­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ա­մե­նա­շատ տու­ժած գիւ­ղը` ­Թա­լի­շը, նոր շունչ կը ստա­նայ: «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը, բա­րե­րար Անդ­րա­նիկ ­Պաղ­տա­սա­րեա­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ, մօտ 541.331.200 դրա­մի (1.131.617 տո­լար) ներդ­րում կը կա­տա­րէ ի սպաս ­Թա­լի­շի զար­գաց­ման:
­Գու­մա­րը պի­տի ուղ­ղո­ւի գիւ­ղա­պե­տա­րա­նի, բժշկա­կան կեդ­րո­նի եւ ա­կում­բի վե­րա­կա­ռուց­ման, հան­դի­սու­թիւն­նե­րու տան շէն­քի վե­րա­կա­ռուց­ման, գիւ­ղա­պե­տա­րա­նի եւ հան­դի­սու­թիւն­նե­րու սրա­հի շէն­քե­րու տա­րած­քի բա­րե­կարգ­ման, 18 տան վե­րա­կա­ռուց­ման եւ վե­րա­նո­րոգ­ման: Ն­ման ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են նաեւ ­Մար­տա­կեր­տի շրջա­նին մէջ: