ՄԻՆՍԱՐ

Երբ «Ա­զատ Օր»ին մեր կող­մէն այս­պէս կնքուած՝ «­Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն»ը, այ­սինքն՝ ­Վազ­գէն Ե­սա­յեա­նը, Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նը եւ Ար­մէն ­Մա­նու­կեա­նը, յա­ւի­տեանս հանգս­տեան կո­չո­ւե­ցան, ա­նոնց փո­խա­րի­նե­ցինք մենք… «­Սա­տա­նա­նե­րու Եր­րոր­դու­թիւն»ը…
Մե­զի ալ այն­պէս կնքած էր ո­ղոր­մած հո­գի ­Կա­րօ ­Մի­նա­սեա­նը…
Ու­րեմն՝ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, թեր­թին մէջ սկսան լոյս տես­նել, զա­նա­զան «հիա­նա­լի՜» սա­տա­նա­յու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ ա­մէ­նէն սո­վո­րա­կա­նը, «ե­րե­ւա­կա­յա­կան խօսք­կապ»ե­րը եւ կամ ալ՝ «սուտ նշա­նա­խօ­սու­թիւն»ներն էին…
Ան­շուշտ այս թեր­թե­րէն եր­կու-ե­րեք օ­րի­նակ­ներ միայն կը տպէինք եւ ա­նոնց­մէ ալ մէ­կա­կան հատ, չա­փէն ա­ւե­լի մեծ զգու­շու­թեամբ, կ­‘ու­ղար­կէինք մեր կա­տակ­նե­րու խե՜ղճ զո­հե­րուն: ­Հատ մըն ալ կը պա­հէինք մեր «սա­տա­նա­յա­կան» ար­խի­ւին մէջ…
­Կա­տա­կը կը պատ­րաս­տո­ւէր հե­տե­ւեալ ձե­ւով…
­Նախ կը զա­տէինք մեր մօ­տիկ ըն­կեր­նե­րէն մէ­կուն եւ ո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար կը սկսէինք հեր­թա­բար ի­րեն գան­գա­տիլ ու այն­պէս մը ձե­ւաց­նել, որ իբ­րեւ թէ իր­մէ նե­ղա­ցեր էինք, ո­րով­հե­տեւ ին­քը մեզ­մէ գաղտ­նի, նշա­նա­խօ­սո­ւած էր այ­սինչ օ­րիոր­դին հետ…
­Խե՜ղճ տղան պա­տո­ւին վրայ եր­դում կ’առ­նէր, որ ա­սանկ բան եր­բեք չէր պա­տա­հած եւ որ ին­քը այդ են­թադ­րեալ նշա­նա­ծէն բնաւ չէր ա­խոր­ժեր եւ ար­դէն միայն ու միայն իր ա­նու­նը լսե­լուն, կը ջղայ­նա­նար…
Ո­րո՞ւն կ’ը­սես…
­Մենք կը շա­րու­նա­կէինք մեր խա­ղը, իբ­րեւ թէ ի­րեն չհա­ւա­տա­լով ու իր­մէ բա­ւա­կան նե­ղա­ցած ըլ­լա­լը ձե­ւաց­նե­լով…: ­Նոյ­նիսկ ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար ի­րեն ե­րես կը կա­խէինք…
Այս պատ­մու­թիւ­նը կը տե­ւէր քա­նի մը շա­բաթ…
Երբ կա­տա­կին ա­ռա­ջին մա­սը «յա­ջո­ղու­թեամբ» կը պսա­կո­ւէր, ան­մի­ջա­պէս կ­’անց­նէինք երկ­րորդ մա­սին…
Ինչ­պէս աս­կէ ա­ռաջ ու­րիշ ա­րի­թով մը ձե­զի պատ­մած եմ, այդ տա­րի­նե­րուն «Ա­զատ Օր»ը կը տպո­ւէր ձեռ­քով, այ­սինքն հատ-հատ, հին տպագրիչ մե­քե­նա­յով մը, ո­ղոր­մած հո­գի Խ­րիս­թոս ­Սե­րա­սի­սին կող­մէ…
