Իսկական հայասէր՝ յոյն նախագահի սրտէն բխած խօսքերը դիպուկ կերպով կը մատնանշեն Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ եղբայրական սերտ կապերու առկայութիւնը։
Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոբուլոսի երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան՝ 5 եւ 6 Նոյեմբերին, լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու համար երկու երկիրներու աւանդական եւ պատմութեան խորերէն եկող բարեկամութեան ու գործակցութեան ընդհանուր պատկերը, որ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման օրերէն սկսեալ, շրջագիծի մէջ առած է հետզհետէ աւելի ամրապնդուող քաղաքական, մշակութային, պաշտպանութեան, տնտեսական զարգացման եւ միջազգային ատեաններուն մէջ համագործակցութեան ոլորտները։
Հոս, պէտք է հաստատել, որ վերջին այցելութիւնը ցոյց տուաւ նաե՛ւ երկու նախագահներու միջեւ ստեղծուած բարեկամական անկեղծ զգացումները։
Ծանօթ է Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոբուլոսի քաղաքական իր գործունէութեան ընթացքին ցուցաբերած անգնահատելի հայասիրական եւ ծառայասիրական զգացումներն ու գործնական քայլերը յունահայ համայնքին եւ առ հասարակ՝ հայութեան հանդէպ։
Նախագահ մը, որ իր այցելութենէն առաջ հաստատօրէն բնութագրեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի արդար լուծման համար իր կեցուածքը՝ խարսխուած հայութեան անժամանցելի իրաւունքներու միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն վրայ, իսկ Հայաստանի մէջ, առանց իր խօսքերը ծամծմելու, ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ՝ առերեսուելու իր պատմութեան արիւնոտ էջէրուն հետ եւ ներողութիւն խնդրելու երկու ժողովուրդներուն վրայ իր գործած ցեղասպանութիւններուն համար։
Յունաստանի նախագահին դիմաց, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, իր դիւանագիտական միջազգային փորձառութեամբ, շեշտաւորեց Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ առկայ կապերուն ամուր հիմերու վրայ ստեղծուած գործակցութիւնը, Հայաստանը որպէս Յունաստանի ամէնէն արժանահաւատ եւ սերտ դաշնակիցն ու գործակիցը ըլլալու իրականութեան լոյսին տակ։
Յոյն նախագահի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ի յայտ եկաւ, թէ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ նախ՝ եռակողմ ձեւաչափով Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս գործակցութիւնը, որ նոր հորիզոններ կը բանայ տարածաշրջանին մէջ երեք երկիրներու ամրապնդուած՝ միջազգային հարթակի վրայ գործակցութեան, ապա՝ կը շեշտէ Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն կապերու խորացման մէջ Յունաստանի կարեւորագոյն դերակատարութիւնը եւ հիմնական աջակցութիւնը։
Յունաստանի նախագահի այցելութիւնը դիւանագիտական կապերու ամրացումէն անդին, քաղաքական կարեւոր տուեալներ կը ներկայացնէ եւ շօշափելի հեռանկարներ կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ երկու երկիրներու դերակատարութեան առնչութեամբ։
Արդէն, ամիսներ առաջ, յունահայ գաղութի կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ պաշտօնական տեսակցութեան ընթացքին՝ նախագահ Փաւլոբուլոս Հայաստան այցելութեան եւ անկէ ունենալիք ընկալումներուն մասին իր պատկերացումները աւելի քան յստակ եւ տեսանելի դարձուց, որոնք իրենց ակնկալուած արդիւնքը տուին Երեւանի մէջ՝ 5 եւ 6 Նոյեմբերի նախագահական այցելութեան յաջող պսակումով։
Կը սպասուի, որ 2020ի սկիզբին երեք երկիրներու ղեկավարներու Երեւանի մէջ գումարուելիք եռակողմ գագաթնաժողովը, նախագահական այցելութեամբ ամրագրուած գործակցութեան հիմնական կէտերու ուժեղութեամբ, նոր հորիզոններ պիտի բանայ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջազգային եւ շրջանային քաղաքական ու դիւանագիտական դերակատարութեան առջեւ։
Յունաստանի նախագահին Հայաստանի մասին այնքան դիպուկ բնութագրումը, զգացական եւ անկեղծութեան ամէն տեսակի արտայայտութեան կողքին, ցոյց կու տայ Յունաստանը Հայաստանի լիիրաւ եւ արժէքաւոր դաշնակիցը ըլլալու բացառիկ իրողութիւնը։
«Մեր հոգին միշտ կը մնայ Հայաստանի մէջ». Փրոքոփիս Փաւլոբուլոս
«Մեր հոգին միշտ կը մնայ Հայաստանի մէջ». Փրոքոփիս Փաւլոբուլոս