ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր»

Տա­րի­ներ շա­րու­նակ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տար­բեր եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն եւ պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ա­ռա­տօ­րէն ար­ժէ­քա­ւոր նո­ւէր­ներ մա­տու­ցած է` մե­տաք­սէ գոր­գեր, ոս­կի, ար­ծաթ, խա­ւիար, կան­խիկ դրամ եւ բո­լոր ծախ­սե­րու վճա­րու­մով ու­ղե­ւո­րու­թիւն­ներ` Ատր­պէյ­ճա­նի օգ­տին եւ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի դէմ ա­նոնց ձայ­նե­րուն ա­պա­հով­ման դի­մաց: Այս ա­նօ­րի­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը այն­քան մեծ տա­րա­ծում գտած է, որ եւ­րո­պա­ցի­նե­րը զայն կը նկա­րագ­րեն իբ­րեւ «խա­ւիա­րա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն»:
Թէեւ այս կա­շա­ռա­կե­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի փակ դռնե­րու ե­տին եւ ո՛չ ատր­պէյ­ճան­ցի պաշ­տօ­նեա­նե­րու, ո՛չ ալ օ­տա­րերկ­րեայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու կող­մէ կը բա­ցա­յայ­տո­ւի, սա­կայն ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ ա­նի­կա ջու­րի ե­րես կ­՝ել­լէ: Մենք բո­լորս պէտք է յի­շենք, որ այն՝ ինչ բա­ցա­յայ­տո­ւած է, միայն չնչին մասն է այն մե­ծա­ծա­ւալ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան, որ տրո­ւած է Պա­քո­ւի այ­ցե­լու­նե­րուն, տար­բեր եր­կիր­նե­րու պաշ­տօ­նա­տար ան­ձանց եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, նե­րա­ռեալ՝ Մ.Ա.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն:
Վեր­ջերս մեծ աղմ­կա­յա­րոյց բա­ցա­յայ­տում ե­ղաւ Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դին մէջ մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­նե­րու կան­խիկ գու­մա­րի կա­շա­ռու­մը, որ տրո­ւած էր ա­նոր ո­րոշ ան­դամ­նե­րուն` Ատր­պէյ­ճա­նը քննա­դա­տող ո­րո­շում­նե­րը տա­պա­լե­լու կամ Ար­ցա­խի վե­րա­բե­րեալ անն­պաստ զե­կոյց­նե­րուն ա­ջակ­ցե­լու դի­մաց:
Իբ­րեւ ար­դիւնք՝ աշ­խար­հի խո­շո­րա­գոյն հա­կա­կա­շա­ռա­կեր «Թ­րանս­փա­րըն­սի Ին­թըր­նէ­շը­նըլ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կոչ ը­րած է Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դին՝ հե­տաքն­նե­լու կա­շա­ռա­կե­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ լուրջ մե­ղադ­րանք­նե­րը: «Եւ­րո­պա­կան կա­յու­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը եւս մե­ղադ­րած է Ատր­պէյ­ճա­նին՝ Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի ո­րո­շում­նե­րուն վրայ ան­հար­կի ազ­դե­լու հա­մար` հիմ­նա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն խո­շոր գու­մար­ներ եւ այլ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցե­լու մի­ջո­ցով: «Եւ­րո­պա­կան կա­յու­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը» կոչ ը­րած է ան­կախ հե­տաքն­նու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու, որ­պէս­զի ու­սում­նա­սի­րեն Ե.Խ.Խ.Վ. (Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղով) 2013ի քո­ւէար­կու­թիւ­նը, երբ մեր­ժո­ւած էր խիստ քննա­դա­տա­կան զե­կոյ­ցը Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ քաղ­բան­տար­կեալ­նե­րու եւ այդ երկ­րի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ:
