Հայ հասարակութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր տեղեակ է Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժնդակ կացութեան մասին, որ ծանրօրէն ազդած է Լիբանանահայ գաղութին վրայ։ Նոյնն է վիճակը նաեւ սուրիահայութեան, ուր պատերազմի վէրքերը կը շարունակեն խորապէս ճնշել Սուրիահայութեան վրայ։
Մեր երկու կարեւոր այս կեդրոնները պէտք ունին համահայկական հայութեան ներուժին ու նեցուկին, որպէսզի կարողանան դուրս գալ ծանր վիճակէն։
Վերջին ամիսներուն ընթացքին համագաղութային մեծ ճիգ կը տարուի, մեր հայրենակիցներուն դիմագրաւած ճգնաժամը մեղմացնելու նպատակով։
Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան եւ Հայ Կապոյտ Խաչի, Հայ Գթութեան Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեանց միակամ նախաձեռնութեամբ՝ հանգանակութիւն կը յայտարարուի այս նպատակով։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, իրենց կարեւոր նեցուկը բերելու եւ մասնակից դառնալու հանգանակութեան արշաւին։
Նուիրատուութիւններու արշաւը կը վայելէ Յունաստանի
Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի հովանաւորութիւնը։
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին օղակ մը աւելցնել նուիրատուութիւններու շղթային, թող բարի ըլլան իրենց նուէրները մուծել Հայ Կապոյտ Խաչի դրամատնային հետեւեալ հաշիւին, նշելով անուն-մականուն եւ «Ενίσχυση για Λίβανο-Συρία» ΕΘΝΙΚΗ ΤΡΑΠΕΖΑ IBAN GR1801101840000018429600283
կամ գումարը հասցնելով «Ազատ Օր»ի խմբագրատուն,
եկեղեցիներ եւ Ազգային Առաջնորդարան։
Մեր նիւթական նպաստով օգնենք որպէսզի
Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութիւնը դուրս գայ տնտեսական ծանր պայմաններէն:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