Աս­տո­ւա՜ծ իմ, ինչ­քա՜ն ա­րագ ան­ցան տա­րի­նե­րը… մեր բո­լոր հին ըն­կեր­նե­րը «ո­ղոր­մած հո­գի»ներ դար­ձեր են այ­լեւս…
Ա՜խ, անխ­նայ ժա­մա­նակ… վեր­ջա­պէ՜ս…
Ու­րեմն, «Ա­զատ Օր»ի վեր­ջին է­ջէն, — (յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու եւ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու է­ջէն), — ո­րոշ բա­ժին մը հա­նե­լով, զայն կը փո­խա­րի­նէինք, բա­նէ բան­պա­կէ լուր չու­նե­ցող մեր՝ «մա­տաղ­ցու ոչ­խար» ըն­կե­րոջ «նշա­նա­խօ­սու­թեան» յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով, ո­րուն կը յա­ջոր­դէր նաեւ ա­ռա­տա­ձեռն նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու ցանկ մը…


­Հի­մա ձե­զի պի­տի պատ­մեմ, մեր ը­րած այս ձե­ւի վեր­ջին սուտ «նշա­նա­խօ­սու­թիւն»ը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր յա­ջոր­դող… ի­րա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը…
Մեր ծրագ­րու­մին հա­մա­ձայն, նախ զա­տե­ցինք մեր «զո­հը» ու վե­րի տո­ղե­րուն մէջ նկա­րագ­րո­ւած բո­լոր նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը վեր­ջաց­նե­լէ ետք, յա­ջոր­դա­բար տպե­ցինք, — (ե­րեք օ­րի­նակ միայն), — «Ա­զատ Օր»ին մէջ «լոյս տե­սած» են­թադ­րեալ «նշա­նա­խօ­սու­թեան» յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ այս ու­րախ ա­ռի­թով տե­ղի ու­նե­ցած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու ցան­կը, հե­տե­ւեալ ձե­ւով…

«ՆՇԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ»

«­Տէր եւ տի­կին Այ­սինչ Այ­սին­չեան եւ ­Տէր եւ տի­կին Այ­նինչ Այ­նին­չեան, այ­սու մեծ ու­րա­խու­թեամբ կը ծա­նու­ցա­նեն ի­րենց զա­ւա­կաց՝ ­Փա­նո­սի եւ ­Մաք­րու­հիի, — (ա­նուն­նե­րը ան­շուշտ պա­տա­հա­կան են),նշա­նա­խօ­սու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի… ե­ւայլն, ե­ւայլն…
«Այս ու­րախ ա­ռի­թով կը նո­ւի­րեն…»
«­Պա­րոն ­Փա­նոս Այ­սին­չեա­նի, — (գրո­ւե­ցաւ մեր «զո­հի»ն­ ա­նուն-մա­կա­նու­նը), — ընդ օ­րիորդ ­Մաք­րու­հի Այ­նին­չեա­նի, — (աղջ­կան ա­նուն-մա­կա­նու­նը), — նշա­նա­խօ­սու­թեան ու­րախ ա­ռի­թով կը նո­ւի­րեն…
