­Քո­ւին ­Մի­նա­սեան — «Ակօս»

Ա­թէնք, ­Յու­նո­ւար 19, 2007. ձմեռ­նա­յին սո­վո­րա­կան օր մըն է, հա­զիւ ըն­տա­նեօք ճա­շած ենք, երբ ժա­մը 15:20ին հե­ռա­ձայ­նը կը զար­նէ: Էր­հանն է գի­ծին միւս ծայ­րը. իմ միակ՝ մին­չեւ այդ օ­րը, ­թուրք բա­րե­կամս. ես ալ կար­ծեմ՝ իր միակ ­հայ բա­րե­կա­մու­հին էի: Ի՜նչ ու­րախ եմ, որ կրկին իր ձայ­նը կը լսեմ. բայց տե­սակ մըն է, ծանր եւ խռպոտ:
-­Քո­ւին, Հ­րան­դի՛ն սպան­նե­ցինք. նե­րո­ղու­թի՜ւն, նե­րո­ղու­թի՜ւն, նե­րո­ղու­թի՜ւն…
-Է՛ր­հան, ի՞նչ է ը­սածդ. ո՞ր Հ­րան­դը. դու՞ն, սպան­նե՞լ. ի՞նչ…
-Ա՜խր, լուր չ­ու­նի՞ս. աշ­խար­հը տակն ու վրայ է. քե­զի կ­‘ը­սեմ Հ­րա՛ն­դը սպան­նե­ցին: Հ­րանդ ­Տին­քը:
­Սա­ռած ու թմրած մնա­ցի, ան­կա­րող շար­ժե­լու կամ ո­րե­ւէ բան մը ը­սե­լու:
— Կր­կին ու կրկին նե­րո­ղու­թի՜ւն… ­Գի­տե՛մ. ան­կա­րե­լի է սպան­նող­նե­րուն նե­րես, բայց գիտ­ցիր, որ ին­ծի պէս շատ թուր­քեր, նոյն­պէս ան­կա­րե­լի՛ է Հ­րան­դին ոճ­րա­գործ­նե­րը նե­րենք: ­Հե­ռա­տե­սիլդ բաց, ամ­բողջ աշ­խար­հի կա­յան­նե­րուն ոսպ­նեակ­նե­րը «Ա­կօ­ս»ի վրայ են…΄
­Հա­զար հա­զար­նե­րով ­Թուրք քա­ղա­քա­ցի­ներ մէկ վայր­կեա­նէն միւ­սը՝ «­մենք ալ ­հայ ենք, ­մենք ալ Հ­րանդ ենք» յայ­տարա­րե­ցին: ­Վիշտն ու զայ­րոյ­թը յայտ­նի էին անոնց դէմ­քին վրայ: Ի՜նչ զար­մա­նա­լի. Հ­րան­դին նա­հա­տա­կու­թիւ­նը ­հա­յե­րուն եւ թուր­քե­րուն միա­ժա­մա­նակ նո՛յն զգա­ցում­նե­րը ի յայտ բե­րել տո­ւաւ: Ար­դէն հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին Հ­րան­դը ը­սած էր «Ս­պառ­նա­լիք­ներ կը ստա­նամ, բայց իմ մա­հը ա­ւե­լի՛ աղմ­կոտ պի­տի ըլ­լայ, քան իմ կեան­քը»:
Հ­րան­դ ինչ­պէ՞ս կա­րո­ղա­ցաւ խղ­ճիը դպնալ բո­լոր այն մար­դոց (ձա­խա­կող­մեան, հա­կա­ռա­կորդ, փոք­րա­մաս­նու­թիւն, այ­լա­հա­ւատ կամ պար­զա­պէս մտա­ծող), ո­րոնք ի­րենց մոր­թին վրայ տաս­նեակ տա­րի­նե­րով զգա­ցած են թրքա­կան վար­չա­կար­գին կող­մէն գոր­ծո­ւած ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը:
­Քա­ջա­բար, ազ­նիւ ու ան­կեղ­ծօ­րէն պաշտ­պա­նե­լով բո­լո­րին ի­րա­ւունք­նե­րը:
Պայ­քար՝ Ար­դա­րու­թեան, Ա­զա­տու­թեան, ­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մար: Ա՛ս է Հ­րան­դին յա­ւեր­ժա­կան պատ­գա­մը: Որ­քա՜ն այժ­մէա­կան, ի­րա՜ւ: