Ծանօթ է, թէ համաշխարհային տպագիր մամուլի տագնապը անմասն չէ ձգած նաեւ հայկական տպագիր մամուլը։ Տեղեկատուութեան յարափոփոխ զարգացումներու իրականութեան ներքոյ, ընթերցողները կը դիմեն ձեռքի հեռաձայններու կամ համակարգիչներու դիւրութեան, իսկ տպագիր մամուլը՝ իր դասական ձեւով, չի կրնար քայլ պահել արդի միջոցներու գործածութեան հետ։
«Ազատ Օր»-ը եւս պարտի նոր ժամանակներու հասկացողութեան մէջ պատշաճեցնել իր հրատարակութեան ձեւն ու եղանակը։
Որոշ ժամանակէ ի վեր, մեր թերթը արդէն մտած է նոր ըմբռնումներու եւ ձեւերու մատուցման ծրագրումի հունին մէջ։ Այս ծրագիրները կը պահանջեն յստակ ժամանակ ու աշխատանք թերթիս պաշտօնէութեան կողմէ, որպէսզի անոնք արդիւնաւորուին եւ մեր բաժանորդներուն հրամցուի նոր ձեւաչափ մը, որ պիտի կարողանայ քայլ պահել ներկայ եւ ապագայի տեղեկատուական պահանջներուն հետ։
Վերը նշուած փոփոխութիւններու լոյսին տակ, մեր ընթերցողներուն կը յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2024-էն, «Ազատ Օր» լոյս պիտի տեսնէ Երկուշաբթիէն մինչեւ Հինգշաբթի օրական 4 էջերով եւ միայն ելեկտրոնային PDF ձեւաչափով, իսկ Ուրբաթ օրերը լոյս պիտի տեսնէ տպագիր թիւը՝ 8 էջի ծաւալով ու աւելի ընդարձակ բովանդակութեամբ։ Տպագիր թիւը պիտի ունենայ նաեւ իր ելեկտրոնային հրատարակութիւնը։
Ելեկտրոնային թիւը ամէն օր պիտի առաքուի մեր ընթերցողներու e-mail հասցէներուն, իսկ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը տպագիր թիւը պիտի հասնի մեր ընթերցողներու տուները ցրուիչին միջոցով։
Մեր նպատակն է՝ 2024-ի առաջին ամիսներուն մէջ ամբողջացնել նոր ծրագրումի հանգրուանները, որուն մասին օրին տեղեակ պիտի պահենք մեր ընթերցողները, ապահովելու համար նոր եւ աւելի արդի ձեւաչափի մը հրատարակութիւնը, որ կը հաւատանք, թէ պիտի գոհացնէ մեր բաժանորդներուն եւ թերթիս ընթերցողներուն պահանջը։ Միաժամանակ, մեր նպատակն է երաշխաւորել ու ամրապնդել յունահայ գաղութի պատմական թերթի ապագան, հանգրուանաբար պատրաստուելով արհեստագիտական արդի գործիքակազմերու որդեգրման, ինչպէս նաեւ մեր թերթի պատշաճեցման լրատուութեան նոր ըմբռնումներու աշխարհին մէջ։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»