկսեալ…
Տ­ղուն լե­զուն բռնո­ւե­լով, ան­գամ մը եւս չխօ­սե­ցաւ…

minsar55@gmail.com