«­Տէր եւ տի­կին, — («փե­սա­ցո­ւին» ծնող­քին ա­նուն-մա­կա­նու­նը), եւ տէր եւ տի­կին, — («հարսն­ցո­ւին» ծնող­քին ա­նուն-մա­կա­նու­նը), — ի­րենց զա­ւա­կաց նշա­նա­խօ­սու­թեան ու­րախ ա­ռի­թով կը նո­ւի­րեն, «Ա­զատ Օր»ի ֆոն­տին 1.000 տրախ­մի, — (մի զար­մա­նաք, այդ տա­րի­նե­րուն հա­զար տրախ­մին լաւ վճա­րո­ւող պաշ­տօ­նեա­յի մը լման ամ­սա­կանն էր), — Հ. Կ. ­Խա­չի չեմ գի­տեր ո՜ր մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան՝ 1.000 տրախ­մի»… եւ ա­սան­կով՝ «խնա­մի­նե­րուն» կող­մէ ե­ղած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն ցան­կը ա­նանկ մէկ երկն­ցաւ, որ գա­ղու­թին մէջ գոր­ծող՝ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն, ­Միու­թիւն կամ ­Հաս­տա­տու­թիւն գան­գա­տով չմնաց… բո­լորն ալ ստա­ցան ի­րենց ար­ժա­նի բա­ժի­նը… հե­տե­ւա՞նք… վեր­ջա­ւո­րու­թեան… նո­ւի­րո­ւած գու­մա­րը այն­քան մեծ ե­ղաւ, որ ա­նոր վճա­րու­մը գրե­թէ անհ­նար դար­ձաւ…
Ան­շուշտ այս «ու­րախ ա­ռի­թէն», չէինք կրնար բա­ցա­կա­յիլ մենք նաեւ… «փե­սա­ցո­ւին» մօ­տիկ ըն­կեր­նե­րը, ու մենք ալ մեր կար­գին ա­ռա­տա­ձեռ­նօ­րէն նո­ւի­րե­ցինք մեր «լու­ման»…
­Մեր ը­րած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն ցան­կին սկիզ­բը գրե­ցինք…
«Հր­ճո­ւած, խան­դա­վա­ռո­ւած եւ չա­փա­զանց յու­զո­ւած, որ ի­րենց սի­րե­լի ըն­կեր՝ պա­րոն ­Փա­նոս Այ­սին­չեա­նը, վեր­ջա­պէ՜ս ինք եւս յա­ջո­ղե­ցաւ «աղ­ջիկ» մը գտնել, պա­րոն­ներ, — (մեր ե­րե­քին ա­նուն­նե­րը), — կը նո­ւի­րեն»…
­Մեր նո­ւի­րած գու­մար­նե­րը այն­քան մեծ էին, որ վստահ եմ որ նոյ­նիսկ մին­չեւ այ­սօր, ե­թէ «Ա­զատ Օր» աշ­խա­տե­լու ըլ­լա­յինք, մեր այն օ­րե­րուն ա­ռած ամ­սա­կան­նե­րով, դժո­ւար թէ կա­րո­ղա­նա­յինք վճա­րել…
Այս մեր պատ­րաս­տած ե­րեք թեր­թե­րէն եր­կու հա­տը, տո­ւինք ո­ղոր­մած հո­գի ­Կա­րօ ­Ճա­մու­զեա­նին, — («Ա­զատ Օր»ի տա­րի­նե­րու ցրո­ւիչ, իր ըն­կեր­նե­րը կաղ եւ սաս­տիկ ճար­պիկ ըլ­լա­լուն, զին­քը «թօ­փալ սա­տա­նայ» կ­’ը­սէին), — եւ իր­մէ խնդրե­ցինք, որ ա­նոնց­մէ մէկ հա­տը տայ «փե­սա­ցո­ւին», իսկ միւսն ալ «հարսն­ցո­ւին»… սա­կայն զգոյշ… չըլ­լայ որ թեր­թե­րը սխալ տեղ իյ­նա­յին… պէտք էր որ մի­միայն ի­րենց յանձ­նել եւ ու­րիշ ոչ մէ­կուն…
Ու­րեմն ա­մէն բան ա­սանկ ա­ղո­ւոր մը «դա­սա­ւո­րե­լէ» ետք, սկսանք մտո­վի պատ­կե­րել մեր պատ­րաս­տած «սա­տա­նա­յու­թեան» հե­տե­ւանք­նե­րը, եւ ու­րախ-զո­ւարթ ի­րա­րու հետ կա­տա­կել…
­Գի­տէք ինչ կ­’ը­սեն…
«Աս­տո­ւած գո­ղը կը սի­րէ, բայց մէկ ա­ւե­լի՝ տան­տէ­րը կը սի­րէ»…
Չես գի­տեր ո՜ր չար բախ­տի բեր­մամբ, այդ օ­րը մեր «փե­սա­ցուն» դրա­մա­տուն գա­ցած ըլ­լա­լուն, խա­նու­թը գոց էր, ու խեղճ ­Կա­րօն թեր­թը կը նե­տէ խա­նու­թին դու­ռին տա­կէն…
­Կար­ծես այս­քանն ալ բա­ւա­կան չըլ­լար, խա­նու­թը կը բա­նայ «փե­սա­ցո­ւին» հայ­րը, ու թեր­թը վերց­նե­լով կը սկսի կար­դալ…
Տ­ղուն «նշա­նա­խօ­սու­թիւ­նը», ինչ­պէս նաեւ «ի­րենց» ը­րած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը կար­դա­լով, քիչ մնաց որ մար­դը… «ճալ­թա» ըլ­լայ…
Ու­րեմն հա­զիւ մեր ըն­կե­րը խա­նութ կը վե­րա­դառ­նայ, հօր եւ զա­ւա­կի մի­ջեւ կը ծա­գի «Եր­րորդ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը»…
Տ­ղան եր­դում կ­‘ը­նէ ու կը ջա­նայ հօ­րը հա­մո­զել, որ ան­պայ­ման ե­ղա­ծը թիւ­րի­մա­ցու­թիւն է…:
Ո­րո՞ւ կ’ը­սես… հայ­րը այն­քան ջղայ­նա­ցած է, որ խօսք չի լսեր ու չի հա­մո­զո­ւիր, վստահ ըլ­լա­լով որ մայր ու տղայ իր­մէ գաղտ­նի գործ տե­սած են…
Ճա­րա­հատ… ըն­կեր­նիս կը հե­ռա­ձայ­նէ տպա­րան, ա­ռանց որ մեր վրայ եր­բեք կաս­կա­ծե­լու:
Մենք իբ­րեւ թէ բա­նէ-բան­պա­կէ լուր չու­նե­նա­լով, մեծ դժո­ւա­րու­թեամբ կը զսպենք մեր խնդու­քը, ան­տե­ղեակ­նե­րը ձե­ւաց­նե­լով եւ ը­սե­լով, որ հրա­տա­րա­կո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը մե­զի հա­սած է «հարսնցո­ւին» ըն­տա­նի­քին կող­մէ…
­Բա­րե­կամ­նիս ի­րար ան­ցած, կը հե­ռա­ձայ­նէ խմբագ­րա­տուն եւ ­Վազ­գէ­նէն կը խնդրէ որ յա­ջորդ օ­րո­ւան թեր­թով, ան­պայ­ման «ճշդում» մը հրա­տա­րա­կո­ւի..
Նաեւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը յայտ­նէ, գնե­լու այդ օ­րո­ւան «Ա­զատ Օր»ի ամ­բողջ տպա­քա­նա­կը…
­Խեղճ ­Վազ­գէ­նը «կա­նո­նա­ւոր» թեր­թը կը թղթա­տէ, եւ ան­ցած-դար­ձա­ծէն լուր չու­նե­նա­լուն, բա­րե­կամ­նուս կ’ը­սէ որ սխալ կ­’ը­նէ, եւ որ թեր­թը նման բան մը չէ հրա­տա­րա­կած..­. Մեր բա­րի բախ­տէն, ա­ղէկ որ ըն­կեր ­Կա­րօ ­Մի­նա­սեա­նը խմբագ­րա­տունն էր, եւ հասկ­նա­լով ե­ղա­ծը, հար­ցը ան­մի­ջա­պէս կը կար­գադ­րէ…
Խն­դի­րը ե­թէ այս­քա­նով վեր­ջա­նար, ու­րախ պի­տի ըլ­լա­յինք…
Ե­կուր տես որ շա­րու­նա­կու­թիւն ալ կար…
