Մեր յարուցեալ ազգի Նոր Գողգոթայէն դէպի յարութիւն

0
353

ՄԱՆՆԻԿ ՊԷՕՐԷՔՃԵԱՆ – ԱՇՐԵԱՆ

­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի խա­չե­լու­թեան ու ա­պա Ս. ­Յա­րու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, ա­մէն ­Հայ ­Հա­յաս­տա­նի թէ Ար­ցա­խի մէջ եւ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, վեր­ջին ա­միս­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թին­նե­րէն ազ­դո­ւած՝ հո­գեմ­տա­յին ա­լե­կո­ծու­թեամբ, հիաս­թա­փո­ւած ու շո­ւա­րած, կը դժո­ւա­րա­նայ վե­րագտ­նել իր ազ­գա­յին ու­ժեղ ո­գին ու կամ­քը:
­Մեր ան­ցեա­լի ­Գող­գո­թա­յէն 106 տա­րի­ներ ետք, բնա­կան է թէ կը շա­րու­նա­կենք տալ յար­գան­քի տուրք եւ ա­ղօթք մեր ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին: ­Սա­կայն, ինչ­պէ՞ս տո­կալ ու վե­րագտ­նել ազ­գա­յին վե­րած­նուն­դի ու­ղիղ ճա­նա­պար­հը, ներ­կա­յի նոր ­Գող­գո­թա­յին ա­տեղ­ծած վա­խի, անձ­կու­թեան եւ ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ ա­հա­զան­գի կա­ցու­թեան մէջ:
­Մեր հի­նա­ւուրց ազ­գը դա­րե­րու ըն­թաց­քին, հա­կա­ռակ իր հե­րո­սա­կան պայ­քար­նե­րուն, յա­ճախ գտնո­ւած է օ­տար լու­ծի տակ, ռազ­մա­վա­րա­կան խաչ­մե­րու­կի աշ­խար­հագ­րա­կան իր դիր­քին պատ­ճա­ռաւ: ­Մէկ կող­մէն են­թա­կայ ե­ղած է բար­բա­րոս­նե­րու ար­շա­ւանք­նե­րուն, միւս կող­մէ կռուախն­ձոր դար­ձած է ա­մէն ժա­մա­նա­կի գե­րու­ժե­րու մի­ջեւ: Այս դիր­քը, սա­կայն, մշա­կոյ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս, Ա­րեւմ­տեան եւ Ա­րե­ւե­լեան ազ­դե­ցու­թեանց ներ­դաշ­նակ հան­դի­պու­մով եւ ­Հա­յու ստեղ­ծա­գործ մտքի կնի­քով դրոշ­մո­ւած, ա­ռի­թը տո­ւած է մեր ազ­գին ստեղ­ծե­լու բարձ­րո­րակ մշա­կոյթ:
­Հան­րի ­Ֆօ­սի­յիօն կը տես­նէր ­Հա­յաս­տա­նը «իբր ե­զա­կի մշա­կու­թա­յին օ­ճախ, օժ­տո­ւած լոյս ճա­ռա­գայ­թող ու­ժեղ յատ­կու­թեամբ» եւ Ի­տա­լա­ցի քա­ղա­քա­գէտ ­Լու­ճե­թի «իբր նիւ­թա­կան, բա­րո­յա­կան եւ մտա­յին զար­թօն­քի օր­րան: ­Պա­տա­հա­կան չէ, որ «UNESCO»ն ­մեզ ո­րա­կած է «Creative Nation» ստեղ­ծա­գործ ազգ:
Դժ­բախ­տա­բար, Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի մեր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը, ինչ­պէս նաեւ հին ու միջ­նա­դա­րեան թա­գա­ւո­րու­թիւն­ներ, 11րդ ­դա­րէն սկսեալ թրքա­կան ար­շա­ւանք­նե­րու հե­տե­ւան­քով, ին­կան Օս­մա­նեան լու­ծի տակ: ­Յա­ջոր­դե­ցին ստրկու­թեան վեց մութ դա­րե­րը, րա­յեա­յի վի­ճա­կո­ւած ահ­ռե­լի կա­ցու­թեան մէջ:
Ա­պա, սկսաւ մեր ազ­գա­յին ­Գող­գո­թան, ­Սուլ­թան ­Հա­մի­տի օ­րե­րու ջար­դե­րով եւ հա­սաւ գա­գաթ­նա­կէ­տին ողջ ազ­գի բնաջն­ջու­մի ծրագ­րով, 1915-ի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան քստմնե­լի ո­ճի­րով:
Ողջ հա­յու­թեան ծա­նօթ են անջն­ջե­լի եւ ան­ժա­ման­ցե­լի ծան­րա­գոյն այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը՝ 1.500.000 մարդ­կա­յին զո­հեր, հա­զա­րա­ւոր յու­շա­կո­թող­նե­րու կո­րուստ, ­Թուր­քի եա­դա­ղա­նէն ճո­ղոպ­րած­նե­րու աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն ցրո­ւած հայ­րե­նա­զուրկ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան տե­ւա­կան աք­սոր:
­Ծա­նօթ է, սա­կայն, նաեւ միայն ե­րեք տա­րի­ներ վերջ 1918-ին, մեր ազ­գա­յին յա­րու­թեան հրաշ­քը ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­մամբ:
Այս է մեր ազ­գը, «ան­կա­րե­լիին ազ­գը» ինչ­պէս ը­սած է Ֆ­րանց ­Վեր­ֆել:
Այ­սօր, ու­րեմն, երբ կը գտնո­ւինք նոր ­Գող­գո­թա­յի ա­ռաջ, երբ դար­ձեալ հա­մա­թու­րա­կան ծրագ­րին, բար­բա­րոս յան­ցա­գործ­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­կիրթ մեղ­սա­կից­նե­րուն զո­հը կը դառ­նանք, կը պար­տինք զգաս­տա­նալ եւ հա­մա­հայ­կա­կան ռազ­մա­վա­րա­կան ազ­գա­յին ծրագրով ըն­թա­նալ դէ­պի նոր յա­րու­թիւն:
Ինչ­պէ՞ս:
Ան­տա­րա­կոյս, չա­փա­զանց ծանր է հա­կազ­դե­ցու­թեան ու­ղիղ ճա­նա­պար­հը գտնել, երբ մեր հո­գի­նե­րը խո­ցո­ւած են հինգ հա­զար հե­րոս տղոց մա­հով, տա­սը հա­զար վի­րա­ւոր­նե­րու եւ հաշ­ման­դամ­նե­րու դի­մագ­րա­ւած տան­ջան­քով, գե­րի­նե­րու եւ ան­հետ կո­րած­նե­րու մա­սին մտա­հո­գու­թեամբ, ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րու խոր վիշ­տով եւ մեր հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի հո­ղե­րուն 75%-ի կո­րուս­տով: Յս­տակ է նաեւ, թէ ­Նո­յեմ­բեր 9-ի տխրահռ­չակ հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մէն վերջ, ո՜չ միա­յին պար­տո­ւած այլ մեր ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած կը զգանք:
Ուս­տի, ազ­գա­յի­նը անձ­նա­կան շա­հէն գե­րա­դա­սե­լու հիմ­նա­կան սկզբուն­քով, իշ­խա­նու­թիւ­նը կը պար­տի լրջօ­րէն ըն­դու­նիլ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը:
Ա­ռա­ջին հեր­թին, ան­շուշտ, ակնկա­լե­լի էր ան­մի­ջա­կան հրա­ժա­րա­կա­նը այն վար­չա­պե­տին, որ ստո­րագ­րած էր այդ նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ պայ­մա­նա­գի­րը: Ա­ռանց դա­ւա­ճան կամ ա­պի­կար ո­րա­կում­նե­րու, քա­նի նման պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն մը իր վրայ ա­ռած ղե­կա­վար մըն էր, աշ­խար­հի ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ այ­լընտ­րանք չեր կրնար ու­նե­նալ: Ան­հա­ւա­տա­լի կը թո­ւի, որ այն ան­ձը, ո­րուն 2018-ին հա­ւա­տաց հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի մեծ հա­տո­ւած մը, իբր լա­ւա­գոյն ա­պա­գայ խոս­տա­ցող ա­ռաջ­նորդ, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը մե­նա­տի­րա­կան ամ­բո­խա­վա­րու­թեան վե­րա­ծեց:
­Հասկ­նա­լի է, թէ ժո­ղո­վուր­դին դիւ­րին չէ, որ հո­ղա­յին ու մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րէ վերջ, լսե­լով Ա­լիե­ւէն, թէ մին­չեւ իսկ Ե­րե­ւա­նը ա­զե­րիա­կան է եւ զգա­լով հայ­րե­նի­քին սպառ­նա­ցող վտան­գը, կա­րո­ղա­նայ ա­րագ իր ազ­գա­յին պատ­մա­կան հա­յա­վա­յել դի­մա­գի­ծը վե­րագտ­նել:
