Կարօ Արմենեան
Ժամանակէ մը ի վեր, խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք «Հին Երեւան» անունը կրող շուկայական համալիրի ծրագրային կազմաւորման փուլերուն։ Մեծածախս այս ծրագրին տէրերը հետևողականօրէն կը պնդեն, որ հակառակ յաջորդական ձգձգումներուն՝ ծրագիրը կենդանի է եւ շուտով պիտի մտնէ շինարարական փուլ։ Կ՚իմանանք սակայն, որ դեռ հարցեր կան լուծուելիք, որոնց բնոյթը յայտնի չէ հանրութեան։ Որմէ կը հետեւի, որ այս կէտին վրայ հանրութեան պարտաւորութիւնն է ըլլալ արթուն, աչալուրջ եւ ուշադիր, որպէսզի յանկարծ ծրագրի ներքին բանակցութիւններու քաշքշուքին զոհ չերթայ մեր ազգային հարստութիւնը՝ ԱՐԱՄի տու՛նը, որ ճակատագրի տխուր խաղով մը յայտնուած է «Հին Երեւան»ի սեփականատէրներու ափին մէջ… փոխանակ իր իսկական իրաւատիրոջ՝ ազգի՛ն օրինական սեփականութիւնը ըլլալու։
Կը խօսինք հայ անկախ պետականութեան ռահվիրայ եւ հայ ժողովուրդի ազգային հերոսին՝ Արամ Մանուկեանի մասին։ Հերո՛ս՝ որ իր հերոսի կոչումը չէ ստացած ժամանակաւոր որեւէ իշխանութեան պարգեւատրումներէն։ Ան ՀԵՐՈՍ է իր իսկ ժողովուրդի անբեկանելի վճիռով։ Ժողովուրդի ժամանակամերժ եւ գեր-օրինական հեղինակութեա՛մբ։ Անցնող հարիւր տարուան ընթացքին, սփիւռքի մէջ, դժուար թէ գտնուէր մէկը, որ չգիտնար, թէ ո՞վ էր Արամ Մանուկեան։ Արամը վաղուց «կորսնցուցած» էր իր ազգանունը։ Ան պարզապէս ԱՐԱ՛Մն էր հայ ազգի բոլոր իրերայաջորդ սերունդներուն համար եւ վե՛րջ։ Իր անուամբ կոչուած են ընդհանրապէս սփիւռքի մէջ հասակ առած բոլոր Արամները։ Վստահաբար նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։
Խոր ցաւով պէտք է արձանագրել, որ դժբախտաբար նոյնը չէ եղած պարագան մեր հայրենիքին։ Ինչ որ տեղ՝ բոլշեւիզմը կրցա՛ծ է յաջողիլ հայրենի նորահաս սերունդներու մէկ լայն զանգուածի յիշողութենէն ջնջել ԱՐԱՄի անունը եւ յատկապէս ԱՐԱՄի հայրենաստեղծ գործին տարողութեան յստակ գիտակցութիւ՛նը։ Բոլշեւիկեան իշխանութիւնները ըրած են ամէն բան՝ մեր ժողովուրդին հաւաքական յիշողութենէն ջնջելու Առաջին Հանրապետութեան հարազատ պատմութիւնը՝ տեղը դնելով իրենց այլանդակ նենգափոխութիւնը։ Պատի՛ւ մեր ժողովուրդին, որ այնուամենայնիւ մերժած է ընդունիլ այդ պարտադիր զրկանքը եւ իր սրտի թաքուն խորքերուն մէջ պահած է իր սրբութիւնները։ Այսօր այդ նոյն ժողովուրդին զաւակներն են, որ դրուագ առ դրուագ եւ մեծ նախանձախնդրութեամբ կը վերականգնեն մեր ազգային յիշողութիւնը։
Արամին ծննդավայրն է այժմու Սիւնեաց Մարզի Դաւիթ Բէկ գիւղը (նախապէս՝ Զէյվա)։ Ան ծնած է 1879ին։ Եւ սակայն ան հասակ առած է Շուշիի մէջ եւ հոն է, որ անցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը, երբ դեռ աշակերտ էր Շուշիի յայտնի Թեմական Վարժարանին։ Դեռ վաղ երիտասարդութեան տարիներուն, ԱՐԱՄ ցուցաբերած է ղեկավարելու բնածին շնորհներ եւ ունեցած՝ բեղուն յեղափոխական կեանք։ 1904ին, ան կը նշանակուի Հ.Յ.Դ. Վանի ընդյատակեայ կազմակերպութեան պատասխանատու։ Իսկ 1915ին, Արամ կեդրոնական դէմքն է Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան, որ պսակուեցաւ վանեցիներու ջախջախիչ յաղթանակով։ Ռուսական բանակին առընթեր՝ հայ կամաւորական ուժերու Վան մուտքէն ետք, Արամ կը նշանակուի ազատագրուած մարզի կառավարիչ, իսկ երբ կը սկսի ռուսական նահանջը (որ բախտորոշ պիտի ըլլար Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան համար), դարձեալ ԱՐԱՄն է, որ մեծ ձեռնհասութեամբ կը ղեկավարէ քաղաքին պարպումն ու ժողովուրդի զանգուածային գաղթը դէպի Արարատեան Դաշտ։ Կը տեղահանուի մօտ 200.000 մարդ եւ ԱՐԱՄն է, որ կը կազմակերպէ այդ տեղահան ժողովուրդին տեղաւորման գործը Երեւանի մէջ եւ այլուր։
1918ի մեծ քաոսին մէջ — այս անգամ Երեւանի ժողովուրդի՛ն իսկ ընտրութեամբ — ԱՐԱՄ յանձն կ՚առնէ շրջանի կառավարման դժուարին գործը։ Եւ երբ թրքական զինեալ ուժերու յարձակողականը կը սկսի եւ թշնամին արդէն կը ծեծէ Երեւանի դռները, կրկին ԱՐԱՄն է, որ պիտի հրաշագործէ մեր ժողովուրդի համաժողովրդական հակադարձութիւնը յատկապէս Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի յաղթական ճակատամարտներով։
Պատմական այս մեծ իրադարձութիւններու բարդ բնոյթը իր էութենէն զեղջելու որեւէ դիտաւորութիւն թող չվերագրուի մեզի։ Մեծ թիւով հայրենանուէր զինուորներու, հրամանատարներու, զօրավարներու, աշխարհական եւ հոգեւոր գործիչներու արդար ներդրումը կայ այս բոլորին մէջ։ Բայց այդ բոլորը ի մի բերող եւ զանոնք բռունցքի վերածող կեդրոնական հեղինակութիւնն է ԱՐԱՄը՝ իր ամբողջական նուիրումով, կազմակերպական իր հանճարով եւ իր անսահման իմաստութեամբ։
Եւ ի՜նչ հեգնանք ու գաղափարական ի՜նչ թշուառութիւն, որ այսօր յանկարծ սկսած ենք սակարկութեան նիւթ դարձնել համազգային յարգանքի մեր բարոյական պարտաւորութիւնը ԱՐԱՄին եւ իր պատմական այս հսկայ ժառանգութեան հանդէպ։
Որո՞նք են այն մարդիկ, որոնք կը մերժեն Հանրապետութեան Հրապարակը բացսրտօրէն բանալ այս մեծ հայորդիին առջև։
Որո՞նք են դարձեալ այս պարոնները, որոնք Հանրապետութեան շփոթ օրերուն քանի մը արծաթով եւ մէջէ-մէջ կարգադրութեամբ ու գաղտագողի իւրացուցած են Առաջին Հանրապետութեան Կառավարութեան Տունը, որուն պատշգամէն ԱՐԱՄ դէպի Սարդարապատ մղած է Երեւանի ժողովուրդը։ Ի՜նչ ամբարտաւանութեամբ անոնք ժպրհած են խեղաթիւրել այս ազգային յուշարձանի ճարտարապետական յղացքը եւ ի՜նչ փցուն շահամոլութեամբ զայն վերածած՝ փիցայարանի։