Դժ­բախ­տա­բար, հար­ցը կ­’ի­մա­նան նաեւ «հարսնցո­ւին» ըն­կե­րու­հի­նե­րը, ո­րոնք այս «ու­րախ» պա­տա­հա­րը շնոր­հա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով, կը հե­ռա­ձայ­նեն աղջ­կան ծնող­քին…
­Քիչ մնաց որ «ճալ­թա» մը եւս պա­տա­հի… այս ան­գամ «խնա­մի­նե­րուն» հօ­րը կող­մէ…
­Հե­տա­գա­յին մէջ­տեղ ել­աւ, որ երկ­րորդ թեր­թը աղջ­կան տա­լուն, մեր խե­լա­ցի ­Կա­րօն, սխալ­մամբ տո­ւած էր աղջ­կան նման, նոյն ա­նուն-մա­կա­նու­նը ու­նե­ցող, ու­րիշ բա­ժա­նոր­դու­հիի մը…
­Վեր­ջա­բան…
Խն­դի­րը բա­ւա­կան կը լրջա­նայ ու կը հաս­նի «Ա­զատ Օր»ի վար­չու­թեան ըն­կեր­նե­րուն ա­կան­ջը…
­Կը պա­հան­ջո­ւի «­Սա­տա­նա­նե­րու Եր­րոր­դու­թեան» հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րուն խիստ ու օ­րի­նա­կե­լի պա­տի­ժը…
­Մենք… ե­րեք «մե­ղա­պար­տեալ­ներս»… ստի­պուած կը խոս­տո­վա­նինք մեր յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը…
­Հե­տե­ւանք…
ա.- Ա­ղո­ւոր մը վե­րէն-վար կը «լո­ւա­ցո­ւինք» ըն­կեր ­Կա­րօ ­Մի­նա­սեա­նին կող­մէ: — (­Խօս­քը մէ­ջեր­նիս, բա­րե­բախ­տա­բար մե­զի «լո­ւա­ցո­ղը» ըն­կեր ­Կա­րոն էր եւ ոչ թէ ու­րիշ վար­չա­կան ան­դամ մը… գո­նէ ըն­կեր ­Կա­րոն ա­նուշ կը «լո­ւար»)…
բ.- ­Նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրենք մեր ան­մեղ ըն­կե­րոջ, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց «խնա­մի­նե­րուն» ըն­տա­նի­քէն…
գ.- Ս­տո­րերկ­րեայ տպա­րա­նին մէջ եւ ի ներ­կա­յու­թիւն «Ա­զատ Օր»ի բո­լոր վար­չա­կան կազ­մի ըն­կեր­նե­րուն, մեր պա­տո­ւոյ խօս­քը կու­տանք, որ ան­գամ մը եւս նոյ­նան­ման «ան­համ» կա­տակ­ներ պի­տի չը­նենք…
­Շի­տա­կը… ա­ժան ա­զա­տե­ցանք…


Ո­րոշ ժա­մա­նակ ետք, երբ այս խնդի­րը գրե­թէ բո­լո­րո­վին մոռ­ցո­ւած էր, մենք դար­ձեալ «բեմ բարձ­րա­ցանք», բայց այս ան­գամ… «հա­մով» կա­տակ­նե­րով…
­Մի մոռ­նաք որ մենք խօս­տա­ցած էինք… ան­գամ մը եւս «ան­համ» կա­տակ­ներ չը­նել…
Ա­նանկ չէ՞ մը…


(*) «­Մեր» բա­ռը յօ­դո­ւած­նե­րուն խո­րա­գիր­նե­րուն սկիզ­բը, գոր­ծա­ծած ենք ան­վե­րա­դար­ձօ­րէն ան­ցած, այդ հի՜ն տա­րի­նե­րուն քաղցր յի­շա­տա­կին: ­Նաեւ ը­սենք որ յօ­դո­ւա­ծա­շար­քը կը վե­րա­բե­րի 1969էն — 1985 տա­րի­նե­րուն եր­կա­րող, «Ա­զատ Օր»ի պատ­մու­թեան մէկ չա­փա­զանց փոքր շրջա­նին:

15/06/2003
minsar55@gmail.com