­Հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր տե­ղեակ է ­Լի­բա­նա­նի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան դժնդակ կա­ցու­թեան մա­սին, որ ծան­րօ­րէն ազ­դած է ­Լի­բա­նա­նա­հայ գա­ղու­թին վրայ։ ­Նոյնն է վի­ճա­կը նաեւ սու­րիա­հա­յու­թեան, ուր պա­տե­րազ­մի
վէր­քե­րը կը շա­րու­նա­կեն խո­րա­պէս ճնշել ­Սու­րիա­հա­յու­թեան վրայ։
­Մեր եր­կու կա­րե­ւոր այս կեդ­րոն­նե­րը պէտք ու­նին հա­մա­հայ­կա­կան հա­յու­թեան նե­րու­ժին ու նե­ցու­կին, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան դուրս գալ ծանր վի­ճա­կէն։
­Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­մա­գա­ղու­թա­յին մեծ ճիգ կը տա­րո­ւի, մեր
հայ­րե­նա­կից­նե­րուն դի­մագ­րա­ւած ճգնա­ժա­մը մեղ­մա­ցնե­լու նպա­տա­կով։

Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան եւ Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեանց միա­կամ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ հան­գա­նա­կու­թեան միամ­սեակ կը յայ­տա­րա­րո­ւի այս նպա­տա­կով։

15 ­Նո­յեմ­բե­րէն մին­չեւ 15 ­Դեկ­տեմ­բեր 2021 եր­կա­րող ե­րե­սու­նօ­րեա­կին ըն­թաց­քին,
կոչ կ’ուղ­ղենք մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ի­րենց կա­րե­ւոր նե­ցու­կը
բե­րե­լու
եւ մաս­նա­կից դառ­նա­լու հան­գա­նա­կու­թեան ար­շա­ւին։

­Նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու ար­շա­ւը կը վա­յե­լէ ­
Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի
հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

­Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քին օ­ղակ մը ա­ւելց­նել
նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու շղթա­յին, թող բա­րի ըլ­լան ի­րենց նուէր­նե­րը մու­ծել
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի դրա­մատ­նա­յին հե­տե­ւեալ հա­շի­ւին,

նշելով անուն-մականուն եւ “Ενίσχυση για Λίβανο-Συρία”

ΕΘΝΙΚΗ ΤΡΑΠΕΖΑ IBAN GR1801101840000018429600283
­Մեր նիւ­թա­կան նպաս­տով օգ­նենք որ­պէս­զի ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Սու­րիոյ հա­յու­թիւ­նը
դուրս գայ տնտե­սա­կան ծանր պայ­ման­նե­րէն:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