Եւ որո՞նք են ի վերջոյ այն շուկայատէրները, որոնք կը շարունակեն հանրութեան հետ վերաբերուիլ այնպէս, որպէս թէ ԱՐԱՄի տունը իրենց հօրենական սեփականութիւնը ըլլար, զոր կրնան այսօր ըստ կամս շահարկել կամ փճացնել… Ազգային ինքնագիտակցութեան ո՞ր նորմերով տեղի կ՚ունենայ ազգային հարստութեան այս բացայայտ ջարդը։
Չի բաւեր, որ ազգային այս սրբավայրը խորհրդային իշխանութեան օրով լքուած ըլլայ իր բախտին, ահաւասիկ աւելի քան քառորդ դարու մեր անկախ պետականութեան ղեկավար ուժերը բացարձակապէս ոչինչ ըրած են զայն հանրութեան թեւարկութեան տակ առնելու եւ զայն շարունակական քայքայումէ փրկելու։ Մեր աչքերուն առջև ան անցած է ձեռքէ ձեռք որպէս սոսկ ապրանք՝ ամէն օր աւելի ձեւազեղծուելով եւ աւերակի վերածուելով։
Այս ապաշնորհ գործընթացը պէտք է կանգ առնէ առանց այլեւայլի։ Ծուռ դարձած այս անիւը պէտք է անյապաղ ետ շրջուի եւ ԱՐԱՄի տունը վերադարձուի իր իսկական իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդի՛ն։ Պետական կեանքի ճշգրիտ բառապաշարով՝ անոր իսկական տէրը հանրութիւնն է եւ այս մէկը այլընտրանք չունի։ Ան չի կրնար ծախուիլ կամ գնուիլ կամ ձեւազեղծուիլ։ Ճիշտ ինչպէս Ծիծեռնակաբերդն է կամ Սարդարապատի յուշահամալիրը։ Աւելի ցնցի՛չ։ Ճիշդ՝ ինչպէս Ս. Հռիփսիմէի տաճարն է։ Ան միանգամընդմիշտ պէտք է վերադարձուի հանրութեան եւ մշտնջենաւորուի ազգային հարստութեան իր վերջնական կարգավիճակով։ Առաւե՛լ. ան պէտք է վերականգնուի իր սկզբնական ճարտարապետական յղացքով, իր ներքին ձեւաւորմամբ, իր պատշգամներով ու բակով։ Եւ ան պաշտօնապէս պէտք է մկրտուի որպէս մեր անկախ պետականութեան Հիմնադիր Հօր՝ Արամ Մանուկեանի Տուն-Թանգարանը։ Եւ այս գործը խոնարհաբար պիտի առաջնորդէ ոչ այլ ոք, քան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դէմքը՝ Նորին Գերազանցութիւն Հ.Հ. Նախագահը։
Քաղաքակիրթ ազգերը այսպէ՛ս է, որ կը զանազանուին միւսներէն։ Անոնք կը յարգեն իրենց պատմութիւնը եւ գուրգուրանքով կը պահպանեն իրենց պատմական յիշողութիւնը։ ԱՐԱՄի Տունը եւ Առաջին Հանրապետութեան Կառավարութեան Տունը իրենց պատերուն միջեւ կը պարփակեն մեր պատմական յիշողութիւնը։ Անոնք կը պահպանեն յիշողութիւնը մեր այն պատմութեան, որ մեր ազգային անխառն հպարտութիւնն է այսօր եւ առողջ թթխմորը մեր անկախ պետականութեան գաղափարին։ Եւ անվիճելիօրէն՝ հանգանա՛կը Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի մեր անժամանցելի պարտաւորութեան։
Դեկտեմբեր 12, 2017 — Ուաշինկթըն