­Մեր ե­կե­ղե­ցին եւ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը (­Վա­ւե­րաց­ման 160-ա­մեա­կի ա­ռի­թով)

0
79

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ա. ՄԱՍ

­Ծա­նօթ. Իբ­րեւ Ա. բա­ժին՝ բա­ցատ­րա­կան այս նոր յա­ւե­լո­ւա­ծով վերս­տին հրա­տա­րա­կու­թեան հա­մար մա­մու­լին կը յանձ­նեմ յօ­դո­ւածս, որ լոյս տե­սած էր տա­սը տա­րի ա­ռաջ՝ 150-ա­մեա­կին ա­ռի­թով: Այն ա­տեն ար­ձա­գանգ չու­նե­ցաւ: ­Կը կար­ծեմ, թէ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ է, որ հայ հան­րու­թիւ­նը, պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քի վրայ թէ պարզ ազ­գա­յին, ի­րա­զե­կո­ւի Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան գո­յու­թեան եւ ա­նոր ո­գիին, լու­սա­բա­նուի, որ Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան դրոյթ­նե­րով մեր ե­կե­ղե­ցին տար­բեր է մեզ շրջա­պա­տող միւս ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն, հա­մայն­քա­յին իր գոր­ծե­րը կը վա­րէ ան ե­կե­ղե­ցա­կան ու աշ­խար­հա­կան ընտ­րեալ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հա­մե­րաշխ գոր­ծակ­ցու­թեամբ եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քով: Անբ­նա­կան պի­տի ըլ­լար ար­դէն, ե­թէ հա­մայն­քի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան մաս­նա­կից չդառ­նար աշ­խար­հա­կա­նը, քա­նի որ այս եր­կու­քը՝ աշ­խար­հա­կան թէ ե­կե­ղե­ցա­կան կ­‘ա­ռաջ­նոր­դո­ւին ազ­գա­յին նոյն նպա­տակ­նե­րէ եւ այս եր­կու­քի գոր­ծակ­ցու­թեան հան­գա­ման­քին շնոր­հիւն է , որ մեր ե­կե­ղե­ցիին կու տայ նոր գա­ղա­փար­ներ ըն­կա­լե­լու ըն­դու­նակ նկա­րա­գիր, ինչ որ մեր հպար­տու­թիւնն է կամ պէտք է ըլ­լայ՝ հա­ւա­սա­րա­պէս աշ­խար­հա­կան­նե­րուս եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն հա­մար…: (Ե­րո­սա­ղէմն է միայն, որ կը շա­րու­նա­կէ կղե­րա­պե­տա­կան զար­տու­ղի ու խնդրա­յա­րոյց ըն­թաց­քը, ինչ որ կոտ­տա­ցող վէր­քի մը պէս կը մնայ բաց ու քննե­լի խո­շոր օ­րա­կարգ մը՝ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ծո­ցին մէջ):
Կրկ­նեմ, որ Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան մա­սին հան­րու­թեան ի­րա­զե­կու­մը կա­րե­ւոր է ու այժ­մէա­կան, որ­պէս­զի ա­ռաջքն առ­նո­ւի ե­սա­կեդ­րոն կամ իւ­րո­վի մեկ­նա­բա­նու­թեանց ա­ռա­ջա­ցու­ցած շփո­թին, որ յա­ճախ ան­հա­ճոյ կա­ցու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ քիչ մը ա­մէն տեղ, հա­յա­գա­ղութ­նե­րու մէջ…: Կ­՚են­թադ­րեմ, որ սխա­լած պի­տի չըլ­լամ նշե­լով նաեւ, որ հան­րա­յին գոր­ծե­րու պա­տաս­խա­նա­տու ան­ձե­րուն մէջ քիչ չէ թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք գի­տակ չեն Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան դրոյթ­նե­րուն, եր­բեմն նոյ­նիսկ ա­նոր գո­յու­թեան մա­սին:
Ու­րեմն, անհ­րա­ժեշտ է հան­րա­յին զրոյց­ներ ու լսա­րան­ներ կազ­մա­կեր­պել եւ մա­մու­լի մէջ եւ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով անդ­րա­դառ­նալ Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան ո­գիին ու դրոյթ­նե­րուն, վեր առ­նե­լով մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին ու ժո­ղովր­դա­վար բնոյ­թը, որ­պէս­զի օ­տար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հետ հա­մե­մա­տու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով ան­տե­ղի շփոթ­ներ ու հա­կադ­րու­թիւն­ներ չստեղ­ծո­ւին մտքե­րու մէջ…:
Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ու­ժի մէջ դնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի այժ­մէա­կան է ներ­կա­յիս, քան այն ժա­մա­նա­կին, որ վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ ան:
­Հա­ւա­նա­բար յստա­կաց­ման կը կա­րօ­տի նաեւ այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու մէջ՝ թէ’ աշ­խար­հագ­րա­կան ի­մաս­տով եւ թէ’ մտայ­նու­թեանց փո­փո­խու­թեամբ շա­տոնց դադ­րած է այ­լեւս ե­կե­ղե­ցա­կան «ծուխ»ի հին հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ տա­կա­ւին կը պահ­պա­նո­ւի ա­մէն մէկ ե­կե­ղե­ցիին ու ե­կե­ղե­ցա­կա­նին գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար շրջա­գիծ մը:
­Դա­սա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ «ծուխ»ը կա­րե­լի էր պատ­կե­րաց­նել ե­կե­ղե­ցիի մը ան­մի­ջա­կան տա­րած­քին մէջ բնա­կող եւ այդ ե­կե­ղե­ցիին պատ­կա­նող հայ ըն­տա­նիք­նե­րով (ծուխ-ծխա­նի) կազ­մո­ւած հա­մայնք մը, ո­րուն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դէ մը ա­ւե­լի’ն ­կը նկա­տո­ւէր ե­կե­ղե­ցա­կա­նը: Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր փո­խո­ւած են պատ­կե­րը եւ մտայ­նու­թիւ­նը: Իբ­րեւ մէկ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ հսկայ տա­րածք ու­նին հա­յա­գա­ղութ­նե­րը, ո­րոնց մէջ ե­կե­ղե­ցիին հետ ա­ռաջ­նոր­դող գոր­ծօն­ներ են կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, մար­զա­կան, բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, մա­մու­լը, ա­կումբ-հա­ւա­քա­տե­ղի­նե­րը ե­ւայլն: սփիւռ­քա­հա­յը թօ­թա­փած է ար­դէն ծխա­կա­նի մտայ­նու­թիւ­նը եւ ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մայն­քին կա­պո­ւած նոյն հա­ւա­տար­մու­թեամբ կա­պո­ւած է նաեւ իր պատ­կա­նած կու­սակ­ցու­թեան ու կազ­մա­կեր­պու­թեանց կամ հե­տե­ւորդն է ա­նոնց: Այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը շեշ­տա­կի, գրե­թէ հրա­մա­յա­կա’ն ­կը դարձ­նէ աշ­խար­հա­կան մար­մին­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու սերտ ու հա­մե­րաշխ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ինչ որ խոր­քա­յին հրա­հանգն է Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան: Աս­կէ ան­դին ժա­մա­վա­ճա­ռու­թիւն է յա­ճախ լսո­ւող բա­նա­վէ­ճը «հե­ղի­նա­կու­թիւն» կո­չո­ւող հան­գա­ման­քին մա­սին, որ ձեռք կը բե­րո­ւի միա՛յն ու միա՛յն ար­տադ­րո­ւած գործ­քով եւ ըստ ա­նոնց ծա­ւա­լին ու ար­դիւն­քին…:

(շա­րու­նա­կե­լի)