Մեքսիքայէն ժամանած պատգամաւորներ Պլանքա Մարգարիտա Քուաթա Տոմինկես, Մարիա Քրիսթինա Թէրեզա Կարսիա Պռաւօն ու Քարլոս Էռնանտես Միրօն այցելած են Արցախի Հանրապետութիւն: Հ.Հ. Ա.Ժ. հանրային կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ Հոկտեմբեր 24ին մեքսիքացի պատգամաւորները Հ.Հ. Ա.Ժ. նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ խոնարհած ի յիշատակ Արցախեան ազատագրական պայքարին նահատակուած հայորդիներուն:
Հ.Հ. Ա.Ժ. նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով եւ մեքսիքացի պատգամաւորները հիւրընկալուած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն ներս:
Հիւրերը ընդունած է Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որ նշած է, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը շահագրգռուած է բարեկամական յարաբերութիւններ ունենալով տարբեր երկիրներու հետ: «Մեզի համար շատ ցանկալի է, որ առաջին ծանօթութիւնը հետագային եւս իր շարունակութիւնը ունենայ: Կը կարծեմ` այս այցելութիւնը մեր յարաբերութիւններուն համար շատ լաւ սկիզբ է»,- ընդգծած է խորհրդարանի նախագահը:
Խօսելով Արցախի ժողովուրդի պայքարին մասին` Հ.Հ. Ա.Ժ. նախագահի տեղակալ էդուարդ Շարմազանով անդրադարձած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու վարած հակահայ քարոզչութեան եւ շփման գօտիին մէջ պարբերաբար հրահրուող ռազմական գործողութիւններու հարցին:
«Արցախի ժողովուրդի պայքարը Ատրպէյճանի դէմ չէ, Արցախի ժողովուրդի պայքարը իր ազատութեան եւ խաղաղութեան համար է»,-շեշտած է Էդուարդ Շարմազանով:
Պատասխանելով մեքսիքացի խորհրդարանականներու պատուիրակութեան ղեկավար Պլանքա Տոմինկեսի` Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ազատութեան սահմանափակման պատճառներուն մասին հարցումին, Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ նաեւ խորհրդարանական կապերու միջոցով հնարաւոր է միջազգային:
Մեքսիքացի պատգամաւորները կ՛այցելեն Արցախ
Մեքսիքացի պատգամաւորները կ՛այցելեն Արցախ