Ի խո­րոց սրտի կը մաղ­թեմ, որ մեր քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը չտա­րո­ւին հի­նե­րու եւ նո­րե­րու, սե­ւե­րու եւ ճեր­մակ­նե­րու, ազ­գը պա­ռակ­տող քա­րոզ­չու­թիւն­նե­րէ: Փ­տա­ծու­թիւ­նը, դժբախ­տա­բար գո­յու­թիւն ու­նի ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, իսկ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ւել չա­փով առն­չո­ւած է ան­ցեա­լի սո­վե­տա­կան մտայ­նու­թեան հետ ու չի վե­րա­բե­րիր միայն իշ­խա­նու­թեանց: ­Կը սի­րեմ յու­սալ, թէ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը կը յա­ջո­ղին այ­լեւս ձեր­բա­զա­տո­ւիլ ­Հա­յուն նկա­րա­գի­րը ա­ղա­ւա­ղած 70 տա­րո­ւայ ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գի մտա­ծե­լա­կեր­պէն: ­Կը մաղ­թեմ, որ ա­ռաջ­նոր­դո­ւին հա­յու ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ, մնա­լով հա­ւա­տա­րիմ մեր պատ­մա­կան ան­ցեա­լին եւ յա­նուն կրօն­քի ու հայ­րե­նի­քի մղած ան­հա­մար պայ­քար­նե­րուն:
Ո­րոշ ան­ձե­րու տե­սա­կէ­տը, թէ կա­րե­ւոր է ար­դիա­կա­նա­ցու­մը, չի նշա­նա­կէր ա­պազ­գայ­նա­ցում եւ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցում: ­Ժա­մա­նա­կի հետ քայլ պա­հե­լը բնա­կան է, բայց միշտ հա­յու ինք­նու­թեան ա­նա­ղարտ ո­գիով: ­Չեմ ու­զեր հա­ւա­տալ, թէ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը կը տա­րո­ւին ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պեյ­ճա­նի հետ մեր հո­ղե­րու մի­ջո­ցաւ վա­ճա­ռա­կա­նա­կան կա­պե­րով, կը յա­ջո­ղին տնտե­սա­կան աճ ու­նե­նա­լու խաբ­կան­քէն:
­Մեր նոր ­Գող­գո­թա­յէն, դար­ձեալ դէ­պի յա­րու­թիւն, միակ ճա­նա­պարհն է «­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ Ս­փիւռք ե­ռա­միաս­նու­թիւ­նը» չթո­ղուլ լօ­զունգ, այլ դարձ­նել գործ­նա­կան ազ­գա­յին ծրա­գիր: Ար­ցա­խը մերն է եւ սփիւռ­քա­հա­յը օ­տա­րա­ցի չէ: Ե­թէ, փո­խա­նակ պա­ռակ­տու­մի, յա­ջո­ղինք կեան­քի կո­չել մեր ազ­գի բո­լոր կա­րո­ղու­թիւն­ներն ու մաս­նա­գի­տու­թիւն­նեե­րը կրթու­թեան, ար­հես­տա­գի­տու­թեան ու տնտե­սու­թեան ո­լորտ­նե­րէն ներս եւ մեր հե­րո­սա­կան բա­նա­կի ու պաշտ­պա­նա­կան զի­նամ­թեր­քի հզօ­րա­ցու­մը յա­ջողց­նենք, մենք, հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րով, դուրս կու­գանք ներ­կա­յի խղճա­լի կա­ցու­թե­նէն ու կը հաս­նինք օ­տար­նե­րու կող­մէ յար­գե­լի մա­կար­դա­կի:
Այն ա­տեն միայն կը յա­ջո­ղինք լսե­լի դարձ­նել մեր ձայ­նը, ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան յստակ ծրագրո­ւած դի­ւա­նա­գի­տու­թեամբ:
­Վեր­ջին օ­րե­րուն, ողջ հա­յու­թիւ­նը հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թեամբ ըն­դու­նեց աշ­խար­հի հզօ­րա­գոյն ու­ժե­րէն Ա.Մ.Ն.-ի ­Նա­խա­գահ ­Ճօ ­Պայ­տը­նի կող­մէ մեր ազ­գի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մը, իբր ցայ­տուն ա­պա­ցոյց սփիւռ­քա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ յատ­կա­պէս ­Հայ դա­տի տաս­նա­մեակ­նե­րու ճի­գե­րուն յաղ­թա­կան ար­դիւն­քին:
­Մենք, ազ­գա­յին վե­րած­նուն­դով, ուշ կամ կա­նուխ, կը յա­ջո­ղինք ի­րա­կա­նաց­նել Ա­զատ, Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ ­Հայ­րե­նի­քի մեր ե­րա­զը:
Օ՜ն, ու­րեմն, թան­կա­գին քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ, վե՜ր կանգ­նինք ու դառ­նանք ար­ժա­նա­ւոր ժա­ռան­գորդ­նե­րը մեր պա­տո­ւա­կան ազ­գի նախ­նի­նե­րուն, միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով հա­րիւ­րա­մեա­կի խորհր­դան­շա­կան պատ­գա­մին՝ «­Յի­շենք ու պա­հան­ջենք»: