«­Քո­րո­նա» ժահ­րի պատ­ճա­ռով ստեղ­ծո­ւած տագ­նա­պը կը ստի­պէ նաեւ թեր­թիս աշ­խա­տա­կազ­մին դի­մե­լու նախզ­գու­շա­կան քայ­լե­րու։ Այս­պէս, թեր­թը ա­մէն օր հրա­տա­րա­կե­լու մեր ճիգին մէջ, ո­րո­շե­ցինք գրա­սե­նեա­կա­յին աշ­խա­տան­քը ո­րո­շա­պէս փո­խա­րի­նել տնա­յին աշ­խա­տան­քի դրու­թեամբ, միայն մէկ աշ­խա­տող պահելով խմբագ­րա­տուն՝ թեր­թի է­ջադ­րու­մի եւ տպագ­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մադ­րե­լու հա­մար։
Առ այդ, յա­ռա­ջի­կայ եր­կու շա­բաթ­նե­րուն հա­մար կը խնդրենք մեր բա­ժա­նորդ­նե­րէն եւ բա­րե­կամ­նե­րէն, այ­ցե­լու­թիւն չկա­տա­րել խմբագ­րա­տուն, իսկ հե­ռա­ձայ­նա­յին կա­պի պա­րա­գա­յին, ա­նի­կա սահ­մա­նա­փա­կել ա­մէ­նէն անհ­րա­ժեշտ հար­ցե­րու հա­մար, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն։
­Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը ի­րենց ծա­նու­ցում­նե­րուն հա­մար կրնան նաեւ գոր­ծա­ծել azatordaily@gmail.com ե­լեկտ­րո­նա­յին հաս­ցէն, նշե­լով նաեւ ի­րենց հե­ռա­ձայ­նի թի­ւը, որ­պէս­զի թեր­թիս աշ­խա­տա­կազ­մը կա­րո­ղա­նայ կապ հաս­տա­տել ա­նոնց հետ, ե­թէ հարկ զգա­ցո­ւի։
Վս­տահ ենք, որ մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ պի­տի ըն­կա­լեն այս ո­րո­շու­մը, յու­սա­լով որ կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, պի­տի կա­րո­ղա­նանք վե­րա­դառ­նալ աշ­խա­տան­քի բնա­կա­նոն գոր­ծե­լա­ձե­ւին։


«Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թիւն