2017 Ապ­րիլ 20ին «­Կար­տիըն» պար­բե­րա­կա­նը ըն­դար­ձակ յօ­դո­ւած հրա­պա­րա­կեց` «­Նոր պնդում­ներ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ­րո­պա­կան կա­ռոյ­ցի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի ձայ­նե­րու կեղծ­ման մա­սին» վեր­նա­գի­րով: Ե.Խ.Խ.Վ.ի եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներ «­Կար­տիըն»ին տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ Ե.Խ.Խ.Վ. ան­դամ­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նէն կա­շառք ստա­ցած են յօ­գուտ այդ երկ­րի քո­ւէար­կե­լու դի­մաց: Ե.Խ.Խ.Վ.ն կազ­մո­ւած է 47 եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու, նե­րա­ռեալ Ատր­պէյ­ճա­նի, Հա­յաս­տա­նի, Վ­րաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ 324 խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րէն:
Ատր­պէյ­ճան­ցի նախ­կին դի­ւա­նա­գէտ Ա­րիֆ Մա­մե­տով տե­ղե­կա­ցու­ցած է «­Կար­տիըն»ին, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան 30 մի­լիոն տո­լար տո­ւած է Ե.Խ.Խ.Վ. ան­դա­մի մը` Ե.Խ.Խ.Վ. այլ ան­դամ­նե­րուն իբ­րեւ կա­շառք բաժ­նե­լու նպա­տա­կով: «­Վե­հա­ժո­ղո­վին Շո­ւէ­տի պա­տո­ւի­րակ եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նախ­կին նա­խա­րար Թո­մաս Պիլսթ­րոմ ը­սած է` «­Շատ վստա­հե­լի ան­դամ­ներ» ա­նոր պատ­մած են, որ ի­րենց կա­շառք ա­ռա­ջար­կած են ո­րոշ ձե­ւով քո­ւէար­կե­լու հա­մար: Ան մէկն է այն 64 խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րէն, ո­րոնք բա­նա­ձեւ ստո­րագ­րած են` կոչ ը­նե­լով ան­կախ հե­տաքն­նու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու «ծանր յան­ցան­քի մա­սին լուրջ եւ վստա­հե­լի պնդում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ»` հիմ­նո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան քո­ւէար­կու­թեան վրայ»,- կը հա­ղոր­դէ «­Կար­տիըն»:
«Այդ պնդում­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ ի յայտ ե­կան 2012ին «Եւ­րո­պա­կան կա­յու­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն» վեր­լու­ծա­կան կեդ­րո­նի պատ­րաս­տած զե­կոյ­ցին մէջ, բայց թափ ա­ռին այն ժա­մա­նակ, երբ Ի­տա­լիոյ դա­տա­խազ­նե­րը հե­տաքն­նու­թիւն սկսան ա­ջա­կեդ­րոն խում­բի նախ­կին նա­խա­գահ, ի­տա­լա­ցի պատ­գա­մա­ւոր Լու­գա Վո­լոն­դէի գոր­ծով: Ան կը մե­ղադ­րո­ւի 2,39 մի­լիոն եւ­րօ (2,6 մի­լիոն տո­լար) կա­շառք Ատր­պէյ­ճա­նէն ստա­նա­լու մէջ` Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի մէջ ա­նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ջակ­ցե­լու դի­մաց: Ան պի­տի կանգ­նի դա­տա­րա­նի ա­ռաջ փո­ղե­րու լո­ւաց­ման հա­մար, իսկ Մի­լա­նի դա­տա­խա­զը կը բո­ղո­քար­կէ` կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մե­ղադ­րանք ա­ռա­ջադ­րե­լով ա­նոր դէմ: Ան միշտ հեր­քած է ցան­կա­ցած ի­րա­ւա­խախ­տում»,- կը գրէ «­Կար­տիըն»:
Նոյ­նիսկ Ե.Խ.Խ.Վ. նա­խա­գահ Փետ­րօ Ակ­րա­մուն­տը յայտ­նո­ւած է ծանր կա­ցու­թեան մէջ, քա­նի որ հրա­ժա­րած է հե­տաքն­նու­թիւն սկսե­լէ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­շա­ռա­կե­րու­թեան աղ­մու­կին առն­չու­թեամբ: Ա­նոր վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը դէ­պի Սու­րիա ա­ւել­ցու­ցած է Ե.Խ.Խ.Վ. ան­դամ­նե­րու թի­ւը, ո­րոնք պա­հան­ջած են ա­նոր հրա­ժա­րա­կա­նը: Քա­նի որ, ըստ կա­նո­նա­կար­գի, Ակ­րա­մունդ չի կրնար հե­ռա­ցո­ւիլ, Ե.Խ.Խ.Վ.ի Բիւ­րոն ան­ցեալ շա­բաթ ա­նոր անվս­տա­հու­թիւն յայտ­նած է` ո­րո­շում ըն­դու­նե­լով, որ ան լիա­զօ­րո­ւած չէ կա­տա­րե­լու ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նա­կան այց, յա­ճա­խած հան­դի­պում­նե­րու կամ ո­րե­ւէ հրա­պա­րա­կա­յին յայ­տա­րա­րու­թիւն ը­նել Վե­հա­ժո­ղո­վի ա­նու­նով իբ­րեւ նա­խա­գահ: Կը սպա­սո­ւի, որ ան շու­տով հրա­ժա­րա­կան պի­տի տայ:
Բա­ցի այդ, Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դը հե­տաքն­նու­թիւն սկսած է 2015ին Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­ժո­ղո­վին Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ` ա­ռա­ջին ան­գամ ան­դամ պե­տու­թիւն մը նման հար­ցաքն­նու­թեան են­թար­կե­լով վեր­ջին 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին…
Ա­մօ­թա­լի է, որ Ե.Խ.Խ.Վ.ն, մար­մին մը, որ ստեղ­ծուած է մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար, զոհ կ­՝եր­թայ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րի կա­շա­ռա­կե­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն: Այս մե­ղադ­րանք­նե­րը կը վար­կա­բե­կեն Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րը: Ա­նըն­դու­նե­լի է, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան նա­խորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ, երբ Ե.Խ.Խ.Վ. ան­դամ­նե­րը գա­ցած էին այն­տեղ իբ­րեւ դի­տորդ­ներ, ա­նոնք զար­մա­նա­լիօ­րէն շատ դրա­կան զե­կոյց­նե­րով հան­դէս ե­կած էին, մինչ­դեռ մնա­ցած մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րը շատ բա­ցա­սա­կան գնա­հա­տա­կան­ներ տո­ւած էին: Ն­ման հա­կադ­րու­թիւ­նը մտա­հո­գու­թեան տեղ կու տայ, որ Ատր­պէյ­ճա­նը յա­ջո­ղած էր կա­շա­ռել Ե.Խ.Խ.Վ. դի­տորդ­նե­րը` քո­ղար­կե­լու փտած ընտ­րու­թիւն­նե­րը:
«­Կար­տիըն» կ­՝եզ­րա­կաց­նէ, որ «Ատր­պէյ­ճա­նը օգ­տա­գոր­ծած է Վե­հա­ժո­ղո­վը (Ե.Խ.Խ.Վ.) իր նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մե­նա­տի­րա­կան իշ­խա­նու­թեան օ­րի­նա­կա­նու­թիւն հա­ղոր­դե­լու նպա­տա­կով, որ կը ղե­կա­վա­րէ եր­կի­րը 2003 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ»:
Ատր­պէյ­ճա­նի կա­շա­ռա­կե­րու­թեան չա­րա­շա­հում­նե­րուն ան­տե­սու­մը կը նշա­նա­կէ, որ Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դը այ­լեւս չի կրնար դի­տար­կո­ւիլ իբ­րեւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պա­հա­պա­ն…