Մեր եկեղեցին եւ ազգային սահմանադրութիւնը
(Վաւերացման 160-ամեակի առիթով)
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Բ. ՄԱՍ
Մեր եկեղեցին
1863 թուականի Մարտ 30-ին Օսմանեան արքունիքէն պաշտօնապէս կը վաւերացուէր հայ համայնքի Ազգային սահմանադրութիւնը, որով եւ գործնականօրէն եւ օրէնքի տառովն ալ կ՚ամրագրուէին հայկական եկեղեցւոյ ժողովրդավար հանգամանքն ու նկարագիրը:
Հին ժամանակներէն, իր ակունքներուն մէջն իսկ մեր եկեղեցին կղերապետական հաստատութիւն չէ եղած: Ժառանգութեան իրաւունքով հօրմէ որդի յաջորդած քանի մը կաթողիկոսներու համեմատաբար կարճ շրջանէ մը ետք , ազնուականներէ կազմուած «աշխարհաժողով»ն էր, որ կ՚որոշէր կաթողիկոսութեան յարմար թեկնածուն՝ անշուշտ թագաւորին ազդեցիկ միջամտութեամբ:
Պետականութեան կորուստէն ետք , պարսկական, թիւրքմէնական , թրքական թէ այլ դաժան տիրապետութեանց ձիգ դարերուն՝ մեր եկեղեցին բնականաբար ինքն իր մէջ կը կծկուէր. բռնատիրական վարչակարգերու ազդեցութեան տակ՝ իշխող խաւին չարաշահումներն ու խաթարումները թէեւ անխուսափելի իրենց վարակը կը ձգէին կարգ մը եկեղեցականներու վրայ , այդուհանդերձ եկեղեցին միշտ կը շարունակէր մնալ կազմակերպումի եւ համախմբուածութեան սքանչելի ու միակ միջնաբերդը, ուր կը պահպանուէին հայութիւնը իր անցեալին կապող ազգային արժէքներն ու մշակոյթի մնացորդացը, աւանդոյթներն ու ծէսերը, լեզուն ու գրականութիւնը:
Ամէն գիւղ ու աւան, նոյնիսկ ամէնէն յետինը կ‘ունենար իր եկեղեցին ու հոգեւոր առաջնորդը, որոնց շնորհիւ կը կազմուէր համայնքը, որ միեւնոյն հաւատքին հետեւող մարդոց համախմբուածութիւնն է: Քահանան կրօնքի ծիսակատարն էր , գիւղացիները մխիթարողը, գիւղին խոստովանահայրն էր , վեճերուն լուծում տուող դատաւորը, խրատողն ու խորհրդատուն, յաճախ նաեւ դաստիարակը: Համեստ ուժերով եւ իր համայնքին հետ ծէսի ու աւանդութեանց ճամբով ազգային թթխմորին պահապանը:
Աւելի վերջ, ձեռնտու պայմաններու յառաջացումով եկեղեցին կը վերածուէր նաեւ մտաւոր լուսաւորութեան կեդրոնի՝ իր նպաստը բերելով զարթօնքի շարժումին, որ ազգի վերակառուցման ուղին հարթող պայքարի հրաւէր մըն էր: Եւ այնպիսի միջավայրի մէջ, որ հեռու էր Եւրոպայէն, անհաղորդ՝ անոր քաղաքակրթական յառաջընթացին եւ շրջապատուած՝ մոլեռանդ ու յետամնաց Ժողովուրդներով…:
Այս պատկերը հանենք իր ժամանակի ու միջավայրի պարունակէն եւ զայն տեղադրենք ներկայ օրերու մէջ եւ պիտի հաստատենք , որ աւանդութիւնը կը շարունակուի:
Ցեղասպանութենէն ետք, տեղահանուած մնացորդացը, անասելի թշուառութեան մէջ շուար ու կամակոր հայ հաւաքականութիւններ, զանազան շրջաններու մէջ համայնքային դիմագիծ ու ջիղ կը ստանային՝ նոյնպէս տեղահան եղած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շնորհիւ: Հետագային ալ, սփիւռքի ընդարձակումով, կաթողիկոսութեան գործը կը ծաւալէր: Միջին արեւելեան երկիրներ, արաբական անապատային քաղաքներ, Ամերիկա, Գանատա ու մինչեւ Վենեզուելա հայութեամբ բնակուած վայրերու մէջ ի հոգեւորս ծառայողներ կը ղրկուէին ՝ եկեղեցիներ կառուցելու, եկեղեցիներու միջոցով ու շուրջ համայնքային կեանք ու աշխուժութիւն ստեղծելու եւ համախմբել ջանալու համար ցրուած հայութիւնը: Եւ այնպիսի անհրապոյր վայրերու մէջ, ուր պիտի դժկամէին-չուզէին գործուղուիլ հանրային այլ մարզերու նուիրուած գործիչներ:
Հարց է , թէ առանց եկեղեցիի ու եկեղեցականի դերակատարութեան , տեղահանուած հայ հաւաքականութիւնները արդեօ՞ք պիտի կարենային կազմակերպ հայագաղութներու վերածուիլ թէ ոչ…
Կը տեսնենք, որ վերը նշուած պատկերին միեւնոյն դերակատարները (եկեղեցւոյ սպասարկողները) միեւնոյն դերին մէջն են, անշուշտ նորովի պատշաճեցումներով ու արդի ըմբռնումներով, քանի որ այլեւս կրօնականը իր անձին վրայ չի կեդրոնացներ անցեալի հանգամանքները, ազգայիններն ալ ատենի գիւղացիները չեն եւ մանաւանդ որ 160 տարիներէ ի վեր կեանքի կոչուած է եւ ի զօրու կը մնայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ:
Դարերու ընթացքին եւ մինչեւ այսօր հայ եկեղեցիին ուժն ու կենսունակութիւնը հաւանաբար կը կայանան այն իւրայատկութեանը մէջ, որ անոր պաշտօնեաները, այսինքն եկեղեցականութիւնը ինքզինք չէ նկատած ու չի նկատեր առանձին ու անջատ դասակարգ մը, այլ կը համարէ անքակտելիօրէն նոյնացած ազգայիններուն ու ազգին հետ: Եկեղեցի ու ազգայիններ փոխադարձ հանդուրժողութեամբ եւ միեւնոյն մտահոգութիւններով ու թիրախներով վարած են ու կը վարեն ազգին գործերը, մղուած ՝ ազգային միեւնոյն շահերէ ու նպատակներէ:
Շահերու եւ նպատակներու այս նոյնութիւնն է արդէն, որ մեր եկեղեցիին կու տար ու կը շարունակէ տալ իւրայատուկ եւ նոր գաղափարներու ընդունակ նկարագիր, կորուսեալ պետութիւնը փոխարինող դերակատարութիւն, որու համար ալ արդէն ազգայինները կաթողիկոսներուն տուին թագաւորներու յատուկ տիտղոսը, այսինքն «Վեհափառ» կոչումը:
(շար.2)